ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Անհուն կսկիծով, սրտի մորմոքով ու արցունքով կ՛արձանագրեմ այս տողերը Յակոբ Աբրահամեանի անմահ յիշատակին:
Տխուր եմ: Այո՛, տխուր: Տխուր, որովհետեւ կորսնցուցինք համեստ, անշահախնդիր, առաքինի հայր մը, ամուսին մը, քեռայր մը, հարազատ մը եւ ընկեր մը:
Այսօր բոլորը` մեծով ու պզտիկով, իրենց սրտին խորերէն եւ արցունքներուն ամէնէն դառն ու տաք շիթերով կու լան ետեւէդ, կու լան անվերադարձ մեկնումդ… աննման ընկ. Յակոբ:
Դուն ուրիշ գաղտնիք մը ունէիր, ուրիշ հրապոյր, ուրիշ զօրութիւն: Դուն դաշնակցական եւ համազգայնական ըլլալէ առաջ ՄԱՐԴ էիր` մարդկային արժէքներու ազնուագոյն յատկութիւններով լուսազարդուած: Դիրքերն ու փառքերը չկրցան շուք ձգել քու անսահման բարութեանդ, պարզութեանդ, համեստութեանդ վրայ: Ընդհակառակն, քու գրաւած պաշտօններդ արժեւորեցիր գաղափարապաշտ մարդու ճառագայթող գիտակցութեամբ:
Այժմ երանութեան մէջ հանգչող մեր սիրելի Յակոբը իր ամբողջ կեանքով ինքզինք դրսեւորեց որպէս ազնիւ եւ վեհ ՀՈԳԻ մը: Իր հոգին անհաղորդ էր չարին: Անհուն բարութեամբ, ներողամտութեամբ եւ անյիշաչարութեամբ օժտուած էր անիկա:
Դուն եղար պայծառ ՄԻՏՔԻ տէր անձ մը: Մտածումներուդ մէջ եղար միշտ յստակատես ու անկեղծ: Քու գաղափարներդ արտայայտեցիր յստակօրէն, ուղղակիօրէն, առանց քողի եւ մշուշի: Կացութիւններու առջեւ միշտ խոհական, հանդարտ կեցուածք մը ունէիր: Չէիր տարուեր արագ, հապճեպ տպաւորութիւններով: Գիտէիր հարցերը հանդարտօրէն քննել եւ յստակ լուծումներու հասնիլ: Ամէն բանի մէջ լաւատես էիր շարունակ: Երկար տարիներ ստանձնեցիր ազգային պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ եւ զանոնք արժեւորեցիր ողջամիտ տեսակէտներով, քաջարի եւ արդարակորով կեցուածքով:
Դուն հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակը եղար: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս Համազգայինի բոլորանուէր, ամբողջանուէր սպասարկուն եղար, որովհետեւ քեզի համար այս երկու արժէքները մէկ էին եւ անբաժանելի:
Շատ է թիւը անոնց, որոնք գիտունի, իմաստունի կամ փիլիսոփայի համբաւ կը շահին, բայց շատ քիչ է եւ հետզհետէ աւելի քիչ կը դառնայ անբասիր մարդու կոչումով մա՛րդը բարձրացնող անուններու թիւը:
Եւ այսօր համայն ազգականներդ, ընկերներդ ու բարեկամներդ քու քաղցր անունիդ, քու ծաղկուն յիշատակիդ բոյրով տոգորուած` չեն ուզեր հաւատալ, չեն կրնար հաւատալ, որ դուն չկաս:
Պիտի չուզէի հաւատալ չարագուշակ այն հեռախօսազանգին, զոր ստացայ: Պիտի չկարենամ հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ մեզի համար այնքան սիրելի ընկ. Յակոբը առյաւէտ բաժնուած է մեզմէ:
Դուն մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուեցար, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ պիտի ապրիս: Պիտի ապրի՛ս մեր յիշատակներուն, սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, կարօտով պիտի փնտռենք ժպիտդ, խանդավառութիւնդ ու եռանդուն կատակներդ, սակայն պիտի զգանք լուռ ներկայութիւնդ:
Մնա՛, ընկ. Յակոբ, մնա՛ մեր մէջ միշտ` քու հոգիիդ անսպառ բարութեամբ, քու դէմքիդ սրտագրաւ քաղցրութեամբ, քու նայուածքիդ վարակիչ սիրով:
Մնա՛, աննման ընկեր, մնա՛, մի՛ մեկնիր…
Արցունք եւ խունկ յիշատակիդ, լո՛յս անմահ հոգիիդ, յաւերժական հանգիստ ոսկորներուդ:
Սիտնի


