Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջապէս Միջազգային Արձագանգ Մը

July 22, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Դատական եւ ապահովական համակարգերը իբեւ քաղաքական պայքարի միջոց օգտագործումը կը հակասէ մարդու իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրին, որուն անդամակցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այդ պայմանագիրին տրամադրութիւններէն շատերը ներառուած են Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ: Օրինակ. թէ՛ ՄԱԿ-ի պայմանագիրը եւ թէ՛ Հայաստանի սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորեն ազատ ու անկաշկանդ հաղորդակցութիւնը, ուրեմն կ՛արգիլեն գաղտնալսումները, բացառութեամբ դատական որոշմամբ կատարուածէն: Ապահովական մարմինները իրաւունք չունին լսելու մարդոց միջեւ կատարուած խօսակցութիւնները. նման խօսակցութիւններու լուծումները չեն կրնար հիմք ծառայել դատական հետապնդումներու, եթէ չեն կատարուած նոյնինքն դատարանին պահանջով:

Ո՞վ կը հսկէ մարդոց ազատութիւնը կաշկանդող նման գործելաձեւին իրագործման: Տրամաբանօրէն, ատիկա պէտք է ըլլայ գործադիր իշխանութենէն անկախ դատական համակարգը: Դատական համակարգը պարտի մերժել ու դատապարտել քաղաքական դրդապատճառներով կատարուող հետապնդումները եւ զգաստացնել նման գործելաձեւ որդեգրած քաղաքական իշխանութիւնը: Հայաստանի մէջ, սակայն, դատական իշխանութիւնը հաւատարմօրէն ընթացք կու տայ իշխանութիւններու պահանջով կատարուած հետապնդումներուն եւ ամէնէն չնչին պատրուակներով բանտարկութեամբ խափանման միջոց կը կիրարկէ: Երկարատեւ եւ կրկնուող խափանման միջոցները, որոնք ենթադրեալ յանցանքին հետաքննութեան համար պէտք է ըլլան, կը վերածուին պատժամիջոցի: Ամենապարզ խնդիրներու հետաքննութիւնը կը տեւէ ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ` չփաստուած ամբաստանութիւնը վերածելով քաղաքացիներու քաղաքական գործունէութիւնը արգելակող միջոցի:

Ընդդիմադիր շարժումները արգելակող եւ անհատները հալածող իշխանութիւններու շարունակուող վերաբերումը ի՛նչ պատրուակներու ալ հնազանդի, խարան է ինքզինք ժողովրդավար հռչակած երկրին: Հայաստանի ժողովրդավարական յառաջընթացը գովերգող միջազգային հեղինակութիւնները չեն ուզեր նկատել քաղաքական ազատութիւնները ոտնահարող բացայայտ իրողութիւնները: Իրենց աշխարհաքաղաքական շահերը կը գերադասեն ժողովուրդներու ազատութենէն, որուն սակայն, պաշտպան կանգնելու սին երդումներ կը շռայլեն:

Ահա սակայն անակնկալ մը: ՄԱԿ-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան փորձագիտական խումբը կասկածելի կը համարէ Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ իրեն գործակից 18 ամբաստանեալներու գործը: Փորձագէտները դատական այս գործին մէջ քաղաքական ենթաթեքստի կը նկատեն: «Սրբազան պայքար»-էն ալ անդին անցնելով, մայիս 24-ին ներկայացուած եզրակացութեան մէջ անոնք կ՛առանձնացնեն  109 անձերու նկատմամբ անօրինական հետապնդման պարագայ: Ահաբեկչութեան մեղադրանքը կասկածի ենթարկելէ ետք, ՄԱԿ-ի փորձագէտները աներկբայօրէն կ՛եզրակացնեն. «Մենք մտահոգուած ենք իշխանութիւններու ձեռնարկած միջոցներով, որոնք համահունչ չեն մարդու իրաւունքներու` Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն»:

Հայաստանի իշխանութիւնները 31 էջանոց պարզաբանումներով պատասխանած են փորձագիտական ահազանգին: Պարզաբանումները հրապարակուած չեն, իսկ փորձագէտներու պատասխանը տակաւին յայտնի չէ: Սակայն, երկարատեւ բանտարկութիւններու շարք մը փոխարինուեցաւ տնային կալանքով, որ, կալանք ըլլալով հանդերձ, աւելի մեղմ է իր բնոյթով:

Ահաբեկչութեան, բռնի ուժի ջատագովման, ապօրինի իշխանափոխութիւն կատարելու ամբաստանութիւննրը այժմ փոխարինուած են ընտրակաշառք տալու պնդումներով: Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ իրեն անհրաժեշտ է սահմանադրական մեծամասնութիւն, այսինքն` Ազգային ժողովի երկու երրորդը: Դժուարութեամբ եւ խարդախ միջոցներով քուէներու յիսուն առ հարիւրէն նուազ ստանալը Փաշինեան կը վերագրէ ընտրակաշառքի համատարած բաշխումին ու այդ մասին կը յայտարարէ առանց որեւէ փաստի: Ընտրութեան նախօրեակին, ընտրութեան օրը եւ անկէ ետք հարիւրաւոր գործիչներ ձերբակալուած են, գրասենեակներ եւ բնակարաններ խուզարկուած: Բոլորն ալ` անտեղի ու անօրինական: Ընդդիմութիւնը չէզոքացնելու ու զայն լռութեան մատնելու քայլերը Փաշինեանը կը վերածեն միանձնեայ  իշխանութիւն բանեցնող ինքնակալի: Նոր խորհրդարանի կազմութեան (2 օգոստոս) եւ նոր կառավարութեան կազմութեան նախօրեակին, հաւանական ընդդիմադիր շարժումները կանխելու միտող այս գործելակերպը պէտք է դատապարտուի թէ՛ ներքին ուժերուն եւ թէ՛ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ:

Մեզի կը սպասէ քաղաքական թէժ ամառ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատմութիւնը Վերապրեցնող Գիտնականը` Աշոտ Մելքոնեան (Ծննդեան 65-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Քեւըն Քիկըն Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.