Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութեան Նուաճած Միասնականութեան Հարուստ Կենսափորձը

September 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Առաջին անգամ չէ, որ հայ կեանքին սպառնացող հրատապ, վտանգաւոր ու ճգնաժամային կացութիւններու մէջ լիբանանահայութիւնը կը դրսեւորէ միասնական մօտեցում, միացեալ հարթակի վրայ կը կատարէ իր քննարկումներն ու արժեւորումները եւ կը բիւրեղացնէ աշխատանքային իր ուղենիշները:

Անթիլիասի մայրավանքէն, մի՛շտ ալ, հոգեւոր ու եկեղեցական աշխուժ գործունէութեան կողքին, կը ճառագայթեն համազգային պատգամներ ու համահայկական օրակարգերու առնչութեամբ տեղի կ՛ունենան միասնական ձեւաչափի քննարկումներ եւ առաջադրանքներու յստակացումներ, եւ այդ ճառագայթումը փաստօրէն կը տարածուի ամբողջ հայաշխարհին վրայ: Հետեւաբար, Անթիլիասի դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը չեն սահմանափակուած լոկ եկեղեցական ու կրօնական պարունակի մէջ, այլ իրաւա՛մբ ան դարձած է սփիւռքեան հիմնական կեդրոն, եւ անկէ լսուող խօսքն ու պատգամը իրենց անմիջական արձագանգումը կը գտնեն ամէնուրեք: Այս նուիրական գործընթացին մէջ անշուշտ մեծ է դերը Արամ Ա. վեհափառին, որուն համակող աշխուժութեամբ, պատասխանատուութեամբ ու շրջահայեացութեամբ յատկանշուող այդ իւրայատուկ դերակատարութիւնը այլեւս անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն է մեր իրականութեան մէջ:

Չորեքշաբթի երեկոյեան Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառի հրաւէրով ու հայ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ եւ համասփիւռքեան, համահայկական գործունէութիւն ծաւալող եկեղեցական, ազգային, քաղաքական, կուսակցական ու միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ կայացած համախմբումը վերեւ նշուած սահմանումին  նոր վկայութիւն մը դարձաւ անտարակո՛յս: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու Ազրպէյճանի կողմէ բռնազաւթման ու միջազգային օրէնքներու խախտումով ի գործ դրուած յարձակողապաշտ վարքագիծին դէմ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի դիմագրաւած ճգնաժամային կացութեան ի տես, լիբանանահայութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հայրապետին կողմէ սահմանուած օրակարգերու ծիրին մէջ ունեցան սրտբաց ու անկեղծ քննարկում, որուն հիման վրայ հանդիպումի աւարտին վեհափառին նախաձեռնութեամբ ու ժողովականներու ամբողջական հաստատումով հրապարակուեցան հանդիպումի որդեգրած ընդհանուր բանաձեւերը:

Այսպիսի հանդիպումներ վճռորոշ դերակատարութիւն կը ստանան մանաւանդ այս օրերուն, երբ հայրենի այսօրուան իշխանութիւնները տարբեր միջոցներով ու տարբեր վայրերու մէջ կը փորձեն սփիւռքի դերն ու նշանակութիւնը նսեմացնել եւ անոր մէջ պառակտումի մթնոլորտ սերմանել: Անոնք անհասկնալի ձեւով կը թիրախաւորեն սփիւռքեան աւելի քան դար մը կենսափորձ նուաճած կառոյցներ, կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ` առանց անդրադառնալու, որ այդ բոլորը ստեղծուած են համահայկական հենքի վրայ, եւ անոնց գոյութեան իմաստն ու նպատակը ուժեղ սփիւռքի մը պահպանման կողքին կ՛առաջադրեն այդ հզօրութիւնն ու դրամագլուխը ի սպաս դնել հայրենիքին ու մեր անկորնչելի համազգային իրաւունքներու վերատիրացման նուիրական աշխատանքին:

Դիւանագիտական, քաղաքական, կազմակերպչական ու հասարակական անփոխարինելի դրամագլուխ մը ստեղծած սփիւռքը այսօր Հայաստանի «նորարար» իշխանութիւններուն կողմէ կը նկատուի անհարազատ եւ բնականաբար այդ սփիւռքի համահայկական առաջադրանքներն ու մանաւա՛նդ անոր հետապնդած ազգային տեսլականները կը դիմաւորուին անտարբերութեամբ ու երբեմն ալ հեգնանքով: Աւելի՛ն, իրենց որդեգրած այս քաղաքականութեան մէջ Հայաստանի իշխանաւորները կը փորձեն սփիւռքին տալ նոր դիմագիծ եւ իրենց կողմէ տարբեր վայրերու մէջ դրածոյ ու լիազօրուած ներկայացուցիչներով ու  կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ստեղծումի ճիգով կը փորձեն սփիւռքը դարձնել անդիմագիծ ու հետեւորդ հաւաքականութիւն, որպէսզի կարենան իրենց նպատակներուն իրականացման համար այդ բոլորը ծառայեցնել իշխանութեան նեղ ու ինքնանպատակ հաշիւներուն:

Բնականաբար այսպիսի միամիտ փորձերու ու նախաձեռնութիւններու տարբեր ժամանակներու ու տարբեր պայմաններու մէջ հանդիպած ենք, սակայն առանց դիմադրութեան մեծ ճիգի այդ բոլորը յումպէտս մատնուած են ձախողութեան: Այսօրուան վարքագիծի ճակատագիրն ալ նոյնն է, սակայն ցաւալին այն է, որ փոխանակ օրուան հրատապ հնչեղութիւն ունեցող օրակարգերով զբաղելու, Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն իրենց ձախաւերութեան ծածկոյթ ապահովելու համար այսպիսի շինծու ու խաբուսիկ հնարքներու դիմել:

Սփիւռքը քաղաքական անշրջանցելի ու անփոխարինելի գործօն է եւ անոր հզօրացումով ու յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ պայմանաւորուած է նաեւ հայրենի պետականութեան ամրապնդումը, անոր դիւանագիտական ու ռազմական հզօրանքը եւ վերջապէս տնտեսական զարգացումը: Այդ հզօրանքը անհրաժեշտ է Հայ դատի պահանջատիրութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Այս բոլորին համար կասկածէ վեր է, որ սփիւռքը մի՛շտ ալ կարիքը ունի վերանորոգման, վերաթարմացման ու վերակազմակերպման, եւ այդ գիտակցութիւնը ամրագրուած կը մնայ սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Այս տարին` 2022 թուականը, վեհափառ հայրապետին կողմէ հռչակուած էր «Սփիւռքի տարի»: Այս նախաձեռնութիւնը պատգամող է եւ ժամանակի ու կացութեան անհրաժեշտութենէն բխած յանձնառութեան վաւերական դրսեւորում:

Չորեքշաբթի օրուան համախմբումի բանաձեւի կէտերուն մէջ ի շարս այլոց ընդգծուած էր հետեւեալ հրամայականը. «Մեր հայրենիքի դիմագրաւած այս վտանգաւոր իրադարձութիւններուն դիմաց խիստ հրամայական կը դառնայ համազգային միասնականութիւնը: Մեր բոլո՛ր` եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կառոյցները իրենց առաջնահերթ օրակարգին պէտք է վերածեն մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու մեր սահմաններու անսասանելիութիւնը»: Այս հաստատումին գործնական ապացոյցը մի՛շտ ալ ցոյց տուած է սփիւռքը, եւ այսօր կ՛ակնկալուի, որ սփիւռքի այս ըմբռնողութիւնը իր ամբողջական արժեւորումը գտնէ հայրենիքին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել հայութեան ու Հայաստանին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.