Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաներումը` Քաղաքականութեան Եւ Արդարադատութեան Միջեւ. Երբ Իրաւունքը Կը Կորսուի Խտրութեան Պատճառով

July 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Լիբանանի մէջ վէճը համաներումի սկզբունքին շուրջ չէ, այլ` արդարութեան այն հասկացողութեան շուրջ, որ պէտք է կառավարէ զայն:

Վերջին օրերուն տեսանք, թէ ինչպէ՛ս զիրար ամբաստանող երկխօսութիւնները սրեցան խորհրդարանին մէջ` համաներման վերաբերեալ առաջարկներու քննարկումին ընթացքին:

Հասկնալի է, որ խորհրդարանը սահմանադրականօրէն այն վայրն է, ուր համաներումի օրէնքները կ՛ընդունուին, սակայն խնդիրը հաստատութիւնը չէր, այլ` քննարկումներուն կառավարման ձեւը: Ելոյթները եւ խօսակցութիւնները լեցուն էին բերանացի անձնական յարձակումներով, ամբաստանութիւններու փոխանակումներով եւ քաղաքական ու յարանուանական կեցուածքներով: Ի վերջոյ նիստը աւարտեցաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով, որուն պատճառով կորսուեցաւ մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի գերակայութեան վերաբերող այդ հարցի քննարկման առիթը:

Սահմանադրական առումով, Լիբանանի համակարգին մէջ համաներումը բացառիկ երեւոյթ մը չէ, այլ անիկա օրէնսդրական միջոց մըն է, զոր խորհրդարանը բազմիցս կիրարկած է անկախութենէն ի վեր:

Համաներումը կիրարկուեցաւ 1958-ի դէպքերէն ետք, ապա ընդունուեցաւ 1969-ի օրէնքը, ապա եկաւ քաղաքացիական պատերազմի աւարտին հանրածանօթ համաներումը` օրէնք թիւ 84-ը, եւ հետագային` համաներումի օրէնք թիւ 677-ը, 2005-ին, ինչպէս նաեւ օրէնք թիւ 678-ը` դարձեալ 2005-ին, որ յատուկ ներում շնորհեց Սամիր Ժաhժաhին: Այդ բոլորը կը հաստատեն, որ ներում շնորհելը սահմանադրական խախտում մը չէ, այլ անիկա օրէնսդրական միջոց մըն է, որուն կը դիմեն պետութիւններ բացառիկ առիթներու` քաղաքացիական խաղաղութիւն հաստատելու կամ արդարութեան խախտումները շտկելու համար:

Սակայն իսկական հարցումը այն չէ, թէ կարելի՞ է համաներումի օրէնք ընդունիլ, այլ թէ` ի՞նչ տեսակի համաներում կ՛ուզենք: Արիստոտէլի համաձայն, արդարութիւնը «Ամէն մարդու իր իրաւունքը տալ» է: Ըստ անոր, հաւասարութիւն` չի նշանակեր բոլոր մարդոց հետ նոյն ձեւով վարուիլ, այլ` մէկ չափանիշ գործածել բոլորին համար: Առ այդ, որեւէ օրէնք, որ զանց կ՛առնէ կամ խտրութիւն կը դնէ իրաւական հաւասար կարգավիճակ ունեցող մարդոց միջեւ, կորսնցուցած կ՛ըլլայ արդարութեան ամէնէն կարեւոր հիմքերէն մէկը:

Իսկ Փոլ Ռիքէօր զանազանութիւն կը դնէ իսկական ներումին եւ քաղաքական ներումին միջեւ` դիտել տալով, որ ներումը օրինական կ՛ըլլայ միայն այն ատեն, երբ կը ծառայէ արդարութեան եւ ոչ թէ կը փոխարինէ զայն: Այն ներումը, որ կը ծածկէ ճշմարտութիւնը կամ կ՛անտեսէ զոհերուն իրաւունքները, հաշտութիւն չէ, այլ` ժամանակաւոր քաղաքական համաձայնութիւն կամ լուծում մը:

Այդ տեսակէտէն, մեր առարկութիւնը իսլամական շարժումին պատկանող բանտարկեալներուն հարցի արծարծումին դէմ չէ, կամ` որեւէ այլ նիւթի, ուր անարդարութեան բողոքներ կան, այլ` այն ձեւին դէմ, որով լուծումը առաջադրուեցաւ: Եթէ համաներումի առաջարկին հիմքը անցեալին տեղի ունեցած զինուորական ատեաններու վճիռներուն շուրջ գոյութիւն ունեցող լուրջ կասկածներն են` իբրեւ հետեւանք որոշ քաղաքական պայմաններու կամ դատական վճիռներուն մէջ որոշ միջամտութիւններու, ապա արդարութիւնը կը պահանջէ, որ անդրադառնանք խնդիրի արմատին, ոչ միայն անոր հետեւանքներուն:

Օրէնսդիրները պէտք էր ընդունէին օրէնք մը, որ Վճռաբեկ ատեանին կամ անկախ դատական մարմինի մը լիազօրութիւն կու տար վերանայելու այն բոլոր դատական վճիռները կամ թղթածրարները, որոնց վերաբերեալ կան փաստեր, թէ կրնան ազդուած ըլլալ վերոնշեալ պայմաններէն` ըլլան անոնք իսլամականներուն կամ այլ բանտարկեալներու վերաբերեալ, այնպէս ընելով, որ բոլորը քննարկուին օրէնքի նոյն չափանիշներով: Ատիկա է, որ կ՛իրագործէ արդարութիւնը, կը պահպանէ դատական համակարգի հանգամանքը կամ վարկը եւ կը վերահաստատէ վստահութիւնը հաստատութիւններուն հանդէպ:

Սակայն եթէ համաներումը ըլլայ միայն յատուկ խումբի մը համար եւ ոչ` ուրիշներու, որոնք նոյնպէս զոհերն են նոյն դատական խախտումին կամ անարդարութեան, ապա ատիկա կը յառաջացնէ օրինական հարց մը, թէ` ո՞ւր է օրէնքին առջեւ հաւասարութիւնը: Եւ ո՞ւր է արդարութիւնը, որ սկզբունքով պէտք է զերծ ըլլայ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հանգամանքներէն:

Մոնթեսքիօ ըսած է. «Ազատութիւն չկայ, եթէ դատական իշխանութիւնը անջատ չէ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն»: Ատիկա կը նշանակէ, որ դատական սխալներու սրբագրումը պէտք չէ ըլլայ զանոնք քաղաքական ընտրողական որոշումներով փոխարինելով, այլ` բարեկարգելով դատական համակարգը եւ այնպէս ընելով, որ անիկա կարենայ սրբագրել իր սխալները իրաւական սկզբունքներու հիման վրայ:

Արդարութիւնը մէկ կողմին յաղթանակը չ’ըլլար միւսին դէմ: Ոչ ալ անոր իրագործումը հակազդեցութիւն մը կ՛ըլլայ հանրային կարծիքի ճնշումներուն կամ քաղաքական զարգացումներու: Արդարութիւն կը նշանակէ` մէկ օրէնք բոլորին համար, եւ որ հատուցման միջոցները մատչելի ըլլան բոլոր անոնց, որոնք անարդարութեան մը զոհ գացած են` անկախ անունէ, յարանուանական պատկանելիութենէ կամ քաղաքական հակումէ:

Հետեւաբար առաջարկուած բանաձեւին դէմ առարկելը չի նշանակեր մերժել համաներումի սկզբունքը, այլ` մերժել անոր կիրարկման մէջ ընտրողականութիւնը: Եթէ համաներումը կատարուի ընդհանրական եւ առարկայական չափանիշներով, ապա անիկա կրնայ ըլլալ ազգային հաշտութեան առաջնորդող քայլ մը: Իսկ եթէ անիկա ընդգրկէ միայն որոշ թղթածրարներ, ապա անիկա ոչ միայն արգելք կ՛ըլլայ, որ դարձուի անցեալի էջը, այլեւ խտրականութեան եւ անհաւասարութեան զգացումի նոր դռներ կը բանայ:

Օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած պետութիւն մը չի կառուցուիր միայն համաներումով: Այլեւ կը կառուցուի, երբ ինքնին համաներումը ենթակայ է օրէնքին եւ արդարութեան: Եւ այն օրէնքը, որ արդարութիւն կ՛իրագործէ, կը յարատեւէ, իսկ այն օրէնքը, որ հիմնուած է խտրութեան վրայ, կը շարունակէ ըլլալ բաժանումի աղբիւր մը` անկախ անոր ետին գտնուող մտադրութիւններէն:

Աւարտելու համար, օրէնսդիր իշխանութեան պատասխանատուութիւնը միայն օրէնքներ ընդունիլը չէ: Այլ անոր պատասխանատուութիւնն է նաեւ հաստատել արդարութեան, հաւասարութեան եւ օրէնքի իշխանութեան արժէքները: Ընկերութիւնը չի շտկուիր խտրութեամբ, եւ հաստատութիւններուն հանդէպ վստահութիւնը չի կերտուիր ժողովրդահաճութեամբ: Այլ ատոնք կը կատարուին ընդհանուր եւ բացարձակ օրէնսդրութեան միջոցով, որ կը գործադրուի բոլորին համար` առանց խտրականութեան: Ուստի եթէ համաներումը անհրաժեշտութիւն մըն է, թող անիկա հիմնուած ըլլայ արդարութեան վրայ, եւ ոչ` քաղաքական հաւասարակշռութիւններու: Առաւել, անիկա պէտք է վերադարձնէ իրաւունքները  անարդարութեամբ բոլոր դատուածներուն, եւ ոչ թէ` միայն որոշ խումբի մը: Եւ երբ արդարութիւնը կ՛ըլլայ չափանիշը, ներումը կը դառնայ հաշտութեան միջոց մը: Սակայն երբ անիկա կը գործադրուի ընտրողականութեամբ, կը դառնայ պառակտումի նոր միջոց մը:

Առ ի եզրակացութիւն, կը պահանջենք արդարութիւն եւ իրաւունքներու հաւասար կիրարկում:

18-07-2026

Նախորդը

Խամենէի. «Թրամփի Ստորագրութիւնը Այլեւս Անարժէք Է». Թեհրան Քուէյթը, Յորդանանն Ու Պահրէյնը Կը Հարուածէ, Իսկ Ուաշինկթըն Իր Զինուորներու Սպանութեան Կը Հակադարձէ

Յաջորդը

Ի՞նչ Պէտք Չէ Զիջիլ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.