Օսմանեան Դրամատան Գրաւման 130-Ամեակ. Պանք Օթոմանը` Հայ Ազատագրական Պայքարի Վճռականութեան Խորհրդանիշ
Պանք Օթոմանի գրաւումը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ցուցական առաջին վճռական գործողութիւնն էր, որ դարձաւ ազգային ազատագրական պայքարի վճռականութեան խորհրդանիշ եւ գերագոյն անձնազոհութեան բացառիկ օրինակ: Հայկական գաւառներուն մէջ օսմանեան պետութեան քաղաքական հայահալած քաղաքականութիւնը եւ հայութեան անլուր տառապանքները ծանրագոյն աստիճանի հասած էին: Հայութեան նկատմամբ կիրարկուող պետական ջարդարարական քաղաքականութեան դէմ զինուած դիմադրութիւնը հետզհետէ կազմակերպուած բնոյթ ստացաւ: Սուլթան Համիտի կառավարութիւնը հայերու ազատագրական շարժումը ճնշելու եւ...



















