ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Յակոբ Աբրահամեանին մասին խօսիլը թէ՛ դաժան, եւ թէ դիւրին պարտականութիւն մըն է միաժամանակ: Դաժան է այն իմաստով, որ տակաւին քանի մը շաբաթներ առաջ, Լիզպոնի 39-ամեակին նուիրուած «Վանայ ձայն»-էն սփռուած յատուկ յայտագիրին ընթացքին ան կ՛անդրադառնար իր նահատակ եղբօր` Սագօ Աբրահամեանի նկարագիրին, արժանիքներուն եւ անոր հետ ունեցած իր յիշատակներուն: Ոչ ոքի մտքին ծայրէն իսկ կ՛անցնէր, որ ընկեր Յակոբը քանի մը շաբաթներ ետք, այսքան վաղաժամ, պիտի միանար իր կրտսեր եղբօր: Իսկ դիւրին պարտականութիւն է այն իմաստով, որ Յակոբ Աբրահամեանին մասին խօսիլը բարդ բառերու եւ ճոռոմ նախադասութիւններու չի կարօտիր, այլ` անոր նկարագիրին նման պարզ, հեզ ու ինքնաբուխ բառերու:
Պատանի հասակէն իսկ ան կը նուիրուի ՀՅ Դաշնակցութեան սուրբ գաղափարին: «Արագած» ակումբի շուքին տակ, ապա ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան` ԶՈՄ-ի շարքերուն մէջ կ՛ունենայ բեղուն գործունէութիւն, յատկապէս իրեն շատ սիրելի ԶՈՄ-ի օտարալեզու բանբեր «Zavarian Review»-ի մէջ` իբրեւ յօդուածագիր եւ վարչական ներկայացուցիչ, առանց շրջանցելու իր համեստութեան սահմանները, որոնք աւելի սեղմ էին, քան իր կարողութեան սահմանները:
ԶՈՄ-ի շարքերուն մէջ ան ծանօթացաւ իր ապագայ կեանքի ընկերոջ մեթր Իզապէլին, եւ անոր հետ շուրջ 30 տարիներ առաջ կազմեց հայկական բոյն մը, որ վերստին կեանքի կոչեց իր նահատակ եղբօր Սագոյի յիշատակը: Անկէ առաջ ծնած էր նաեւ իր հպարտութեան աղբիւր «Տոքթոր Լոռին», ինչպէս որ գրած էր ան իր Դիմատետրի էջին վրայ: Այդ մէկը հազուագիւտ անգամներէն էր երբ Յակոբ Աբրահամեան հպարտ էր:
Ընտանեկան բոյնը սակայն հեռու չպահեց զինք աւելի մեծ ընտանիքէն` ՀՅ Դաշնակցութենէն եւ ակումբէն: ՀՅԴ-ի Շրջանային ժողովներէն թէ Կեդրոնական կոմիտէի մարմիններէն իրեն համար ամէնէն սիրելիները` կազմակերպական եւ հաշուական-տնտեսական մարմիններն էին, որոնց մէջ ան կը տեսնէր կուսակցութեան գոյատեւման եւ հզօրացման գրաւականը: Իսկ ազգի մը գոյատեւման եւ հզօրացման երաշխիքը Յակոբ Աբրահամեան կը տեսնէր հայ մշակոյթի պահպանման մէջ, եւ անոր համար է, որ մաս կազմեց Համազգայինին եւ ապա դարձաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ հաշուապահ:
Ան վարեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հաշուապահի պաշտօնը` մնալով միշտ տիպար հայ եւ տիպար մարդ: Հայ եկեղեցւոյ մէջ ան տեսաւ հայու հոգեկան հարստութեան աղբիւրը: Ծառայեց եկեղեցւոյ եւ տարիներ շարունակ մաս կազմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմի առաջնորդարանի քաղաքական մարմինին, ինչպէս նաեւ` տնտեսական յանձնախումբին:
ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Համազգայինի Լիբանանի մեծ ընտանիքին անունով ցաւակցութիւններ` Յակոբ Աբրահամեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն:
Ընկեր Յակոբին մարմինը հողին կը յանձնուի իր նահատակ եղբօր Սագոյէն քանի մը քայլ անդին` «Վէրքերով լի ջան ֆետայ եմ» երգելով:
Թող հողը թեթեւ գայ ընկեր Յակոբի եւ անոր նման ննջեցեալ տիպար դաշնակցականներուն վրայ: Թող անոնք ննջեն հանգիստ, մինչեւ որ ժամանէ այն պահը, երբ երկնային զանգերը կը ղօղանջեն եւ կը կանչեն «Զարթի՛ր, լաօ»:
* Դամբանական` ՀՅԴ-ի Լիբանանի ընտանիքին անունով արտասանուած:


