Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատմութիւնը Վերապրեցնող Գիտնականը` Աշոտ Մելքոնեան (Ծննդեան 65-Ամեակին Առիթով)

July 22, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Կարճատեւ կեանքիս ընթացքին բազմաթիւ պատմաբաններու դասախօսութիւնները լսած, բազմաթիւ պատմագիտական հատորներ կարդացած եւ բազմաթիւ գիտաժողովներու մասնակցած եմ: Սակայն հազուագիւտ են այն մտաւորականները, որոնց մօտ խոր գիտութիւնը, անառարկելի փաստարկումը, բացառիկ յիշողութիւնը, մարդկային պարզութիւնը եւ ազգային նուիրումը այնքան ներդաշնակօրէն կը միաձուլուին, որքան` ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի անձին մէջ:

Ոմանք պատմութիւն կը գրեն, ուրիշներ պատմութիւն կը դասաւանդեն, իսկ Աշոտ Մելքոնեան պատմութիւնը կը վերապրեցնէ: Անոր դասախօսութիւնները սովորական ակադեմական ներկայացումներ չեն. անոր հետ շրջիլը գիրք կարդալ չէ, այլ դարերուն մէջ ճամբորդել է: Ան ունի այն բացառիկ կարողութիւնը, որուն շնորհիւ ունկնդիրը ակամայ կը փոխադրուի դէպքերու ժամանակաշրջանը, կը տեսնէ դէմքերը, կը զգայ դարերու շունչը եւ կը հասկնայ պատմութեան ներքին տրամաբանութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան, Հայ դատի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Հայաստանի վերանկախացման, Ջաւախքի, Արցախ հայաշխարհի եւ մեր նորագոյն պատմութեան վերաբերող իր ուսումնասիրութիւնները, դասախօսութիւններն ու գիտական աշխատասիրութիւնները վաղուց արդէն վերածուած են պատմագիտական վստահելի կենարար աղբիւրներու: Տասնամեակներ շարունակ ան ոչ միայն ուսումնասիրած է պատմութիւնը, այլեւ իր գիտական անխոնջ վաստակով հարստացուցած է հայ պատմագիտութիւնը` նոր փաստերով, նոր մեկնաբանութիւններով եւ գիտական նոր մօտեցումներով:

Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կազմակերպուած բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու ճարտարապետն ու հոգին մարմնաւորողը եղած է Աշոտ Մելքոնեան: Իր ղեկավարութեամբ կայացած գիտաժողովները դարձած են գիտական մտքի հանդիպման իսկական դարբնոցներ, ուր փորձառու գիտնականներու կողքին, իրենց առաջին քայլերը առած են նաեւ երիտասարդ պատմաբաններ, որոնց կազմաւորման մէջ ան ունեցած է անգնահատելի դեր: Շատերու համար ան եղած է ոչ միայն գիտաշխատող, այլեւ ուսուցիչ, ուղղորդող եւ ներշնչող ազգային մտաւորական մը` բառին բովանդակ իմաստով:

Առանձնայատուկ երեւոյթ մըն է նաեւ անոր դասախօսելու ձեւը: Ժամերով, առանց որեւէ գրառումի կամ յուշաթերթիկի, կրնայ ներկայացնել ամէնէն բարդ պատմական իրադարձութիւնները` զարմանալի ճշգրտութեամբ յիշելով թուականներ, քաղաքներ, դիւանագիտական փաստաթուղթեր, քաղաքական իրադարձութիւններ եւ անոնց փոխադարձ կապերը: Այդ բացառիկ յիշողութիւնը զուգորդուած է գիտական խոր վերլուծութեան հետ, որ ունկնդիրները կը պահէ ամբողջովին գրաւուած:

Այս բոլորին բազմիցս ականատես եղած եմ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ: Անոր պատմագիտական հանճարեղ բանախօսութիւնները Պէյրութի, Հալէպի, Լոս Անճելըսի, Թորոնթոյի, Մոնրէալի եւ այլ հայաշատ կեդրոններու մէջ իսկական ազգային-մտաւորական հաւաքներու կը վերածուէին: Դահլիճները լեցուն կ’ըլլային, եւ ներկաները ժամեր շարունակ, իրենց շունչերը պահած, կը հետեւէին անոր պատմական վերլուծութիւններուն: Ան բառին բուն իմաստով կը մագնիսացնէր խուռներամ հանդիսատեսները:

Անձամբ ինծի համար ամէնէն անկրկնելի յիշատակներէն մէկը մեր միասնական ճամբորդութիւնն էր Թիֆլիս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով` Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն մեր պաշտօնական ներկայութիւնը, որ կազմակերպուած էր Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանին կողմէ:

Այդ օրերուն Աշոտին կինը` անգին Լուսինէն, Ժիւլիեթն ու ես ոչ միայն այցելեցինք Հայաստանի եւ Թիֆլիսի պատմական վայրերը, այլեւ կարծես ապրեցանք ամբողջ դարաշրջան մը:

Շրջեցանք այն սրահները, ուր ստորագրուած էին Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի անկախութեան վաւերաթուղթերը, Թումանեանի տուն-թանգարանը, հայ մեծերու

Խոջիվանքի հայոց պանթէոնը, Նորաշէն, Սուրբ Գէորգ եւ այլ եկեղեցիներ ու հայկական թաղամասերը: Ամէն կանգառի Աշոտը մեծ խանդավառութեամբ եւ բացառիկ ճշգրտութեամբ կու տար պատմական բացատրութիւնները. իսկ հայկական եկեղեցիները, հին թաղամասերը եւ բազմաթիւ պատմական կոթողները Աշոտի մեկնաբանութիւններով կը ստանային բոլորովին նոր կեանք: Ամէն քար, ամէն փողոց, ամէն շէնք կը պատմէր իր պատմութիւնը, եւ մենք այդ պատմութիւնը կը լսէինք կենդանի պատմաբանի մը շրթներէն:

Կը համարձակիմ ըսելու, որ կեանքիս ընթացքին բազմաթիւ պատմաբաններ լսած եմ, բազմաթիւ գիրքեր կարդացած, սակայն քիչերն են, որոնք գիտութիւնը կը միաձուլեն այնպիսի պարզութեան, համեստութեան եւ մարդկային ջերմութեան հետ, ինչպէս` Աշոտ Մելքոնեանը: Անոր հետ անցուցած իւրաքանչիւր ժամը ինծի համար համալսարան մըն էր, իսկ Թիֆլիսի  եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու, գիւղերու մէջ մեր միասին կատարած շրջագայութիւնները` պատմութեան կենդանի դասագիրք մը: Այդ անմոռանալի յիշատակները երախտագիտութեամբ պիտի պահպանեմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին:

Բայց Աշոտ Մելքոնեանի մեծութիւնը միայն իր գիտական վաստակով չի չափուիր: Ան նոյնքան մեծ է` իբրեւ մարդ, ընկերասէր, հիւրընկալ, բարեսիրտ, ազնիւ, չափազանց համեստ եւ միշտ պատրաստ իր գիտելիքը սիրով բաժնեկցելու այլոց հետ: Այդ մարդկային նկարագիրն է, որ իր գիտնականի մեծութիւնը կը դարձնէ աւելի ամբողջական եւ աւելի լուսաւոր:

Աշոտ Մելքոնեանի ծննդեան 65-ամեակին առիթով իրեն ուղղած շնորհաւորական խօսքիս մէջ գրած էի հետեւեալ տողերը: Այսօր, վերանայելով զանոնք, կը համոզուիմ, որ ժամանակը, մտքիս խորհուրդները ոչինչ փոխած են իմ գնահատանքիս մէջ: Ընդհակառակը, անոր գիտական, ազգային եւ մարդկային վաստակը աւելի պայծառացած է: Այդ պատճառով ալ կը վերահաստատեմ այդ խօսքերուս իւրաքանչիւր բառը եւ կը պատշաճեցնեմ զայն` իբրեւ վերջաբան յօդուածիս:

«Խիստ խորհրդանշական էր, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի երիտասարդ գիտաշխատողներու հերթական գիտաժողովը նուիրուած էր ձեր ծննդեան 65-ամեակին` համախմբելով գործընկերները, երիտասարդ պատմաբաններն ու տարբեր տարիներու ձեր ուսանողները, որոնք այսօր դարձած են հեղինակաւոր հետազօտողներ, համալսարանական դասախօսներ եւ հայկական պատմագիտութեան արժանաւոր շարունակողները: Այս իրողութիւնը ամէնէն բարձր գնահատականն է այն գիտական դպրոցին, զոր դուք տասնամեակներու ընթացքին կերտեցիք համբերութեամբ, նուիրումով եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով:

«Յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւի գնահատականը, ըստ որուն, ձեր հարուստ գիտական ժառանգութիւնը կը շարունակէ ծառայել իբրեւ արժէքաւոր ուսումնագիտական եւ հետազօտական աղբիւր, իսկ երիտասարդ պատմաբաններու պատրաստութեան եւ գիտական մտածողութեան ձեւաւորման մէջ ձեր դերը կը նկատուի հիմնարար:

«Ձեր վաստակը, սակայն, միայն ակադեմական շրջանակներու մէջ չէ, որ իր արժանի արձագանգը գտած է: Դուք այն պատմաբաններէն էք, որոնք հայկական պատմագիտութիւնը վերածած են ազգային ծառայութեան առաքելութեան: Հայ դատի գիտական հիմնաւորման, Արեւմտեան Հայաստանի պատմական, ժողովրդագրական եւ իրաւական խնդիրներու ուսումնասիրութեան, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գիտական փաստարկման, ինչպէս նաեւ հայկական պետականութեան եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ձեր ուսումնասիրութիւնները մնայուն արժէք են: Անոնք ոչ միայն կը հարստացնեն հայ պատմագրութիւնը, այլեւ կը զինեն նոր սերունդները` պատմական ճշմարտութիւնը գիտական ճշգրտութեամբ պաշտպանելու կարողութեամբ:

«Ձեր գրիչին մէջ պատմութիւնը երբեք սոսկ անցեալի արձանագրումը չէ եղած: Ան դարձած է ազգային յիշողութեան պահպանման, ինքնութեան ամրապնդման եւ պատմական արդարութեան վերատիրացման պայքարի հզօր միջոց: Ահա թէ ինչո՛ւ ձեր աշխատասիրութիւնները արժանացած են ոչ միայն գիտական աշխարհի, այլեւ ամբողջ հայութեան խոր յարգանքին ու երախտագիտութեան:

«Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ պատմական ծանր մարտահրաւէրներ, ազգային արժէքներու նկատմամբ ձեր անսասան հաւատարմութիւնը, պատմական ճշմարտութեան պաշտպանութեան մէջ ձեր սկզբունքայնութիւնը եւ մտաւորականի ձեր բարձր կեցուածքը օրինակ են բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան, թէ գիտութիւնը պէտք է ծառայէ ազգին, հայրենիքին եւ պատմական արդարութեան:

«Վստահ եմ, որ ձեր հեղինակաւոր ձայնը, ձեր գիտական խօսքը եւ ազգային մտածողութիւնը տակաւին երկար տարիներ պիտի շարունակեն առաջնորդել հայկական պատմագիտութիւնը եւ ներշնչել երիտասարդ սերունդները:

«Խոնարհումս` ձեր բազմամեայ վաստակին եւ խորին երախտագիտութիւնս` ազգին ու հայրենիքին մատուցած ձեր անուրանալի ծառայութիւններուն համար: Թող Աստուած շարունակէ ձեզի պարգեւել մտքի անսպառ կորով, ստեղծագործ ոգի, առողջութիւն եւ երկար տարիներ` ի սպաս հայկական պատմագիտութեան, Հայ դատին եւ մեր ժողովուրդի լուսաւոր ապագային»:

Այսօր, այս յօդուածը աւարտելով, նոյն զգացումով եւ նոյն համոզումով կը ստորագրեմ այս խօսքերը,  որովհետեւ Աշոտ Մելքոնեանը միայն պատմաբան մը չէ, ան պատմական յիշողութեան գանձարանն է, գիտական խղճմտանքի մարմնացումը եւ այն սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ազգին, հայրենիքին եւ պատմական ճշմարտութեան ծառայելուն:

Թորոնթօ, 2026

Նախորդը

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ

Յաջորդը

Վերջապէս Միջազգային Արձագանգ Մը

RelatedPosts

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.