Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմի Քաղաքականութիւն

September 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստան մտաւ պատերազմի իրավիճակի մէջ: Կրնայ ըլլալ, որ այս իրավիճակը շարունակական ըլլայ, կրնայ ըլլալ, որ այս իրավիճակը երկարի, կրնայ ըլլալ ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւնը վատ անդրադարձներ ձգէ ժողովուրդին, բանակին եւ քաղաքական կեանքին վրայ:

Հայաստան` տարածաշրջանի փոթորիկին մէկ մասը ըլլալով, կը թուի, որ դժուար տարիներու հորիզոնի մը դէմ յանդիման է, ուստի ազգովին պէտք է իրազեկ եւ պատրաստ ըլլանք այս իրողութեան:

Փաստօրէն, մարտունակ բանակի պահուածքը եւ միջազգային նեցուկը միասնաբար կասեցուցին զինեալ գործողութիւնները կամ աւելի ճիշդը զինադադարի յանգեցուցին այս փուլը:

Սակայն ընդհանուր վերադասաւորման, վերաթափանցման եւ վերանայման պատճառները ակնյայտ են եւ ընդգծուած:

Պատերազմի ճնշումի եւ վախի տակ բանակցութիւնները միշտ ալ լաւ եզրակացութիւններու չեն հասնիր:

Պատերազմը պէտք չէ կասեցնէ բանակազինումը, բանակի մարտունակութիւնը, բանակի հզօրացումը:

Պատերազմը աւելի մեծ ճիգով եւ լարուածութեամբ պէտք է պահէ Հայաստան-սփիւռք կապը:

Պատերազմը պէտք է մղէ, որ աւելի մեծ զոհողութիւններով եւ աշխատանքներով գործեն առողջապահութեան, ելեւմուտքի, ընկերային հարցերու, պաշտպանութեան, կրթութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները:

Ազգովին հրաւիրուած ենք արթուն մնալու, զգօն պահակը ըլլալու մեր հայրենիքին: Կարեւոր չէ Հայաստան կ՛ապրինք թէ Աւստրալիա, Լիբանան թէ Քանատա: Այսօր պատերազմի մէջ ենք: Ո՛չ խաղաղութեան համաձայնագիր կայ, ոչ ալ տրամադրութիւն: Շրջանային ու միջազգային տակնուվրայ վիճակին մէջ թուրք-ազերիական ճիգն ու ծրագիրները` յաւելեալ ձեռքբերումներ ունենալու, անպակաս պիտի ըլլան:

Ռուսիոյ անորոշ, ոչ յստակ դիրքորոշումը տեղ-տեղ պիտի նպաստէ թշնամիին: Եւրոպայի կազի եւ տնտեսական տագնապը պիտի ստեղծէ աչք խփելու որոշ դիրքորոշումներ: Միացեալ Նահանգներու միջամտութիւնները, ինչպէս միշտ, փափաքի եւ մաղթանքի սահմաններուն մէջ պիտի մնան:

Մե՛նք միայն:

Մենք` Հայաստան-սփիւռք մեր միացումը, մեր մէկութիւնը, մեր անքակտելի գործակցութիւնը, մեր անվերապահ զօրակցութիւնը միայն հայրենի ժողովուրդին ուժ եւ կորով կու տայ տոկալու, դիմանալու, զօրանալու: Հայրենիքը իշխանութիւն չէ՛: Հայրենիքը հող, ջուր եւ օդ է՛: Մենք պէտք է հաւատանք հայրենիքի գոյատեւման ու յարատեւման  եւ այդ լարուածութեամբ ու զգաստութեամբ աշխատինք բոլորս:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութիւնը Կը Դատապարտէ Լրագրողներու Նկատմամբ Ոտնձգութիւնները

Յաջորդը

Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Գինը

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

October 5, 2026
Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը
Անդրադարձ

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը

October 5, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեան.    Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի
Անդրադարձ

Լիւսի Թիւթիւնճեան. Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.