Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրախօսական. Շահեկան Հատոր Մը Հնչակեան Կուսակցութեան Քաղաքականութեան, Գաղափարախօսութեան Եւ Անդրազգային Պատմութեան Մասին

Մարտ 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

The Armenian Social Democrat Hnchakian Party: Politics, Ideology and Transnational History, ed. Bedross Der Matossian, I.B. Tauris, London, 2024, pp. 275.

Այս տարուան սկիզբը Լոս Անճելըսի մէջ հրապարակուեցաւ շահեկան հատոր մը՝ «Հայ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, գաղափարախօսութիւնը եւ անդրազգային պատմութիւնը» խորագրով։

Հատորը խմբագրած է Պետրոս Տէր Մաթոսեան, որ Նեպրասքա-Լինքոլնի համալսարանի ժամանակակից Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան փրոֆեսոր է։ Առկան յօդուածներու ժողովածու մըն է ու իր մէջ կը բովանդակէ Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան եւ ազգային-քաղաքական գործունէութեան մասին անգլերէն լեզուով շարադրուած 13 ուսումնասիրութիւններ։ Ասոնց կարեւոր մէկ մասը, որ գիրքին հիմնատաղձը կը կազմէ, ներկայացուած էր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին, որ գումարուած էր 27 Հոկտեմբեր 2012 թուականին, Պըրպենքի «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» հանդիսասրահին մէջ:

Նշուած գիտաժողովը իրականացած էր նախաձեռնութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան կազմակերպութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը տարբեր երկիրներէ ու ԱՄՆ-ի այլ շրջաններէ բերած էին ականաւոր պատմաբաններ եւ գիտահետազօտողներ։ Այս առթիւ, շուրջ 200 մասնակիցներու ներկայութեամբ, անոնք հերթաբար ներկայացուցին իրենց նիւթերը, որոնք,– ինչպէս ընդունուած կարգն է գիտաժողովներու,– ունեցան շահեկան քննարկումներ եւ արձանագրեցին հարց ու պատասխաններու գոհացուցիչ եզրակացութիւններ։

Պատկերացում մը կազմելու եւ գուցէ մեր յիշողութիւնը թարմացնելու համար կ’արժէ այստեղ մէջբերել գիտաժողովին մասնակցած ակադեմականներու անուններն ու անոնց ներկայացուցած նիւթերը.

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան՝ «Ժընեւ եւ Հնչակեան Կուսակցութեան ստեղծումը»։

Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան՝ «Գաղափարաբանութիւն եւ գրականութիւն. Մայր կուսակցութիւնը եւ անոր մտաւորական զաւակները»։

Փրոֆ. Ժիրայր Լիպարիտեան՝ «ՍԴՀԿ-ի ակունքներուն մօտ. Խնդիրներ եւ յարակարծիքներ»։

Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան՝ «Բացարձակ միապետութիւն. Հնչակեան յեղափոխական դրուագը 1890-ականներու հայկական Մուսա լեռի մէջ»։

Դոկտ. Կարապետ Մոմճեան՝ «1895-էն 1914. Հայկական քաղաքական-յեղափոխական կազմակերպութեանց յարաբերութիւնները Երիտասարդ Թուրքերու հետ»։

Փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեան՝ «Կայսրութիւններու անկումէն մինչեւ համաշխարհայնացման դարը. Հայկական քաղաքական գաղափարախօսութեան եւ ռազմավարութեան խնդիրներ եւ հարցադրումներ»։

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան՝ «Հնչակեան Կուսակցութիւնն ու Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը»։

Արամ Արքուն՝ «Հնչակեան Կուսակցութեան դերը Կիլիկիոյ մէջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի յետնօրեակին»։

Փրոֆ. Արա Տօսթուրեան՝ «Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հնչակեան Կուսակցութեան աշխատաւորական եւ քաղաքական գործունէութիւնը, համաշխարհային հնչակեան շարժման պարունակին մէջ (1890‒2000)»։

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ «Հնչակեան Կուսակցութեան գործունէութիւնը Հարաւային Ամերիկայի հայկական համայնքներուն մէջ. Սկզբնական շրջանի ուրուագիծ մը»։

Փրոֆ. Արա Սանճեան՝ «Խրուշչեւ, Ղարաբաղ եւ հնչակեանները. Փաստագրական ուղեւորութիւն մը բանաւոր պատմութեան աշխարհի յառաջխաղացքին մէջ»:

Գիտաժողովի եռանդուն նախաձեռնողներէն մասնաւորաբար Յարութ Տէր Դաւիթեանի, Վազգէն Խոտանեանի, Սեւակ Խաչատուրեանի եւ Թովմաս Եթերեանի առաջնահերթ ծրագրերէն մին էր վերոնշեալ գիտաժողովին նիւթերը առանձին հատորի մը վերածելով հրատարակել՝ արձանացնել կարենալու համար Լոս Անճելըսի մէջ ակադեմական մակարդակով կազմակերպուած Հնչակեան Կուսակցութեան 125-ամեակի նշումը, որ, ցաւօք, ինչ-ինչ պարագաներու բերումով երկարաժամկէտ տեւողութեան մը համար յետաձգուեցաւ։ Փաստօրէն առկայ հատորը մասամբ այդ ծրագրին իրականացումն է, որուն մէջ ներառուած են յաւելեալ յօդուածներ, որոնք այդ ժամանակ մաս կազմած չէին գիտաժողովին։ Անշուշտ սոյնը պէտք է դրական իմաստով գնահատել, որովհետեւ հատորը այսպիսով ստացած է աւելի ծաւալ, իսկ բովանդակութիւնը՝ ճոխացած, յատկապէս թուրք հեղինակներու ուսումնասիրութեանց ներդրումներով։

Բոլորովին աւելորդ պիտի չըլլայ, եթէ այստեղ ներկայացուի ժողովածուն կազմած հեղինակներու եւ նիւթերու ամբողջական ցանկը.

Պետրոս Տէր Մաթոսեան, «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը պատմութեան ընթացքին», էջ 1‒17։

Աբէլ Մանուկեան, «Խմբանկարի մը պատմութիւնը եւ Ժընեւի «Յեղափոխական Ընկերութեան» կազմաւորման թուականը», էջ 21‒37։

Կարապետ Մոմճեան, «Հնչակեան «Ոչ»-ը երիտթրքական նախաձեռնութիւններուն, 1895‒1908», էջ 38‒55։

Եղիկ Ճէրէճեան, «Նորայայտ նամակ Փարամազին՝ Սապահ-Գիւլեանէն», էջ 56‒74։

Toygun Altintaş, «Հայեր, մահմետականներ, քաղաքացիներ. Հնչակեան Պամֆլետագրութիւնը Կենտրոնական Անատոլիոյ մէջ» էջ 87‒106։

Վարագ Գեթսեմանեան, «Գիւղացիներ, հովիւներ եւ յեղափոխականներ. Հնչակեան եւ հայ-քրդական յարաբերութիւնները ուշ օսմանեան արեւելեան Անատոլիոյ մէջ», էջ 107‒13։

Ümit Kurt, «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւնը Այնթապի մէջ. Հիմնադիրներ, գաղափարախօսութիւն եւ կառոյց», էջ 132‒147։

Վահրամ Լ. Շէմմասեան, «Բացարձակ միապետութիւն. Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան յեղափոխական դրուագը հայկական Մուսա լեռան մէջ 1890-ականներուն», էջ 148‒171։

Վարդան Մատթէոսեան, «Հնչակեանները Հարաւային Ամերիկայի մէջ. Վաղ պատմութիւն», էջ 172‒189։

Ժիրայր Լիպարիտեան, «Գաղափարախօսութիւն եւ իրականութիւն. Հնչակեան տարաբանութիւնը (պարատոքս) իր ծնունդով», էջ 193‒204։

Կայծ Մինասեան, «ՍԴՀԿ-ՀՅԴ. Եղբայրական երկուորեակներ կամ կիսով չափ միանման երկուորեակներ», էջ 205‒226։

Taşar Tolga Cora, «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ստամպուլի ուսանողական միութիւնը եւ անոր «Կայծ» պարբերականը (1911‒1914)», էջ 227‒236։

Kadir Akin, «Թաքնուած պատմութեան հետքերով. Սոցիալիզմի արմատները Օսմանեան Կայսրութեան մէջ», էջ 237‒253։

Հետեւեալ էջերը՝ 255‒275 կը բովանդակեն հայ յեղափոխական ականաւոր գործիչներու համառօտ կենսագրականներ, գրականութեան, անուանական եւ առարկայական ցանկեր։

Գուցէ իր տեսակին մէջ գնահատելի ներդրում մըն է առկայ ժողովածուն՝ նկատի ունենալով, որ հայ ժողովուրդի յեղափոխական պատմութեան ԺԹ. Եւ Ի. դարերու վրայ երկարող ժամանակահատուածին վրայ որոշակի լոյս մը կը սփռէ, այլեւ ի յայտ կը բերէ պատմական շատ մը երեւոյթներ, փաստեր, իրադարձութիւններ, որոնք մնացած էին ցարդ անյայտ՝ թաղուելով կամ թերեւս մոռացութեան ենթարկուելով ժամանակի վայրագ թաւալումներուն մէջ։ Արդարեւ, ընթերցողը ոչ միայն կը ծանօթանայ Օսմանեան Կայսրութեան անարգ լուծը թօթափելու համար հայ ժողովուրդի մղած ազգային-ազատագրական պայքարի արիւնալի էջերուն, այլ միաժամանակ այն եզակի աւանդին հետ, որ հայ ժողովուրդի ազատախոհ զաւակները փորձած են միջազգային նոր գաղափարներով ու գաղափարախօսութիւններով պատուաստել Օսմանեան Կայսրութեան տակ հեծող բազմազգ ժողովուրդներուն եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն մտահորիզոնը։ Բացի կենցաղային եւ ընկերային կեանքի հետ կապ ունեցող այն բազմաթիւ ներդրումներէն, ըլլան անոնք պալատական, դիւանագիտական, վարչական, դատական, զինուորական եւ դրամատնային գործառոյթներու, արդիւնաբերական, ապահովագրական համակարգի, բժշկութեան, քաղաքաշինութեան, արհեստներու, առեւտուրի, գիտութեան, մշակոյթի տարբեր ոլորտներուն` ճարտարապետութեան, կերպարուեստի, լուսանկարչութեան, թատրոնի, երաժշտութեան, կիրառական արուեստներու, երկրի տնտեսութեան համար նոր ձեւաւորուող կարեւորագոյն ճիւղերու, ինչպէս նաեւ մարմնամարզութեան, հասարակական կազմակերպութիւններու ասպարէզներէն ներս, Հնչակեան Կուսակցութեան հրաճակատ ներկայացուցիչները անտարակոյս եղած են այն ռահվիրաները, որոնք ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն ներմուծած, այլեւ տարածած են Օսմանեան Կայսրութեան գլխաւոր քաղաքներէն մինչեւ ամենախուլ վայրերը։ Անոնք միջոցին մէջ խտրութիւն չեն դրած հասնելու իրենց գլխաւոր նպատակին՝ յառաջդիմական գաղափարներու քարոզչութեամբ խանդավառելու օսմանցի քաղաքացին՝ մարդկային արժանապատուութեան, բանուոր դասակարգի եւ գիւղացիներու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, դասակարգերու հաւասարութեան սկզբունքին, խաղաղ գոյակցութեան եւ ազգերու ազատ ինքնորոշման մասին՝ առանց ցեղային, կրօնական կամ մշակութային պատկանելիութեան խտիրի։

Առկայ հատորին անվերապահ կարեւորութիւնը նշելով հանդերձ, յաւելեալ ընդգծելով հոն ներկայացուած նիւթերուն, քննարկումներուն, վերլուծումներուն եւ կատարուած եզրայանգումներուն գիտական ձեռքբերումները, առաւել եւս գիրքը միջազգային հանրութեան եւ ընթերցասէր հասարակութեան ներկայացնել կարենալու համար անգլերէն լեզուով իրականացած հրատարակութիւնը արժանի է մեծագոյն գնահատանքի։ Սակայն եւ այնպէս գիտական պարտաճանաչութիւնը կը պահանջէ նաեւ խոստովանիլ, որ ան զերծ չէ սխալներէ, վրիպակներէ եւ անուշադրութեան հետեւանքով յառաջացած հարցերէ, որոնցմէ միայն քանի մը հատը, կառուցողական նպատակներէ մեկնելով, պիտի ուզէինք նշել ստորեւ.

ա. Գիրքին երեսի կողքը կը ներկայացնէ Հնչակեան Կուսակցութեան զինանշանը, որուն վրայ փառաւոր կը ցոլայ Ս.Դ.Հ.Կ. համառօտագրութիւնը, որ կը կարդացուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն։ Սոյնը Հնչակեան Կուսակցութեան պաշտօնական անունն է, մինչդեռ նոյն կողքին վրայ կը կարդանք անոր անգլերէն վերտառութիւնը՝ “The Armenian Social Democrat Party” – «Հայ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն»։

Հնչակեան Կուսակցութեան հայկականութիւնը ինքնըստինքեան միանշանակ հասկնալի ու մեկին է, սակայն «հայ» ածականը մաս չի կազմեր իր պաշտօնական անունին։ Օրինակ՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կամ «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն» պաշտօնական անուններուն բաղկացուցիչ մասն է «հայ» ածականը եւ սխալ է զայն անոնցմէ անջատել եւ, այս պարագային, առնուազն վերնագրի մը մէջ, նոյնքան սխալ է «հայ» ածականը կցել «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն» անունին։

բ. Խմբագիրը իր հեղինակած «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը պատմութեան ընթացքին» յօդուածին մէջ կ’անդրադառնայ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներուն, ուր հերթաբար կը թուէ անոնց անունները՝ նշելով.

«Եօթը պաշտօնական հիմնադիրներն էին Նազարբէկեան, Վարդանեան, Խան-Ազատ, Ղարաջեան, Օհանեան, Կաֆեան եւ Լեւոն Ստեփանեան» 1 ։

Առկան կոպիտ սխալի մը կրկնութիւնն է, որ թիւրիմացաբար յառաջացած է Հնչակեան Կուսակցութեան մասին այնքան արժէքաւոր գիրքի մը մէջ, որ անգլերէն լեզուով հեղինակած է Լուիզ Նալպանտեան իր համանուն աշխատասիրութեան՝ “The Armenian Revolutionary Movment 2 ” ուսումնասիրութեան մէջ։ Ան կը նշէ.

«Եօթը պաշտօնական հիմնադիրներն էին Աւետիս Նազարբէկեան, Մարօ Վարդանեան (Մարօ), Գէորգ Ղարաջեան, Ռուբէն Խան-Ազատ, Քրիստափոր Օհանեան, Գաբրիէլ Կաֆեան եւ Լեւոն Ստեփանեան» 3 ։

Վերոնշեալին հետեւելով, դժբախտաբար, նոյն սխալը նաեւ ակամայ մենք թոյլ տուինք, մեր անգլերէն լեզուով հրատարակած “The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows” 4 գիրքին մէջ։

Բարեբախտաբար, սակայն, յաջորդ ուսումնասիրութեան առթիւ ուղղեցինք այդ թիւրիմացութիւնը՝ հիմնուելով արխիւային անհերքելի փաստաթուղթերու եւ պատմական տուեալներու վրայ՝ բացայայտելու համար, որ Հնչակեան Կուսակցութեան իրական հիմնադիրները միայն վեց հոգի եղած են, իսկ Լեւոն Ստեփանեան շատ կարճատեւ շրջան մը միացած է կուսակցութեան, հուսկ ընդմիշտ հեռացած է անկէ։ Ահաւասիկ այս մասին կը վկայէ Ռուբէն Խան-Ազատ Պոսթըն հրատարակուող «Հայրենիք» ամսագրի յաջորդական թիւերով՝ իր «Հայ յեղափոխականի յուշերից» յօդուածաշարքին մէջ.

«Մեր յեղափոխական ընկերութիւնը արդէն կազմուած էր համարւում։
Նրա անդամներն էին՝ օր. Մ. Վարդանեան, Ա. Նազարբէկեան, Գ. Ղարաջեան, Գ. Կաֆեան, Ք. Օհանեան եւ տողերիս գրողը։
Սրանց վրայ պիտի աւելացնեմ մի եօթներորդին […] Դա գանձակեցի Լեւոն Ստեփանեանն էր, Մոնպէլիէի գիւղատնտեսական դպրոցի վերջին կուրսի ուսանող […] Դեռ ‛Հնչակ’-ը լոյս չէր տեսած, նա աւարտեց իր ուսումը եւ եկաւ Ժընէվ մեզ հետ տեսնուելու […] Նա պիտի գնար նախ իր մայրենի քաղաքը՝ Գանձակ, իր ծնողների հետ տեսնուելու եւ ապա՝ մի երկու ամիս յետոյ պիտի անցնէր Հայաստան, Վան […] Սակայն ո՜րչափ մեծ եղաւ մեր զարմանքն ու հիասթափումը, երբ մի քանի ամսից յետոյ բոլորովին կողմնակի աղբիւրներից տեղեկացանք, որ գիւղատնտես Լեւոն Ստեփանեանը ինչ որ ծառայութեան մէջ էր մտել ու գնացել Ղրիմ իր մասնագիտութեան ասպարէզում աշխատելու» 5 ։

Հետաքրքրականը այն է, որ առկայ հատորին մէջ յարգելի խմբագրողի յօդուածին կը յաջորդէ մեր «Խմբանկարի մը պատմութիւնը եւ Ժընեւի «Յեղափոխական Ընկերութեան» կազմաւորման թուականը» խորագրով յօդուածը, ուր ընդերկար անդրադարձած ենք այս մասին՝ լուսաբանելով, որ խնդրոյ առարկայ գանձակեցի Լեւոն Ստեփանեանը չէր կրնար հիմնադիր անդամ նկատուիլ Հնչակեան Կուսակցութեան։ Հակառակ այս փաստին, ցաւօք, պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող այս իրադարձութիւնը վրիպած է Պետրոս Տէր Մաթոսեանի ուշադրութենէն։ Այս առնչութեամբ տարօրինակը այն է, որ Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեամբ զբաղող հեղինակներ, մին միւսէն օգտուելով, առնուազն 137 տարիէ ի վեր նոյն սխալները կը յանկերգեն, իսկ նոր սերունդը, նոյնիսկ հնչակեան շարքերը պատմական այս թիւրիմացութիւնները կ’ընդունին իբրեւ ճշմարտութիւն։

Բայց կայ տակաւին յոռեգոյնը՝ Մանուէլ Մանուէլեանի մը կերպարը, որ հնչակեան «նոր» պատմագրութեան մէջ գրեթէ ամրագրուած է իբրեւ մին կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն։ Մանուէլ Մանուէլեան մը առաջին անգամ կը յիշատակուի Արսէն Կիտուրի «Պատմութիւն Ս[ոցիալ]

Դ[եմոկրատ] Հնչակեան Կուսակցութեան (1887‒1962)» ստուար երկհատորին մէջ 6 ։ Մեր վերոնշեալ յօդուածին մէջ պարզած ենք, որ նման երեւոյթի մը գոյութիւնը ուղղակի պատմական թիւրիմացութիւն մը կամ գուցէ դիտաւորեալ չարափոխում մըն է։ Իրողութիւնը այն է, որ Կիտուր Հնչակեան Կուսակցութեան երկհատորեակը խմբագրելու միջոցին առաջնորդուած է հիմնադիրներու եօթնեակ լուսանկարով՝ առանց իմանալու, որ գոյութիւն ունեցած է բուն հիմնադիրներու վեցեակ լուսանկար մը եւս՝ Մոսկուա հրատարակուող «Армянский вестник» («Արմեանսկի վեսնիկ» – Հայկական լրաբեր) թերթին մէջ, ուր Ռուբէն Խան-Ազատ անդրադարձած է Հնչակեան Կուսակցութեան Ժընեւի մէջ ձեւաւորման պատմութեան։ Պատմական ոչ մէկ փաստաթուղթ եւ վաւերական ոչ մէկ յուշագրութիւն կը վկայէ Մանուէլ Մանուէլեանի մը գոյութիւնը Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներու շարքին։ Բայց ահա տես զաւեշտալին, երբ Փիթըր Մանուէլեան մը 2016 թուականին Սիէթըլի մէջ կը հրատարակէ իր հօր՝ Մարտիրոս Մանուէլեանի յուշերը 7 , ուր կ’ենթադրէ, թէ իր պապը՝ Մանուէլ Մանուէլեանը, եղած է մին Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներէն։ Սոյն յուշագրութիւնը այնուհետեւ կը պարզէ, որ Մարտիրոս Մանուէլեանի հօրենական մեծ հայրը եղած է Բալու գաւառի Սեղամ գիւղէն։ Ան կը հաղորդէ.

«Հօրս (Մարտիրոս Մանուէլեանի) ծնունդէն յետոյ՝ 1876 թուականին, ծնողական պապս՝ Մանուէլ Մանուէլեան, Պոլիս կ’երթայ՝ իբրեւ շինարար վաստկելու համար իր կեանքը: Այնտեղ եղած ժամանակ ան կը ներգրաւուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրման մէջ» 8 ։

Ի վերայ այսր ամենայնի, յուշագրութեան խմբագիր Փիթըր Մանուէլեան առկայ գրքոյկին մէջ հնչակեան հիմնադիրներուն, այսպէս կոչուած, եօթնեակ լուսանկարը արտատպած է, որուն տակ կ’արձանագրէ.

«Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիր անդամները։
Լուսանկարը առնուած է հաւանաբար 1887
‒1890 թուականներուն Ժընեւի կամ Կ.Պոլսոյ մէջ։ Ձախէն աջ՝ Ռուբէն Խանազատ, Պօղոս Աֆրիկեան, Աւետիս Նազարբէկեան, Մանուէլ Մանուէլեան (կնոջ թիկունքին կանգնած), Մարօ Նազարբէկեան Վարդանեան, Գէորգ Ղարաջեան եւ Գաբրիէլ Կաֆեան։ Մանուէլ Մանուէլեանը հեղինակին պապն է եւ խմբագրին նախապապը։ Մենք չենք գիտեր, թէ ան ինչպէս է ներգրաւուած տակաւին գոյութիւն ունեցող հայկական քաղաքական այս կուսակցութեան սկզբնաւորման մէջ» 9 ։

Ամենայն յարգանք տածելով հեղինակին հանդէպ, նաեւ յարգելով յիշատակը լուսահոգի իր հօր եւ մեծհօր, պատմական իրողութիւնները պահպանելու համար պարտք պիտի զգանք ըսելու, որ կարելի ալ չէր գիտնալ իր պապիկին՝ Մանուէլ Մանուէլեանի, ներգրաւուածութիւնը Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան պատմութեան հետ, քանի որ նման իրադարձութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չէ ունեցած։ Նախ եւ առաջ, Հնչակեան Կուսակցութեան վերոյիշեալ լուսանկարին տակ նշուած անուանաշարքը սխալ է. Պօղոս Աֆրիկեան չէր կրնար այդ լուսանկարին մէջ գտնուիլ, նաեւ Մանուէլ Մանուէլեան նոյնացած է Գաբրիէլ Կաֆեանի հետ, որ միանշանակ սխալ մըն է։ Ինչպէս շատ մը հայորդիներ այդ ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէն Կ.Պոլիս կը մեկնէին դառնալով պանդուխտ, տաժանակիր աշխատանքով եկամուտ ձեռք բերելու՝ նիւթապէս ապահովել կարենալու համար հեռուն գտնուող իրենց ընտանիքները։ Մանուէլ Մանուէլեան նոյնպէս ստիպուած եղած է դիմելու պանդխտութեան, սակայն Կ.Պոլսէն դուրս չէ ելած, մինչդեռ Հնչակեան Կուսակցութիւնը հիմնադրուած է Ժընեւի մէջ միայն վեց արեւելահայ ուսանողներէ, որոնք արդարեւ հիմնադիրներ կը կոչուին եւ պատմութիւնը կ’աւանդէ անոնց լուսափառ անունները՝ Աւետիս Նազարբէկեան, Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեան, Ռուբէն Խան-Ազատ, Գաբրիէլ Կաֆեան, Գէորգ Ղարաջեան եւ Քրիստափոր Օհանեան։

Ի դէպ հոս հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս է յառաջացած Մանուէլ Մանուէլեանի մը անունը իբրեւ մին Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն։ Արդեօ՞ք Արսէն Կիտուր Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան երկհատորը խմբագրելու միջոցին գիտցած է, թէ հիմնադիրներու եօթնեակ լուսանկարին մէջ եօթներորդ կիսանիստ դիրքով երիտասարդը Կազիցկի անունով ռուս ուսանող մըն է, որ բոլորովին պատահաբար յայտնուած է այդ լուսանկարին մէջ։ Արդեօ՞ք Կիտուր անյարմար զգացած է իր պատկանած կուսակցութեան հիմնադիրներուն մէջ անուանապէս նշելու ռուսի մը ներկայութիւնը, հետեւաբար զայն քօղարկելու նպատակով յօրինած է Մանուէլ Մանուէլեան անունը։

“Amicus Plato, sed magis amica veritas” – «Պղատոնը կը սիրեմ, բայց ճշմարտութիւնը՝ աւելի՛», ըսած է Արիստոտել։ Բոլոր պարագաներուն, առկայ գրախօսականը ամենեւին չունի նման առաջադրանք մը՝ պարզաբանելու կամ տալու համար վերոնշեալ հարցադրումներուն պատասխանները։ Հետեւաբար այս կարեւոր տարաշեղումէն ետք, հարկ կը զգանք վերադառնալ մեր քննարկած գիրքին։

գ. Նկատի ունենալով, որ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ չունինք հրատարակչատուներու մասնաւոր համակարգ մը, որ պիտի ստանձնէր հեղինակներու ստեղծագործութեանց տպագրութեան նաեւ ծախսերը, այդ պահանջը սովորաբար կը լրացնեն ազգային հաստատութիւններ, հիմնադրամներ կամ բարերարներ, որոնք սիրայօժար կը տրամադրեն տպագրութեան համապատասխան գումարը։ Ի զուր փնտռեցի բարերարի մը անունը քննարկուած գիրքի տիտղոսաթերթին վրայ, ուր ընդհանրապէս հեղինակներ զանոնք առ ի երախտագիտութիւն կը նշեն, որովհետեւ առանց անոնց նիւթապէս օժանդակելու պատրաստակամութեան՝ ուղղակի կը յամենայ կամ նոյնիսկ անկարելի կը դառնայ սփիւռքի տարածքին հայկական գիրքերու տպագրութիւնը։ Ի վերջոյ, գիրքին 12-րդ էջին մէջ, շնորհակալիքներու երկար շարքի մը վերջաւորութեան, հազիւ նշմարելի դարձաւ բարերարներուն՝ տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Հայկօ Գալթաքճաններուն անունը, որոնք ստոյգ պատկառելի գումար մը տրամադրած էին իրականացնելու համար առկայ հատորին հրատարակութիւնը։

դ. Առկայ գրախօսականը խմբագրելու միջոցին, պատահաբար Դիմատետրի գլխաւոր էջին մէջ յայտնաբերեցի Պետրոս Տէր Մաթոսեանի տեղադրած թռուցիկը, թէ Փասատինայի (Քալիֆորնիա) մէջ, ամսոյս 14-ին տեղի պիտի ունենայ սոյն գիրքին շնորհահանդէսը, որուն գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ նոյնանուն խմբագիրը։ Անշուշտ ձեռնարկը գնահատելի է եւ սրտանց յաջողութիւն կը մաղթենք։ Սակայն ողջունելի պիտի ըլլար, որ սոյն հրաւէրը ուղղուած ըլլար նաեւ ժողովածուի յօդուածագիր հեղինակներուն։ Գուցէ անոնցմէ մին կամ միւսը պատրաստ ըլլար բերելու իր մասնակցութիւնը, գիրքին մէջ իր ներկայացուցած նիւթին վերաբերեալ կատարելու լուսաբանումներ, կամ խօսք առնելու համապատասխան քննարկումներուն առթիւ։ Այս առնչութեամբ մեր զարմանքը մեծ եղաւ, երբ վերահասու դարձանք, որ գիրքին բարերարը նոյնիսկ իրազեկուած չէ իր մեկենասած գիրքին շնորհահանդէսին մասին։ Վստահաբար ո՛չ գիրքին յօդուածագիր հեղինակները, ո՛չ ալ անոր առատաձեռն բարերարը ծափողջոյններ ստանալու ակնկալիքներ ունին, բայց միեւնոյն է, այս բոլորը դառնահամ զգացումներ կ’առթեն։ «Օ՜, ժամանակներ, օ՜, բարքեր», ըսած է մեծն Կիկերոն։ Գուցէ Փասատինայի մէջ իսկապէս տարբեր են ժամանակներն ու բարքերը…։

Յաւարտ բանիս՝ պէտք է անկեղծ ըլլալ ու խոստովանիլ, որ առկայ հատորը արժէքաւոր ներդրում մըն է Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան արժեւորման մէջ։ Արդարեւ, երբ մենք ընթերցելով յառաջացանք այս պատմութեան գիրքին էջերով, յայտնաբերեցինք ոչ միայն փաստեր եւ իրադարձութիւններ, այլեւ այն ոսկի կապը, որ անքակտելի կերպով իրարու կը զօդէ հայ ժողովուրդի անցեալն ու ներկան։ Իւրաքանչիւր էջ պատմութիւն մըն է մեր գոյապայքարի հերոսական էջերէն, որ կու գայ մեզի պատգամելու, որ հարկ է զայն լաւ ըմբռնել, ճիշդ գնահատել, հոգեւին իրեն հետ նոյնանալ եւ գիտակցապէս աճիլ անոնց հեղած սուրբ արիւնով, երախտաշատ վաստակով ու մեզի կտակած ազգային աւանդով։ Թող այս գիրքը շարունակէ ոգեշնչել մեզ՝ գերազանցօրէն արժեւորելու մեր պատմութիւնը եւ անցեալի իմաստութիւնը, այլեւ կեանքի թէկուզ դառն փորձառութիւններէն մեր ձեռք բերածը իբրեւ սեփական հարստութիւն եւ դրամագլուխ տանելու դէպի ապագան։

Յիրաւի՛, հոգաչափ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը բերին այս գիրքին իրականացման ծրագիրը մշակելու եւ տպագրութիւնը իրագործելու համար, ուստի ան ուրախութիւն եւ առաւել ճանաչողութիւն շնորհէ իր բազմաթիւ ընթերցողներուն։

Սրտանց բարի եւ յաջողակ երթ կը մաղթենք «Հայ Սոցիալ Դեմոկրատ

Հնչակեան Կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, գաղափարախօսութիւնը եւ անդրազգային պատմութիւնը» հատորին։

Ժընեւ, 12 Մարտ 2024

————-

1 “The seven official founders were Nazarbekian, Vardanian, Khan-Azad, Gharajian, Ohanian, Kafian and Levon Stepanian”. Հմմտ. “The Armenian Social Democrat Hnchakian Party: Politics, Ideology and Transnational History”, ed. Bedross Der Matossian, I.B. Tauris, London, 2024, էջ 5։

2 “The seven official founders were Avetis Nazarbekian, Maro Vardanian (Maro), Gevorg Gharadjian, Ruben Khan-Azat, Christopher Ohanian, Gabriel Kafian, and Levon Stepanian”. Հմմտ. Nalbandian, Louise, “The Armenian Revolutionary Movement. The Development of Armenian Political Parties through the Nineteenth Century”, Berkeley, Los Angeles, London, 1963.

3 Նմմտ. նոյնը, էջ 115։

4 Manoukian, Abel, “The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows”, Zangak publishing house, Yerevan, 2019, 192 p.

5 Հմմտ. Խան-Ազատ, Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի յուշերից», «Հայրենիք» ամսագիր, Ե. տարի, թիւ 9 (57), Յուլիս, Պոսթըն, 1927, էջ 58‒59։

6 Տե՛ս «Պատմութիւն Ս[ոցիալ] Դ[եմոկրատ] Հնչակեան Կուսակցութեան (1887‒1962)», խմբ. Արսէն Կիտուր, Պէյրութ, 1962, էջ 30, 37։

7 Manuelian Mardiros, “An Orphan’s Tale. An account of why I left home and waht happend afterwords”, Aratsani Press, Seatle, 2016, pp. 103.

8 “After my father (Mardiros Manuelian) was born in 1876, my parental grandfather, Manuel Manuelian, went to Bolis in order to earn a living as a house builder. While there, he became involved in the founding of the Social Democratic Huncakian Party”. Հմմտ. նոյնը, էջ 5։

9 «Founding members of the Social Democratic Hunchakian party. The photograph was taken probably between 1887‒1890 either in Geneva or Constantinopel. From left to right they are Roupen Khanazad, Boghos Afrigian,

Avedis Nazarpegian, Manuel Manuelian (standing behind woman), Maro Nazarpegian Vartanian, Kevork Gharachian and Kapriel Gafian. Manuel Manuelian is grandfather of author and great-grandfather of editor. We do not know how he became to be involved with the beginning of this still extant Armenian political party”.
Հմմտ. նոյնը, էջ 70։

 

 

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 149

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Մարտ 2024)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?