ՓԱՆՈՍ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Կար ժամանակ,
տուներն իրարու մօտ էին այնքա՜ն .
մէկուն գիշերն ընդարձակ,
ցակապատուած առօրեայովը միւսինտան մը քաղցր մթնոլորտը կը լուսէր…
Յետմիջօրէն
կ՛արտաշնչէր ստուերներ
սալորենիին գաղջ փաղաքշանքով
աղջկան դիմանկարներ շրջանակելու:
Մեր մանկութեան թախծասեւեռ յոյզերով,
տուներու սպիտակ կտուրներուն հեղեղուած
աստղեր,
կորուսեալ հայրենիքի մասին,
չլուսցող միտքեր կը լուսաբանէին:
Ոմանց համար,
աստղերն այդ
հայրենաւանդ սօսիներու շուքերուն զոհուած
հարազատի արեան ցայտքեր էին
երկինքի անեզրութիւնն ի սպառ մրոտած…
Օ՜ , ժամանակ,
անժամանակ մեկնողներու բազմութեանց ընդմէջէն,
ինծի սեւեռող դիմաստուերներով
օրերուս ո՞ր անբնակ մայրուղիներն ես խճողեմ:
Հիմա կարծես
ցերեկը մէկուն
գիշերն է միւսին,
եւ կարենալ պահելու համար
փոթորկայոյզ նժարները նոյն կշիռքին
հարկաւոր է,
որ ես ննջեմ գիշերները լոկ մէկ աչքով,
միւսին մէջ պահելու դէմքս արթուն:
Շէնքի մը
Երեսուն յարկերուն տակ ցանցուած
օտարներու մէջ անլեզու,
քաջատեղեակ մնջախաղի արուեստին,
միակ օտարն ես ըլլամ:
Եւ դեգերի՜մ, դեգերի՜մ ,
ժամերուն հետ երբեք չժամադրուած
սլաքին նման:
( Քեզ ինչպէ՞ս կոչեմ)


