Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նայեցէ՛ք Անոր Դէմքին

Սեպտեմբեր 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Նախորդ օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ սկսան տարածուիլ լուսանկարները այն հայուհիին, որ կը ծառայէր հայոց բանակին մէջ, եւ որ հերոսաբար կռուելէ ետք գերի ինկած, խոշտանգման ենթարկուած ու նահատակուած էր: Նշենք, որ մինչեւ այս պահը տանջանքներու ենթարկուած հայուհիին անունը չէ յայտարարուած. սակայն, ինչպէս աւելի կանուխ, զինուած ուժերու շտապի պետը յայտարարած էր, թէ յստակ է, որ ան զինուորական է եւ գերեվարուած է ազրպէյճանական ուժերու կողմէ, որոնք բազմաթիւ տանջանքներու ենթարկելէ ետք սպաննած են հայուհին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Աշոտ Բագրատունիի ուշագրաւ գրառումը` անգլերէնէ հայերէնի թարգմանուած:

Տեսէ՛ք, նայեցէ՛ք անոր դէմքին: Այս այն գինն է, որ մենք կը վճարենք, եւրոպացինե՛ր, ձեր կազին համար… Յիշեցէ՛ք զինք եւ կրկնեցէք անոր անունը, երբ հանգիստ կը նստիք ազրպէյճանական կազով բանող վառարանի եւ տաքացուցիչի կողքին: Բարձրաձայնեցէ՛ք անոր անունը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք…

Յիշեցէ՛ք զինք, երբ կ՛ոգեւորուիք ՕԹԱՆ-ի ձեր դաշնակիցներու անօդաչու թռչող սարքերով, որոնք կը թռչին ձեր երկինքին վրայ: Ողջակիզումի յիշատակի յաջորդ օրը յիշեցէ՛ք, որ ձեր իսրայէլեան արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարքերն էին, որոնք պատճառ դարձան այս վայրագութեան:

Երբ կը շրջիք Մարմարիսի եւ Անթալիոյ մէջ, յիշեցէ՛ք, որ ձեր թրքական օդանաւային տոմսը վճարուած է ասոր համար: Թող ան խորապէս մտահոգէ ձեզ, թող ձեզի պատմէ ձեր երկերեսանի ըլլալու դառն ճշմարտութեան մասին:

Յոյսով եմ, որ ձեր երեխաները կը տեսնեն: Յոյսով եմ, որ ձեր կիներն ու ընտանիքները կը տեսնեն: Յոյսով եմ, որ անոնք կը տեսնեն, թէ ի՛նչ հրէշաւոր ձեռքեր կը սեղմէք Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի ձեր հանդիպումներուն ընթացքին, երբ ձեր սեփական ջերմութեան համար կը ստորագրէք այս հայուհիի կեանքի աւարտին համար…

Չէք ուզեր ըսել անոր անունը, չէք ուզեր այս տեսնել, չէք ուզեր, որովհետեւ գիտէք, որ պատասխանատու էք: Թող անոր աչքերուն քարերը ցոյց տան, թէ ի՛նչ կ՛արժէ մեր վրայ ազրպէյճանական կազը: Անոր բերնին մատները ուղղուած են ձեզի, ձեր թաւշեայ յեղափոխութեան, ձեր 600.000 քուէներուն եւ ձեր  «խաղաղութեան դար»-ուն…

117 տարիէ իմ ժողովուրդս կը կոտորուի եւ կ՛անդամահատուի, մինչ դուք կը կառուցէք ձեր գնացքի գիծերը, ձեր մետաքսի ճանապարհները, ձեր համեմունքներու ճանապարհները եւ «կը սնուցանէք» Եւրոպայի ձեր «Հիւանդ մարդը»…

Դո՛ւք էք հիւանդները: Ձեր սեփական աչքերով տեսէ՛ք, թէ ձեր գործարքները ի՛նչ կորուստներ կը պատճառեն մեզի: Ըսէ՛ք անոր անունը, թող իւրաքանչիւր տղամարդ, կին ու երեխայ տեսնէ, որ 21-րդ դարու մէջ, ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ կին մը կը բռնաբարուի, կը կիսագլխատուի, կը դանակահարուի, աչքերը տեղէն հանուելով` քարով կը փոխարինուին, մատները կտրուելով կը դրուին անոր բերնին մէջ պաշտօնական բանակի, աշխարհակարգի անդամ բանակի կողմէ, Եւրոպայի «փրկիչին» հրամանով ձեզի կազ հայթայթող Ազրպէյճանի կողմէ:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցականի Առաջնահերթութիւնը Այսօր

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?