Տնտեսական տագնապի եւ հարաւի պատերազմի մթնոլորտին վրայ վերջին ամիսներուն կու գայ աւելնալու այլ մտահոգութիւն մը: Արդարեւ, շրջանային թէ լիբանանեան վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ քաղցկեղի հիւանդութենէն տառապողներուն թիւը զգալիօրէն բարձրացած է Լիբանանի մէջ:
Արդարեւ, Միջին Արեւելքի եօթը երկիրներու մէջ վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լիբանանը` իբրեւ բնակչութեան թիւ ու քաղցկեղէ տառապողներու թիւ, ամէնէն բարձրն է: Երկրորդը Եգիպտոսն է, երրորդը` Թուրքիան:
Վերջերս Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին (Է. Եու. Պի.) կատարած ուսումնասիրութիւնն ալ եզրակացուց, որ 2017-էն ի վեր քաղցկեղէ տառապողներուն թիւը կրկնապատկուած է: Ուսումնասիրութեան կեդրոնին պատասխանատուն կը հաստատէ որ, հակառակ առողջապահական նախարարութեան հաստատումին, որ 2016-էն ի վեր քաղցկեղով տառապողներուն թիւը բարձրացած է 10-15 առ հարիւր, բայց եւ այնպէս, հիւանդանոցներու մէջ բացայայտուած եւ բուժման ենթարկուողներուն թիւին համեմատութիւնը փաստօրէն ցոյց կու տայ, որ անոնց թիւի յաւելումը 30 առ հարիւրի կը հասնի:
Քաղցկեղի մասնագէտ բժիշկները կը հաստատեն, որ թոքի քաղցկեղի պարագաները ամէնէն շատն են, որովհետեւ Պէյրութի մէջ օդը ապականած է: Ուրիշ խօսքով, ըստ 2006-ի տուեալներուն, 370.000 ելեկտրածին շարժակներու 24/24 ժամ մազութով բանիլը մեծապէս ազդած է այս հիւանդութեան զարգացման:
Բնականաբար այսօր այդ թիւն ալ կրկնապատկուած է, եւ կացութիւնը ահազանգային է:
Գիտենք, որ ելեկտրածին շարժակները կ՛արտադրեն 40 տեսակ թունաւոր կազեր, որոնք առողջութեան մեծապէս վնաս կը հասցնեն:
Նախազգուշական քննութիւնները եւ ընդհանրապէս մեր սնունդին հետեւիլն ու մաքուր օդ շնչելը մեծապէս կը նուազեցնեն քաղցկեղի վտանգը:
Այսօր Լիբանանի մէջ նախազգուշական եւ կանխարգիլման արշաւները մնայուն եւ շարունակական բնոյթ չունին: Պարբերաբար դարմանատուներն ու ոչ շահակցական կազմակերպութիւնները երբեմն-երբեմն կը նախաձեռնեն նախազգուշական արշաւներու, որոնք սակայն անբաւարար են:
Լիբանանցի քաղաքացին, իր բազմատեսակ մտահոգութիւններուն կողքին, դժբախտաբար, այս իրականութեան դէմ յանդիման ալ կը գտնուի, իսկ աւելի ծանր է այն, որ անմիջական լուծումներ չեն երեւիր հորիզոնին վրայ:
Մեր բարեսիրական, առողջապահական կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն կը մնայ ջանք չխնայել, քաղցկեղի նախազգուշացման ու կանխարգիլման մնայուն արշաւներ կազմակերպել, ժողովուրդի բոլոր խաւերը այս մասին իրազեկ դարձնել: Անոնց ուսերուն դրուած է նաեւ օդի ապականման դէմ արշաւներ կազմակերպելը:
Այս բոլորին զուգահեռ սակայն, իւրաքանչիւր անհատ եւս ընելիք ունի` չանտեսելով իր առողջութիւնը, որեւէ անբնական ախտանշանի պարագային հետապնդումներ կատարելով, որովհետեւ որքան շուտ բացայայտուի հիւանդութիւնը, ընդհանրապէս աւելի դիւրին ու հաւանական կ՛ըլլայ բուժումը:
Վստահաբար այս բոլորը միասին տեղ մը արդիւնք կու տան: