Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահանջ Ու Պահանջատիրութիւն

March 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՎՄԱՍ ԿՈՐԿԻՍԵԱՆ

Երբեմն հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ է պահանջատիրութիւնը:

Այլ խօսքով` ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել զայն:

Պահանջատիրութիւնը լաւ ճանաչելու համար  հարկ է գիտնալ, թէ ի՛նչ է պահանջը, եւ ո՞վ է պահանջատէրը:

Պահանջը ի՞նչ բնոյթ ունի: Անձնակա՞ն է, թէ՞ հաւաքական: Եւ այդ պահանջը անհասանելի երա՞զ մըն է, թէ՞ իրականալի բաղձանք:

Այդ պահանջը հետապնդելու հոգեվիճակը ներկա՞յ է, թէ՞ ոչ: Պատրա՞ստ ես վճռակամօրէն շարունակելու պահանջը կենդանի պահելու մտադրանքդ: Եւ` ի գին ամէն զոհողութեան:

Պահանջը կենդանի պահողը պահանջատէրն է: Միայն անոր (անհատական եւ հաւաքական) ճիգով, աշխատանքով եւ կամքով է, որ կարելի կ’ըլլայ պահել, պահպանել եւ շարունակել պահանջը:

Պահանջը, ով հայեր, ազգակիցներ, միայն գրաւուած հողի վերադարձ եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում չէ, այլ հայավայել կեանք մը ապրելու աննահանջ պահանջն է նաեւ: Մարդկայնօրէն արժանի կեանք մը, երբ չեն անտեսուած մարդուն ինքնութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը:

Այլ խօսքով, վերոյիշեալ մարդկային արժէքները կարելի չէ եւ պէտք չէ անտեսել կամ ոտնակոխել` մեծ կամ հաւաքական պահանջին պատճառով կամ պատրուակով

Պահանջատիրութիւնը հաւատաւոր եւ աննկուն մարդոց կը կարօտի: Եւ անոնք պէտք է ապրին եւ ոչ թէ մեռնին պահանջի բոցը անմար պահելու համար: Եղեռնին յաջորդող տարիներուն պահանջատիրութիւնը լիիրաւ հայ ապրելու պահանջն ու վճռակամութիւնն էր:

Եւ այդ ժամանակի պահանջատէրերը շատ լաւ գիտէին իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ իրենցմէ սպասուած պահանջատիրութիւնը:

Այսօր արդեօք կարելի՞ է նոյն բանը ըսել: Պահանջատիրութիւնը միայն խօսք չէ եւ ոչ ալ` միայն ուրիշէն պահանջելը:

Այս հիմնական արժէքները եւ կենսական արժեչափերը պահելը եւ դաստիարակելը հայ դպրոցին եւ հայկական օճախին ճիտին պարտքն են: Անշուշտ  եթէ կը հաւատանք, որ անոնց դերը պարզապէս գոյութեան քաշքշուք չէ:

 

 

Նախորդը

Հրաչ Փափազեան. Հայ «Նեմեսիս»-ը, Հետախոյզ Առասպելն Ու Ազգային-Պետական Գործիչը

Յաջորդը

Իրաւատիրութիւն Եւ Պահանջատիրութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.