Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի «Ամարաս» Ծրագիրը Արդէն Ընթացք Առաւ

August 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յայտարարէ «ԱՄԱՐԱՍ» ծրագիրի այս տարուան մեկնարկին մասին:

«ԱՄԱՐԱՍ»-ը` ՀՅԴ-ի հովանիին ներքոյ գործող, քաղաքական, լրատուական, արխիւային եւ մշակութային բնոյթի աշխատանք տանող հաստատութիւններու, գրասենեակներու եւ կեդրոններու մէջ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան, վարժողական եւ փոխանակման այն ծրագիրն է, որ եզակի առիթ կը ստեղծէ ՀՅԴ-ի շուրջ համախմբուած երիտասարդութեան` դաստիարակութեան, փորձի փոխանակման եւ զարգացման համար: Կը նշուի, որ երիտասարդ դիմորդը սահմանուած ժամանակահատուածով կը մեկնի ուրիշ շրջանի մէջ գործող համապատասխան հաստատութիւն, ուր, փորձառու պատասխանատուներու առաջնորդութեամբ, անմիջական մասնակցութիւն կը բերէ աշխատանքներուն, կը ծանօթանայ անոր գործելաոճին եւ կը հարստացնէ իր գիտելիքներն ու կարողութիւնները:

«Ծրագիրը կը միտի փորձառութեամբ օժտել երիտասարդութիւնը` պատմական նշանակութիւն ու վաստակ ունեցող հաստատութիւններու մէջ, միաժամանակ կ՛ապահովէ անոր մասնագիտական մակարդակի բարձրացումը: Այս ծրագիրը կը միտի նաեւ տուեալ ոլորտներէն ներս ապագայ աշխատակիցներ պատրաստել:

«Ծրագիրը կը խրախուսէ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն միջեւ փորձի փոխանակումն ու կապերու սերտացումը, մանաւանդ երբ մասնակցողը կը ծանօթանայ հիւրընկալ շրջանի ազգային ու գաղութային կեանքին: Այս ճամբով, երիտասարդութեան մօտ համահայկական մտայնութիւն կը ձեւաւորուի, ինչպէս նաեւ միութենական կեանքին ընդմէջէն անձնական ու հաւաքական զարգացումը մղիչ ուժ կը ստանայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու նուազագոյնը 2 տարուան անդամակցութիւն ունեցողները, որոնք 18-28 տարեկան են:

Դիմումներ կարելի է ներկայացնել մինչեւ 15 սեպտեմբեր 2026, իսկ հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն կը յայտարարուին ընտրուած անունները:

Մասնակիցները պէտք է լրացնեն այս դիմումը https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSeRkOUfCXhheAPDk2aVTRC5IrNq1pRzDRSGBenKLcnFYj9Bkw/viewform?usp=publish-editor

Ընտրուած հաստատութիւններն են

Ա.- ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակներ

1.- ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակ – Հայաստան, Երեւան
2.- ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակ – Պելճիքա, Պրիւքսէլ
3.- ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակ – ԱՄՆ, Ուաշինկթըն

Բ.- Մամուլ / Քարոզչութիւն

1.- «Ազդակ» օրաթերթ – Լիբանան, Պէյրութ
2.- Այբ Էֆ. Էմ. ռատիոկայան – Ֆրանսա, Ալֆորվիլ
3.- «Ազատ օր» – Յունաստան, Աթէնք
4.- «Վանայ Ձայն» – Լիբանան, Պէյրութ
5.- «Armenian Weekly» – ԱՄՆ, Պոսթըն (առցանց)
6.- «Hayrenik Media» – ԱՄՆ, Պոսթըն (առցանց)
7.- Հանրային կապեր (META գովազդի մասնագէտ) – Հայաստան, Երեւան
8.- Հանրային կապեր (PR մասնագէտ) – Հայաստան, Երեւան
9.- Հանրային կապեր (SMM մասնագէտ) – Հայաստան, Երեւան
10.- Հանրային կապեր (YouTube մասնագէտ) – Հայաստան, Երեւան

Գ.- Ուսումնասիրական / Արխիւային

1.- Արեւմտահայոց ուսումնասիրութեան կեդրոն – Հայաստան, Երեւան
2.- ՀՅԴ արխիւներ – ԱՄՆ, Պոսթըն
3.- Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոն – Հայաստան, Երեւան

«Մասնակիցները, վերեւ տեղադրուած յղումը սեղմելով կրնան ծանօթանալ իւրաքանչիւր հաստատութեան աշխատանքային բացատրագիրին եւ ընտրել` համաձայն իրենց անհատական հետաքրքրութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Ազգի Երազանքը Եւ Պատմական Յիշողութիւնը. Գոյութեան Հրամայականը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հիմնադիր Կուսակցութեան Պատասխանատուութիւնը` Պետութեան Կողքին, Ազգային Շահի Պահապան

RelatedPosts

Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.