Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոնարհ Մարդիկ. Կարօ Աճեմեանին Յիշատակին

July 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Այսօր կը խօսիմ մարդու մը մասին, որ երբեք չէր ձգտեր լրատուական առաջին էջերու հերոսը ըլլալու:

Ան կը պատկանէր այն խոնարհ հերոսներու տեսակին, որոնք կեանքը կը դիտարկեն գեղեցկութեան ոսպնեակէն, եւ որոնց համար գեղեցիկը ո՛չ թէ պարզապէս երեւոյթ էր, այլ` կեանքի բարձրագոյն փիլիսոփայութիւն ու գերագոյն արժէք:  Ան կը պատկանէր այն տեսակին, որ իրենց կեանքը կը նուիրեն լոկ գեղեցկութեան ու մարդկայնութեան` առանց աղմուկի, առանց ծափահարութիւններու:

Կարոն հանգիստ տղայ էր. ստեղծագործողի մնայուն անհաշտ հոգի ունէր:

Կարոն խոհեմ ու ներքին լոյսով լեցուն մարդ էր:

Կարոն իմ ընկերս էր:

Մեր դպրոցական տարիներու ընկերս`  Կարոն, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական քոլեճի այն գանգրահեր տղան էր, որուն հոգին արուեստագէտի նուրբ թելերով հիւսուած էր: Յառաջադէմ մտքերով, աշխարհին   բաց հայ մարդ: Այսօր, երբ կը մտածեմ անոր մասին, կը յիշեմ ոչ միայն Կարոն, այլեւ` այն օճախը, որ մեզ կերտեց, բայց որն այլեւս չկայ. Խանամիրեան քոլեճի շէնքը ֆիզիքապէս քանդուած է, հողին հաւասարուած, իսկ մեր յուշերը մնացած են  անտուն, օդի մէջ` իբրեւ ապրուած ժամանակի միակ վկայութիւն:

Կարոն օժտուած էր բնատուր սուր հիւմըրով, որ յաճախ «սեւ» էր, ոչ բոլորին հասկնալի. ոմանք կը վիրաւորուէին` չըմբռնելով, որ այդ սուր խօսքերուն խորքը իրականութեան մէջ  մեծ սէր ու մտերմութիւն կար: Ան հոգատար էր բոլորին հանդէպ,  առատաձեռն եւ բարերարի այն տեսակով, որ կը գործէ լուռ ու անձայն, առանց ցուցադրականութեան:

Արդէն դպրոցի օրերէն գիտէի, որ Կարոն բառերուն հետ յատուկ լեզու ունէր: Կը յիշեմ իր առաջին գրական փորձերը. ան կը կարողանար իր տողերով  վախին ձեւ ու հագուստ տալ, որովհետեւ անոր համար այդ  վախը յաղթահարելու միակ բանալին էր: Հետագային այդ նոյն ստեղծագործական շունչը ան փոխանցեց իր նկարչութեան ու նորաձեւութեան` ֆեշընի աշխարհին:

Իր տան պատերը Կարոյի իսկական հոգեվիճակն էին. անոնց վրայ կը ծաւալէին իր հսկայական գործերը` հայկական շունչով ու խորհրդանշաններով լեցուն, համադրուած համարձակ վերացական (abstract) փորձերով: Այդ նկարները ոչ թէ պարզապէս զարդ էին, այլ իր ներաշխարհի արտացոլանքը` լի գոյներով ու տագնապներով:

Մենք աւարտեցինք քոլեճը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն տաք օրերուն: Մինչ մեր երիտասարդական երազները կը ցրուէին աշխարհով մէկ, Կարոն հաւատարիմ մնաց Լիբանանին: Իտալական նորաձեւութեան դպրոցներուն մէջ կրթութիւն ստանալէ ետք, ան վերադարձաւ իր ծննդավայր Պէյրութ` իր լուման ներդնելու այն քաղաքին մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ ռումբերը կը տեղային մարդոց վրայ եւ անոնց շուրջ: Բոլորին ծանօթ էր Աճեմեաններու «Ducale»-ը` նորաձեւութեան այն բոյնը, որուն մէջ Կարոն կը ստեղծագործէր` սուս ու փուս իր կեանքը նուիրելով գեղեցկութեան:

Դպրոցական տարիներէն ամէնէն վառ յուշերս կապուած են հայ գրականութեան ժամերուն, երբ պարոն Էլոյեանի ղեկավարութեամբ մեր դասարանը ասպարէզ կը դառնար: Ես աւանդաբար առաջին նստարանին էի, իսկ Կարոն` ճիշդ իմ ետեւս: Ամէն դասի ան սովորութիւն ունէր ընտրելու աշակերտ մը եւ ամբողջ ժամ մը զայն պահել ոտքի ու մղել խօսելու, խօսելու գրականութեան մասին, մեծերու մասին: Օր մըն ալ, երբ կարգը հասաւ ինծի` քննարկելու Նար Դոսի հոգեբանական ռեալիզմը, 16 տարեկան աղջիկս յանկարծ ուշաթափ եղայ ու գետին ինկայ:

Աւելի ուշ Կարոն այդ դէպքը հիւմըրով կը յիշէր. «Աղջի՛կ, դուն ինկար, ու յանկարծ զգացի, որ վարագոյրը բացուեցաւ, պահուըտելու տեղ չկար, Էլոյեանը ուղիղ ինծի կը նայէր»:

Կարոն տարիներու ընթացքին մնաց իմ հարազատ ընկերս: Այսօր անոր անժամանակ մահը ինծի կը յիշեցնէ մարդ արարածի փոքրութիւնը բնութեան օրէնքներուն դիմաց: Կ՛ուզէի զինք գրկել վերջին անգամ, սակայն կեանքը երբեմն դաժան է: Մխիթարականն այն է, որ Կարոն ապրեցաւ վեհ, ապրեցաւ անշշուկ, առանց աճպարարութեան, մինչեւ վերջին շունչը պահելով իր մարդկայնութիւնը:

Գանգուր մազերուն`
Պէյրութի փոշին, արուեստ,
Հիմա` լուռ աստղեր:
Կտաւներուդ մէջ` ապրող գոյներ,
Քաղաքիդ ցաւին` լուռ յենարան.
Գեղեցկութեան հայելի անբիծ,
Կը մնաս  հոգւոյս մէջ պայծառ ու անմահ:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Է Սակրատա Ֆամիլիան

Յաջորդը

«Իսրայէլի Համար Հետեւանքները Սարսափելի Են Լինելու». Արամ Շահնազարեան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.