Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելու Եւ Լռելու Ժամանակներ

Մարտ 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Կան պահեր, երբ խօսիլը օրհնութիւն է: Կան նաեւ պահեր, երբ լռութիւնը օրհնութիւն է: Խօսիլը բանաւոր եւ բերանացի արտայայտութիւն մըն է, որ մարդ արարածին աստուածատուր պարգեւներէն մէկն է: Իրօք, մտածել եւ զայն լեզուով արտայայտել աստուածային յատկանշական շնորհ մըն է, որ հաղորդակից կը դարձնէ մարդը իր նմաններուն հետ:

Անասուններ կան, որոնք որոշ չափով իրենց զգացումները կ՛արտայայտեն մարմնական շարժումներով եւ ձայներով, բայց իրենց կը պակսի իմացականութիւն եւ խօսելու կարողութիւն:

Խօսիլը, բանաւոր հաղորդակցութիւնը ունի իր դրական եւ ժխտական ազդեցութիւնները: Ի զուր չէ, որ Յակոբոս առաքեալ լեզուն` հաղորդակցական այդ ազդու միջոցը, օրհնութեան կամ անէծքի աղբիւրի մը կը նմանցնէ: «Անով է, որ զԱստուած կ՛օրհնաբանենք եւ անով է, որ կ՛անիծենք մարդիկ» (Յակոբոս 3.9): Այսպէս, խօսիլը երբեմն օրհնութեան աղբիւր է եւ երբեմն ալ չարիքի աղբիւր: Նոյնպէս, չխօսիլը կրնայ բարիքի կան չարիքի աղբիւր ըլլալ:

Ե՞րբ խօսիլ եւ ե՞րբ լռել… Պահեր կան, երբ լուռ մնալը իմաստութիւն է: Պահեր ալ կան, երբ լուռ մնալը անէծքի աղբիւր է եւ իր վնասակար ազդեցութիւնը ունի: Ճշմարտութիւններ կան, որոնք պէտք է հաղորդուին իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ, բայց ամէն ճշմարտութիւն ամէն տեղ չ՛ըսուիր:

Կոյր դատաւորին պատմութիւնը դասական առակ մըն է ճշմարտութիւնը անխոհեմ եւ անտեղի կերպով խօսողներուն համար: Պատմութիւնը հետեւեալն է. «Գլուխը ծակ», ճշմարտախօս, բայց անխոհեմ մարդ մը դատարան կ՛երթայ  դատավարութեան մը համար եւ կը նշմարէ, որ դատաւորը աչազուրկ է: «Բարե՛ւ ձեզ, կո՛յր դատաւոր», կ՛ըսէ մարդը: Դատաւորը կը պատասխանէ, «Տխմա՛ր մարդ, ամէն ոք գիտէ իմ կոյր ըլլալս, ի՞նչ հարկ կայ ատիկա յիշեցնելու ինծի»: Յիրաւի, պահեր կան, երբ  լռութիւնը  ոսկի է, պահեր ալ կան, երբ լռութիւնը սխալ եւ անարդար է: Օրինակի համար, երբ մէկը գեղեցիկ արարք մը կը գործէ, ազնիւ ժեսթ մը կ՛ընէ, գնահատելի ծառայութիւն մը կը մատուցէ, գովելի նուաճում մը կը կատարէ, եւ այդ անձը մեզի ծանօթ մէկն է, կամ բարեկամ մը, անհրաժեշտ է, որ մեր գնահատանքը յայտնենք: Նման պարագայի մը լուռ մնալ ոչ միայն անքաղաքավար եւ կոպիտ բան է, այլ նաեւ նկարագրի արատ մըն է: Երբ առիթը կը ներկայանայ եւ լուռ կը մնանք, այս կամ այն նկատումով, այն ատեն խնդրոյ առարկան չէ, որ կ՛արհամարհենք, այլ մեր անձերը կը նուաստացնենք:

Եթէ գնահատանքի շինիչ խօսք մը ունինք, յայտնենք զայն խօսքով, լուռ չմնանք, ոչ ալ յապաղած գնահատանք մը ընծայենք: Տա՛նք պատիւը արժանաւորին, լուռ ու մունջ չմնանք:

Երբ խօսիլը անհրաժեշտ է խօսինք, անվարան եւ անյապաղ: Երկար ատեն չսպասենք մեր գնահատանքը ընելու: Յիշենք հայկական առածը. «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»: Ինչո՞ւ սպասենք` յետմահու դրուատիքներ եւ գնահատանքներ ընելու…

Եթէ մէկու մը ըսելիքներ ունինք, որ ժխտական բնոյթ ունի, ուղղակի այդ անձին ըսելու ենք դէմ առ դէմ, հեռաձայնով կամ գիրով:  Փաստաբանի կամ միջնորդի միջամտութեան պէտք չկայ: Եթէ բարեկամի մը կամ պաշտօնակիցի մը նկարագրին կամ բարոյականին մասին տարաձայնութիւն մը, զրպարտութիւն մը կամ ամբաստանութիւն մը կայ, փոխանակ բամբասանքներն ու չարախօսութիւնները հրահրելու, անհրաժեշտ է, որ վերահասու ըլլանք իրողութեան, եւ եթէ մօտիկ կը զգանք խնդրոյ առարկայ ենթակային, ուղղակի հաղորդակցելու ենք անոր հետ: Նախ իմանալու  ճշմարտութիւնը, ապա` պարտն ու պատշաճը խօսելու անոր:  Բոլորս ալ իրազեկ ենք, որ ըսի- ըսաւները աւելի կը բարդացնեն ու կը վատթարացնեն շրջագայող զրոյցները եւ, ինչպէս առածը կ՛ըսէ, «Բերնէ բերան, շիւղը կ՛ըլլայ գերան»:

Հովուական պաշտօնութեանս շրջանին յաճախ հանդիպած եմ մարդոց, երբ ակներեւ ճշմարտութեան մը առջեւ լուռ  մնացած են:  Ունեցած եմ պաշտօնակիցներ, որոնք հովիւ եղբօր մը մասին երբ սխալ վկայութիւն տրուած է, եւ իրենք ճշմարտութիւնը գիտէին, լուռ մնացած են, եւ իրենց հոգեւոր եղբայրը անիրաւօրէն անարգանքի եւ քամահրանքի սիւնին գամուած է:

Հակադարձաբար, երբ ճշմարտութիւն մը խօսուելու է անվերապահօրէն` ի շահ հաւաքականութեան մը բարօրութեան, եւ կը վարանինք յայտնել զայն այս կամ այն նկատառումով, նոյնքան յանցաւոր կը դառնանք: Օրինակի համար, կարեւոր պաշտօնի մը համար թեկնածուի մը անունը մէջտեղ կը դրուի: Գիտնալով հանդերձ, որ այդ անձը առաջադրեալ պաշտօնը վարելու ո՛չ պէտք եղած պատրաստութիւնը, ո՛չ ալ կարողութիւնը ունի, երբ արիութիւնը կը պակսի մեզի` ըսելու այն, ինչ որ պէտք է ըսուի, այն ատեն թէ՛ հանրային գործի բարելաւման եւ թէ՛ մեր նկարագրին վնաս հասցուցած կ՛ըլլանք:

Յաճախ արդարադատութեան եւ անկեղծութեան պակասը, ըսուելիքը չըսելով եւ չըսուելիքը ըսելով որքա՜ն մարդիկ եւ գործեր տուժած են, մարդկային յարաբերութիւններ խզուած են, որքան կեանքեր դառնացած, վիրաւորուած եւ քայքայուած են:

«Սպանութիւն մի՛ ըներ» կ՛ըսէ տասնաբանեայի վեցերորդ պատուիրանը: Սպանութիւն գործելը միայն սուրով եւ զէնքով չէ, որ կ՛ըլլայ, այլ նաեւ` լեզուով, գրիչով, չարախօսութիւններով, անհիմն ամբաստանութիւններով, «յուդայական համբոյր»-ներով անարի լռութեամբ կամ անարդար զրպարտութեամբ:

Ե՞րբ խօսիլ եւ ե՞րբ լռել… Կարեւոր հարցում մըն է,  բայց այս հարցումին հետ սերտօրէն աղերս ունի հետեւեալ հարցումը: Ի՞նչ է մեր խօսելիքին կամ լուռ մնալուն շարժառիթը. խնդրոյ առարկան սրբագրե՞լ, թէ՞ բարձրացնել է, թէ՞ զայն վարկաբեկել եւ նուաստացնել է. անոր օգտակար ըլլա՞լ է, թէ՞ վնասակար:

Անտարակոյս, մարդ մը սպաննելու մէկէ աւելի միջոցներ կան, ինչպէս` գաղտագողի կամ բացէ ի բաց զայն մեռցնել, զայն անակնկալօրէն կռնակէն հարուածելով սպաննել, ինչպէս նաեւ անոր նկարագիրն ու բարոյականը արատաւորելով` արժանապատուութեան զգացումը մեռցնել. ինչ որ անգլերէն լեզուով կը կոչուի character assassination, եւ ասիկա կարելի է ընել  սուտ վկայութիւններով, չափազանցութիւններով եւ կէս ճշմարտութիւնները լմանի տեղ քշելով: Այս փորձութեան մէջ չիյնալու համար, սաղմոսերգուին նման, մենք ալ անկեղծութեամբ աղօթելու ենք, «Ո՛վ Տէր, պահապան դիր իմ բերնիս ու իմ շրթներուս դուռը պահպանէ» (Սաղմոս 141.3):

Այս առնչութեամբ նշանաւոր յոյն փիլիսոփայ Սոկրատի թելադրութիւնը կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ մեզի: Օր մը մարդ մը յուզումնախառն անձկութեամբ մօտեցաւ Սոկրատին եւ ըսաւ. «Վարպե՛տ, շատ կարեւոր բան մը ունիմ ըսելիք բարեկամիդ մասին»: «Կեցի՛ր,- ընդմիջեց փիլիսոփան, – Նախ ըսէ, թէ ինծի պատմելիքդ երեք տեսակ պարզուտներէն (քամոց, կամ գործիք) անցուցի՞ր»:

«Երեք պարզո՞ւտ»,- հարց տուաւ մարդը զարմացած. – Ի՞նչ են անոնք:» «Ահաւասիկ,- բացատրեց Սոկրատ,- նախ տեսնենք, թէ պատմելիքդ ճշմարի՞տ է. ասիկա առաջին պարզուտն է: «Ճշմարի՞տ… կ՛ենթադրեմ, թէ այդպէս է. ծանօթներս ինծի այդպէս տեղեկացուցին-, ըսաւ մարդը:- Արդեօք, որքա՞ն վստահելի են ուրիշներու պատմածները», հարցուց Սոկրատ:

Երկրորդ պարզուտը` «պատմելիքդ բարի՞ է, թէ ոչ»: Մարդը քիչ մը վարանելով ըսաւ. «Ո՛չ, բարի չէ»: «Իսկ երրորդ պարզուտը հետեւեալն է. պատմելիքդ օգտակա՞ր է. ինծի համար անհրաժե՞շտ է»: Մարդը պատասխանեց, «Ո՛չ օգտակար է եւ ո՛չ ալ անհրաժեշտ»: «Մտիկ ըրէ՛, բարեկամ,- ըսաւ Սոկրատ: – Քանի որ պատմելիքդ ո՛չ ճշմարիտ է, ո՛չ բարի եւ ո՛չ ալ օգտակար, փափաք չունիմ լսելու զայն»:

Այո՛, լռելու եւ խօսելու ժամանակներ կան: Ի զուր չէ, որ Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ, «Ժամանակ կայ լռելու եւ ժամանակ կայ խօսելու»: (Ժողովողի 3.7):

 

 

 

Նախորդը

Յակոբ Յակոբեան (ԻԷ.) Մեր Վերջին Հանգրուանը, Կամ` «Մարդկային Վերաբերմունքի Բացակայութենէն…»

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անթալիայէն Արցախ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?