Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Տգիտութեան Զոհը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Արդէն ամիսներ անցած են Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած պատերազմներէն, եւ բոլորս յոյսով կը սպասենք, որ մեծ պետութիւնները իսկապէս հասնին վերջնական լուծումի մը, որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի շրջանի բոլոր երկիրներուն մէջ: Այդ երկիրներէն շատեր արդէն տասնամեակներ շարունակ զրկուած են խաղաղ կեանքէ եւ կայունութենէ: Պատերազմներու եւ քաղաքական բախումներու ընթացքին մեծագոյն զոհը միշտ ժողովուրդը եղած է: Ան  իշխանութիւններու հաշիւներուն մէջ յաճախ...

Բանալիները` Տունդարձի Երաշխիք

Բանալիները` Տունդարձի Երաշխիք

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ Տարիներ անցած էին Ամերիկա փոխադրուելէս, երբ օր մը, Քալիֆորնիոյ հազուադէպ ցուրտ օրերէն մէկուն ընթացքին, Հալէպէն եկած անգործածելի վերարկուս կարօտով հագուեցայ: Տաքուկ զգացողութիւն մը եկաւ վրաս, բայց նաեւ ծանրութիւն մը զգացի: Գրպաններս ստուգեցի, եւ թեւին վրայ գտնուող գրպանէն բանալիներու տրցակ մը ելաւ: Պահ մը սառած հայեացքով նայեցայ անոնց: Հալէպի բանալիներս էին, հետս գաղթած ու եկած էին նոր աշխարհ: Հիմա...

Գրական Ակնարկ.  Ալիսիա Կիրակոսեանի Գրականութիւնը

Գրական Ակնարկ. Ալիսիա Կիրակոսեանի Գրականութիւնը

ԳՐԻՇ ԴԱՎԹԵԱՆ Սպանահունչ այն հռչակուած բանաստեղծուհին է, որ գրաւած լինելով սպանախօս ժողովուրդների սիրտը եւ արժանացած լինելով բազմաթիւ մրցանակների ու մեծարանքների, նախ թարգմանաբար, ապա արդէն հեղինակաբար հնչում է հայաղօղանջ: Նրա բանաստեղծութիւնները սպաներէն, ապա անգլերէն, նաեւ ստեղծագործուեցին հայերէնով: Դա մեծ տեղաշարժ էր հեղինակի ու հայ ընթերցողի փոխյարաբերութեան մէջ, ըստ որում, դա սկսեց տեղի ունենալ թարգմանչի չմիջնորդուածութեամբ, այլ ուղղակի, հեղինակային հայերէնով, որպէս ստեղծագործութիւն:...

Ազգային Ինքնագիտակցութեան Եւ Գոյութեան Տրամաբանութիւնը. Պատմական Յիշողութեան, Ինքնութեան Եւ Խորհրդանիշների Պահպանման Պայքար

Ազգային Ինքնագիտակցութեան Եւ Գոյութեան Տրամաբանութիւնը. Պատմական Յիշողութեան, Ինքնութեան Եւ Խորհրդանիշների Պահպանման Պայքար

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Կան պահեր, երբ հասարակական կեանքի առանձին դրուագները դադարում են լինել պարզապէս ընթացիկ քաղաքական իրադարձութիւններ եւ վերածւում են աւելի խորքային գործընթացների արտայայտութեան: Այդպիսի պահերին տեղի ունեցողի իրական նշանակութիւնը հասկանալու համար անհրաժեշտ է դուրս գալ օրուայ քաղաքական առօրեայի շրջանակներից եւ փորձել տեսնել այն գաղափարական, արժէքային եւ պատմական շերտերը, որոնք թաքնուած են արտաքին երեւոյթների հետեւում: Վերջին օրերին Ֆրանսայի հրապարակում Արցախի դրօշի...

Սթափելու Ժամանակը

Գիտէ, Բայց Չէ Տեսած

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամէն հինգշաբթի, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճեպազրոյց կ՛ունենայ լրագրողներու հետ: Հինգշաբթի, 9 յուլիսի ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողները բնականաբար անոր հարցուցին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ձերբակալման եղանակին մասին: Արդարեւ, մինչ Գագիկ Ծառուկեանը որեւէ ընդդիմութիւն ցոյց չէր տար, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնեաները զայն գետին տապալեցին: Փաշինեան յայտնեց, որ չէ տեսած այդ պատկերը, եւ թէ չունի մեկնաբանութիւն:...

Գրախօսական.  «Հայ Եկեղեցին Ժամանակի Մարտահրաւէրների Դիմաց». Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Գրախօսական. «Հայ Եկեղեցին Ժամանակի Մարտահրաւէրների Դիմաց». Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

ԳԱՅԻԱՆԷ ԹԷՐԶԵԱՆ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գիտաշխատող Դոկտ. Աբել քհն. Մանուկյան, «Հայ եկեղե­ցին ժամանակի մարտահրավերների դի­մաց», Երևան, 2026, 168 էջ: Աստուածաբանութեան եւ քրիստոնէական փիլիսոփայութեան դոկտոր Աբէլ քհնյ. Մանուկեանն ընթերցողների դատին է յանձնել իր նոր` «Հայ եկեղեցին ժամանակի մարտահրաւէրների դիմաց» աշխատութիւնը: Աշխատութիւնն ընդգրկում է նաեւ տարբեր տարիներին այս բնաբանով հեղինակի հրատարակած մի քանի յօդուածներ: Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի սոյն գիրքն ունի...

Անգործ Մարդուն «Գործը»

Անգործ Մարդուն «Գործը»

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Ո՞ր մէկ ծովուն մէջ ըլլալդ գիտնալու չափ կարեւոր է նաեւ դէպի ո՞ւր նաւելդ, այլապէս անորոշութեան պիտի մատնուիս, եւ շատ հաւանական է, որ անդնդախոր տեղ մը ընկղմիս, ու կորսուիք դո՛ւն եւ նաւդ: Ծովահէններուն գործը աւազակութիւն էր, որոնք թէպէտ ներկայ օրերուն չկան իրենց հնամեայ տարազներով, սակայն ծովու ճամբով իրենց երկրէն փախչողներուն եւ այլ երկիրներու ծովափները հասնողներուն տեսարանները քիչ մը...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Ողջերթ Եւ Բարի Գալուստ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչներուն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անցնող յունիս ամսու 24-ին, քեսապահայութիւնը ժամադրուած էր ողջերթ` բարի երթ, բարի ծառայութիւն յայտնելու Քեսապի մէջ 2,5 տարիէ իբրեւ հոգեւոր տեսուչ ծառայած Եսայի վրդ. Էօրտէքեանին, միաժամանակ` բարի գալուստ մաղթելու նորանշանակ հոգեւոր տեսուչին` Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանին: Անշուշտ պահը հոգեպարար էր, որովհետեւ Քեսապի մէջ քաղցր ծառայութիւն կատարած հայր Եսային յաջողած էր ամուր տեղ գրաւել քեսապահայութեան սրտերուն մէջ, մանաւանդ որ այդ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Ժողովուրդին Կոչը` Պետականութիւնը  Ամէն Իշխանութենէ Վեր

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ժողովուրդին Կոչը` Պետականութիւնը Ամէն Իշխանութենէ Վեր

ՀՐԱՅՐ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ Յարգելի՛ ընթերցող, Այսօր մեր առջեւ դրուած է ոչ միայն քաղաքական հարց մը, այլ նաեւ` ազգային գոյութեան եւ պետական արժանապատուութեան գերխնդիր մը: Պետութիւն մը կը կառուցուի ոչ միայն սահմաններով ու պաշտօնական կառոյցներով, այլ` ժողովուրդին վստահութեամբ, ազգային համերաշխութեամբ եւ ղեկավարութեան պատասխանատուութեամբ: Լիբանանի օրինակը կարեւոր դաս մը կրնայ ըլլալ բոլորիս համար: Երկիր մը, որ տասնամեակներ շարունակ ապրած է պատերազմներու, ներքին բաժանումներու,...

Եւ Կրկին Եկաւ Վիգէն Դարբինեանը Երգելու Մեր Մէջ  (Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տուած Ելոյթին Առիթով)

Եւ Կրկին Եկաւ Վիգէն Դարբինեանը Երգելու Մեր Մէջ (Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տուած Ելոյթին Առիթով)

ՎԱՂԻՆԱԿ Կան արուեստագէտներ, որոնք երգեր կը կատարեն, եւ կան անոնք, որոնք տարիներու ընթացքին կը կերտեն իրենց սեփական երաժշտական ինքնութիւնը: Վիգէն Դարբինեանը այդ երկրորդ տեսակին կը պատկանի: Անոր երաժշտական տեսլականին գլխաւոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ հայկական ժողովրդական եւ ազգային երգերը կը ներկայացնէ ժամանակակից արեւմտեան երաժշտական մշակումներով` խնամքով պահպանելով անոնց հայկական կշռոյթը, շունչը եւ էութիւնը: Արդիւնքը երաժշտական ոճ մըն է, որ կը...

Ատիս Ապեպայի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին` Յոյսի Եւ Յաղթութեան Կոթող…

Ատիս Ապեպայի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին` Յոյսի Եւ Յաղթութեան Կոթող…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ Ատիս Ապեպայի մէջ եմ… Կիրակի առաւօտեան խաղաղ է Եթովպիոյ մայրաքաղաքը, ուր կեանքի կշռոյթը ինքնուրոյն է եւ, անշուշտ, տարբեր` ընդհանրապէս ընկալուածէն կամ պատկերացուածէն: Առաջին անգամ կ՛այցելեմ Ափրիկէ` հին աշխարհի սեւ ցամաքամասը: Իմ իջեւանած պանդոկս լայն պողոտայի մը վրայ է: Սենեակիս պատուհանն ալ կը բացուի անոր վրայ. ճիշդ դիմացը կայ զբօսարան մը, որ եռուն է գիշերուան ժամերուն: Կիրակի առաւօտ նախորդած...

Կեանքիս Դպրոցներէն Մէկը` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղը*

Կեանքիս Դպրոցներէն Մէկը` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղը*

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՀՄԸՄ-ը մանկութեանս ու պատանեկութեանս էջերուն մէջ վերացական մնայուն ներկայութիւն հանդիսացած է, հեռուէն նայած եմ անոր` իբրեւ հպարտալի միութեան, իբրեւ մայիսեան փառատօներուն լիբանանահայ տարբեր սերունդներ իր շուրջ համախմբած եւ զանոնք խրոխտ քայլերով տողանցքի մղած միութեան, Մայիս 28-ին Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ դրօշակի արարողութեան մասնակիցներուն տարազներուն վրայ զետեղուած անունի, մարզական տարբեր նուաճումներ արձանագրող կառոյցի, որուն յաղթանակներուն կը սպասեն մեծն...

Վտանգը

«Աստուած Իմ, Գոհարեղէ՜նս»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Յաճախ թերթերու կտրօններ մէկ կողմ կը դնեմ առիթով մը անդրադառնալու համար անոնց: Գրասեղանիս տարբեր անկիւնները կը դիզուին անոնք` կարգի սպասելով: Կը մոռցուին ալ: Այս մէկն ալ անոնցմէ մէկն էր, որ յանկարծ վերյիշեցի ուրիշ բան որոնած ատենս: Վերեւի նոյն այդ վերնագիրով Ժան-Ֆրանսուա Նատօ կը գրէր Փարիզի Լուվրի թանգարանէն անցեալ տարի գոհարեղէնի կողոպուտին յարուցած աղմուկին մասին: Ճիշդ է, կ՛ըսէր ան, ուշագրաւ...

Փաշինեանը, Էրտողանն Ու Ալիեւը Դժգոհ Են Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն

Փաշինեանը, Էրտողանն Ու Ալիեւը Դժգոհ Են Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ 28 յունիս 2026-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը տարաբնոյթ արձագանգներու արժանացաւ: Ահա՛ քանի մը հիմնական իրողութիւններ` յստակացման համար: Տասնամեակներու ժխտողականութենէ եւ խուսանաւումներէ ետք, Իսրայէլի կառավարութիւնը վերջապէս հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութեամբ: Այս երկարատեւ ուշացումը ամօթալի եւ անբարոյական էր, յատկապէս` ժողովուրդի մը համար, որ ինքն ալ զոհ գացած էր ցեղասպանութեան: Կացութիւնը վատթարացնելով, Իսրայէլի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ մեղսակից...

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ. Իր «Երկրորդ հաւասարում…»-ին մէջ Քիւրքճեան Լիւքսամպուրկի «մեծ աւազանէն ոչ հեռու», Անն Պրըթանէի արձանին տակ Վ. Պետրոսեանի «Հաւասարում»-ին իր ընթերցումը յիշելէ քիչ անդին` գրած է. «… քառուղի մըն է Լիւքսամպուրկի պարտէզը: Փարիզեան առօրեայի այս ցուցահանդէսէն կը մեկնին զանազան ուղղութիւններ: Եւ այդ ուղղութիւնները նոյնիմաստ են փարիզահայ ընկերոջս (Շարլիին) եւ իմ` պէյրութահայ ուսանողի ակնարկներուն տակ…»: Յիրաւի, սփիւռքը պարտէզ մըն...

Ծառը

Զրոյց Մեծն Տէրեանի Հետ

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Բարե՛ւ, Մե՛ծդ, Կը դեգերիմ աշունաբոյր խոհական անդաստանիդ մէջ անծայր, ծալքերուն մէջ թաքնուած, ես կ՛որոնեմ թախծախիտ աշխարհներդ հրաբորբ, որոնք ալեակ առ ալեակ կեանքիդ ափը կ՛ափլիզեն կը տարածուին կազմելով երկնակամարը խոհերուդ գերզգայուն զեփիւռներու համբոյրով... Դալուկ շունչը աշունիդ երանգներու իր բոյրով խորհուրդներու տարափով կեանքի պահերն կ՛օրհներգէ... Առանձնութեան խոհերդ կը շշնջան` «Արածներիդ համար երբեք չես ասելու ախ ու ափսոս,- Չարածներիդ համար պիտի...

Գէորգ Հաճեան` Հայ Մշակոյթի Անլռելի Ղօղանջը Եւ Հայրենիքի Սրբազան Բագինի Նահատակը  (Գէորգ Հաճեանի Ծննդեան 55-Ամեակին Առիթով)

Գէորգ Հաճեան` Հայ Մշակոյթի Անլռելի Ղօղանջը Եւ Հայրենիքի Սրբազան Բագինի Նահատակը (Գէորգ Հաճեանի Ծննդեան 55-Ամեակին Առիթով)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Կան անհատներ, որոնց կեանքը տարիներով չի չափուիր, այլ` իրենց կերտած արժէքներով, ապրեցուցած գաղափարներով եւ ազգին ձգած անջնջելի հետքերով: Այդ եզակի հայորդիներէն մէկն էր մեր անմոռանալի գաղափարակից ընկեր Գէորգ Հաճեանը, որուն ծննդեան յիսունհինգերորդ տարեդարձը այսօր առիթ կը դառնայ ոչ միայն յիշատակելու զինք, այլ նաեւ վերանորոգելու մեր ուխտը` այն արժէքներուն հանդէպ, որոնց համար ապրեցաւ, ստեղծեց, երգեց եւ, վերջապէս, նահատակուեցաւ: Հինգ...

Հայկազ Մկրտչեանի Եւ Իր Մարտի Ընկերներուն Յիշատակին`  «L՛Affiche Rouge»… (Կարմիր Որմազդը)

Հայկազ Մկրտչեանի Եւ Իր Մարտի Ընկերներուն Յիշատակին` «L՛Affiche Rouge»… (Կարմիր Որմազդը)

ՇԱՂԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Կան պայմանադրական գրական էջեր, որոնց արձագանգը զանցելով պահու ժամանակաւոր գրգիռը ընթերցողին կը հասնի տասնամեակներ ետք: Գրագէտին տաղա՞նդը, արծարծուող հարցին համամարդկային ըլլա՞լը, թէ՞ հասարակական-ընկերային որոշ կեցուածքներու դասականացած կրկնողականութիւնը կ՛ընեն այնպէս, որ այդ էջերը վերակարդացուին նոր պայմաններու մէջ ու վերարժեւորեն իրենց ազդու դերը: Անոնցմէ է Լուի Արակոնի 1955-ին գրած, «L՛Affiche rouge»-ին  նուիրուած` «Յիշողութեան քառեակներ», «Stances pour se souvenir» բանաստեղծութիւնը: Համաշխարհային...

Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը

Նոյն Հրապարակը… Բայց Արդեօ՞ք Նոյն Յիշողութիւնը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Անցնող շաբաթ առաւօտեան բարեկամական շրջանակի ծանօթներէս մէկը ինծի մատուցեց  հաճելի, բայց նաեւ խորապէս յուզիչ անակնկալ մը: Ինծի  նուիրեց Սուլթան Պայազիտ հրապարակէն երկու նկար. առաջինը` 15 յունիս 1915-ին, երբ հրապարակը դարձած էր հնչակեան Քսան նահատակներուն կախաղանի վայրը, երկրորդը` նոյն հրապարակը այսօր` ժամանակի հոլովոյթին մէջ փոխուած իր արտաքին տեսքով: Յուզումնախառն զգացումներով վերցուցի զանոնք: Պարզ լուսանկարներ  չէին անոնք, այլ`  պատմութեան երկու...

Ստացուած Գիրքեր.  «ՀԲԸ Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն» (Հեղինակ` Յովիկ Էօրտէքեան)

Ստացուած Գիրքեր. «ՀԲԸ Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն» (Հեղինակ` Յովիկ Էօրտէքեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2025-ին լոյս տեսաւ «ՀԲԸ Միութեան հայրենական գործունէութիւնը 1991-2021 տարիներուն (ակնարկ)» հատորը: Հեղինակ` Յովիկ Էօրտէքեան: Էօրտէքեան կ՛ըսէ, որ ՀԲԸ Միութիւնը աշխարհի այն ոչ շահաւէտ հայկական կազմակերպութիւններէն է, որ նուիրուած է հայկական ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման` կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական յայտագիրներու միջոցով: Գիրքին մէջ կը նշուի, որ ՀԲԸ Միութիւնը իր հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք սկսած է նպաստներ...

Page 17 of 808 1 … 16 17 18 … 808

Արխիւներ