Երկնաւոր հայրը Իր պատկերով ստեղծեց մարդ արարածը եւ Իր շունչով ու սուրբ հոգիով կեանք տուաւ անոր, եւ Ան կ՛ակնկալէ մարդէն սուրբ հոգիին մօտեցում` հաւատքով ու գործով:
Մէկ խօսքով, Տէրը կ՛ակնկալէ, որ մենք հետեւինք Իր օրինակին. «Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա մենք եւս պարտաւոր ենք սիրել զիրար»: Նաեւ մարդ էակը պարտաւոր է յարգել այն, ինչ որ ստեղծուած է Տիրոջ կողմէ` ըլլայ անիկա մարդ, անասուն թէ բոյս, եւ ոչ թէ փճացնէ զանոնք:
Աստուած իւրաքանչիւր մարդ արարած օժտած է շնորհքով մը: Մեր պարտականութիւնն է մեր նմանները ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ են, անոնց բարութիւնն ու բարիքները գնահատել: Յիշենք նաեւ, որ ոչ մէկ անհատ ամենակարող է, ամէն մէկս ունի որոշ տկարութիւններ, որոնք չեն երեւիր, բայց որոշ տեղեր կ՛արտայայտուին:
Հոս հարկ է շեշտել ծնողներուն վերաբերումը տկարին հանդէպ, ընտանեկան դաստիարակութիւնն ու ծնողաց օրինակը` Տիրոջ ստեղծածին հանդէպ:
Այգ Գ. 11 տարեկան էր, աշակերտ` Շիքակոյի երկրորդական վարժարանին, որուն նախակրթարանի եւ երկրորդական աշակերտները միասին զբօսանք կը կատարեն: Օր մը Այգ կը նկատէ, որ իր դասընկերներէն քանի մը հոգի կ՛երթան փոքրերուն քով եւ թերաճ մանչուկ մը` Ժաք անունով (7-8 տարեկան), կը ծաղրեն եւ նեղութիւն կու տան: Այգ նախապէս նկատած էր այդ մանուկը եւ անոր հետ բարեկամութիւն մը ստեղծած էր: Ան կը մօտենայ ընկերներուն քանի մը անգամ եւ կ՛ըսէ. «Մեղք է Ժաքը, մի՛նեղացնէք զայն»: Բայց ընկերները կատակի կ՛առնեն անոր ըսածները, ուստի Այգ կը ստիպուի դիմել հսկիչին: Այս ձեւով քիչ մը կը մեղմանայ կացութիւնը, բայց չի վերջանար: Մինչ այդ Այգ կը փորձէ աւելի մօտէն հետեւիլ Ժաքին, կը զբաղի անով եւ կ՛ուրախացնէ զայն: Ժամանակի թաւալումով Այգ բարի օրինակ կը դառնայ դասընկերներուն, եւ տղոցմէ ոմանք իրեն կը միանան:
Օր մըն ալ դպրոցէն արձակուելու ժամուն Ժաքն ու մայրը դպրոցի մուտքին կը սպասէին Այգը: Քանի մը վայրկեան ետք Ժաք կը նկատէ Այգը եւ մօրը կ՛ըսէ. «Նայէ, նայէ, Այգը կու գայ, այս է Այգը»: Այգ կը մօտենայ ու կը ծանօթանայ Ժաքին մօրը: Մայր եւ որդի մեծ ուրախութեամբ կը բարեւեն Այգը, մայրը մեծապէս կը շնորհաւորէ զինք եւ շնորհակալ կ՛ըլլայ Այգին վերաբերումին համար, նաեւ զայն կը հրաւիրէ շաբաթ օր կայանալիք Ժաքին տարեդարձին` դիտել տալով, որ Ժաքին դասընկերները ներկայ պիտի ըլլան, բայց տղեկը սրտանց կը փափաքի, որ Այգ եւս մասնակից ըլլայ այս ուրախ առիթին:
Այգ այս մասին կը յայտնէ իր քանի մը մտերիմ դասընկերներուն, որոնք իր դրական վերաբերումով աւելի մօտեցած էին Ժաքին, ըսելով, որ ինք պիտի երթայ տարեդարձին, եւ եթէ փափաքող ըլլայ, կրնայ միանալ` հաստատելով, որ ասիկա մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ Ժաքին:
Անոնցմէ երեք դասընկերներ, որոնք նոյն շրջանին մէջ կը բնակին, կը միանան Այգին եւ Ժաքին համար կ՛ընտրեն «Մինի վան» նուէր մը, զոր ան շատ կը սիրէ: Երբ անոնք կը հասնին Ժաքին տունը, կը տեսնեն, որ ան շրջապատուած էր իր դասընկերներով, որոնց հետ միասնաբար կը խաղային իրենց բակին մէջ:
Մեծ կ՛ըլլայ Ժաքին եւ մօր ուրախութիւնը այս անակնկալին ի տես, անոնք ուրախութեամբ կ՛ընդունին Այգն ու ընկերները, որոնք իրենց ներկայութեամբ յարգած էին Ժաքը:
Ժաքին մայրը Այգին այս ազնուական վերաբերմունքը մեծապէս կը գնահատէ, նոյնիսկ կը ներկայանայ դպրոցի տնօրէնութեան` յայտնելով իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնը, որ նման աշակերտ ունին դպրոցին մէջ: Ան նաեւ կը մատնանշէ, որ Այգին դրսեւորած վարուելակերպը ոչ միայն կորով տուաւ իր զաւակին, այլ նաեւ օրինակ ծառայեց միւս տղոց, որ նոյն ձեւով յարաբերին:
Հոս չի վերջանար եղելութիւնը:
Քանի մը օր ետք Այգ դպրոցի տնօրէնին սենեակը կը կանչուի: Ընդհանրապէս անկարգ եւ հարցեր ունեցող աշակերտները կը հրաւիրուին հոն: Այգ կը սարսափի, որովհետեւ ինք ոչ մէկ չարութիւն ըրած է: Ան մտահոգ ու վախով կը ներկայանայ տնօրէնին գրասենեակը: Սակայն անոր վախը կը փարատի, երբ տնօրէնը մեծապէս կը գնահատէ Այգին վերաբերումը եւ կը շնորհաւորէ զինք իր շրջապատին իբրեւ բարի օրինակ ծառայելուն համար: Այգ գոհունակ սրտով կը վերադառնայ դասարան:
Այգին ու Ժաքին այս գեղեցիկ հոգեւոր միացումը օրհնուեցաւ եւ մեծապէս գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ եւ դրական անդրադարձ ունեցաւ բոլորին վրայ` դասընկերներուն, ծնողքին եւ տնօրէնութեան:



