Քնեսեթի Իսկական Դերը Ներկայ Խաղին Մէջ
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ 6 յուլիս 2026 թուակիր իմ յօդուածով («Ռէալփոլիթիքը Իր Իսկական դիմագծով») հարցականի տակ կ՛առնէի Քնեսեթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման հաւանականութիւնը եւ ճանաչման վերաբերեալ իսրայէլեան կառավարութեան վերջին նախաձեռնութիւնները կը կապէի վարչապետ Նեթանիահուի մարտավարական դիտաւորութիւններուն, առնչուա՛ծ` թուրքեւիսրայէլեան ներկայ առճակատման: Այսօր, Քնեսեթի յանկարծական շրջադարձէն ետք, համաշխարհային մամուլը հրապարակը ողողած է մէկ նոր խօսոյթով: Մեզի կ՛ըսուի, թէ Քնեսեթի գործողութիւնը փուլ եկաւ Պաքուի...



















