Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Օղակը Կը Սեղմուի Լիբանանեան Բանակին Շուրջ (81-Ամեակ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կը յիշեմ, որ լիբանանեան բանակին նուիրուած վերջին գրութիւնս կը կրէր 2022 թուականը: Պոռթկումի, ընդվզումի եւ մտատանջութեան արտայայտութիւն մըն էր, պարզապէս որովհետեւ Լիբանան կոչուած երկիրը մատնուած էր ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական քաոսային վիճակի մը, այն աստիճան, որ պետութիւնը հազիւ թէ կարենար ապահովել պետական պաշտօնեաներու ամսականները: Ընդգծել է պէտք, որ ցարդ նոյնն է վիճակը` խայտառակ եւ խառնափնթոր: Այդ ատեն, աւելի...


















