Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասը Օրերու Անմոռանալի Պահեր Եւ Նշանակալից Պատասխանատուութիւն

August 12, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԻՔ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

24 յուլիսէն 2 օգոստոս` տասը օր շարունակ, Հայաստանը վերածուած էր աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած ՀՄԸՄ-ականներու հանդիպման վայրին, ուր տեղի ունեցաւ 13-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը` «Արարատի համար` կանգուն» նշանաբանով:

Աւելի քան 900 սկաուտներ աշխարհի տարբեր շրջաններէն համախմբուեցան Բիւրականի մէջ` ապրելու սկաուտական այն փորձառութիւնը, որ կը միաւորէ սերունդներ, կը դաստիարակէ սկաուտներ եւ կը խորացնէ հայկական ինքնութեան գիտակցութիւնը:

Բանակումը ամիսներու մանրակրկիտ ծրագրման, համագործակցութեան եւ կամաւորական նուիրումի արդիւնքն էր: Անիկա ոչ միայն սկաուտական բանակում մըն էր, այլ նաեւ` համահայկական ընտանիքի մեծ վերամիաւորում մը, ուր տարբեր երկիրներու հայ երիտասարդներ ապրեցան, սորվեցան եւ ստեղծեցին բարեկամութիւններ, որոնք պիտի շարունակեն երկար տարիներ:

Բանակումի կարեւորագոյն պահերէն մէկը եղաւ  համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ նոր էջ մը արձանագրելը, երբ 809 ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ կազմեցին համաշխարհային սկաուտութեան աշխարհի մեծագոյն շուշանածաղիկը (Fleur-de-Lis)` ՀՄԸՄ-ի անունը արձանագրելով համաշխարհային մրցանիշներու պատմութեան մէջ: Այս պատմական իրագործումը դարձաւ ոչ միայն կազմակերպական յաջողութիւն, այլ նաեւ` ամբողջ ՀՄԸՄ-ական ընտանիքի միասնականութեան խորհրդանիշը:

Բանակումի այլ նշանակալի իրադարձութիւնն էր մօտ 600 սկաուտներու վերելքը Արագած լեռ, ուր երիտասարդները իրենց կամքով, տոկունութեամբ եւ փոխադարձ աջակցութեամբ յաղթահարեցին Հայաստանի ամէնէն բարձր գագաթներէն մէկը տանող ճամբան` ապացուցելով, որ սկաուտութիւնը կ՛ուսուցանէ երբեք չյանձնուիլ եւ միշտ ձգտիլ աւելի բարձրին:

Բանակումը հարուստ էր նաեւ ազգային, մշակութային, մարզական եւ ծառայասիրութեան նախաձեռնութիւններով: Իւրաքանչիւր օր դարձաւ նոր փորձառութիւն` ամրապնդելով կարգապահութիւնը, պատասխանատուութիւնը եւ եղբայրական կապերը:

13-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը սահմանափակուած չէ սկաուտական գործունէութեամբ: Ան կը շարունակէ կերտել գիտակից հայ երիտասարդներ, պատրաստ` ծառայելու իրենց ազգին, Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին:

Այս բանակումը աւարտեցաւ, սակայն անոր ձգած ազդեցութիւնը, կերտուած յիշատակները եւ ստեղծուած բարեկամութիւնները պիտի շարունակեն երկար տարիներ ապրիլ մասնակիցներուն մէջ:

Ինծի համար այս բանակումին ծառայելը` իբրեւ ընդհանուր փոխխմբապետ, սկաուտական կեանքիս մեծագոյն պատիւներէն եւ պատասխանատուութիւններէն մէկն էր: Այս փորձառութիւնը վերանորոգեց հաւատքս ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, մեր երիտասարդութեան կարողութիւններուն եւ մեր համահայկական ընտանիքի ուժին նկատմամբ:

Սրտանց շնորհակալ եմ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` ինծի նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ` բոլոր խմբապետներուն, կամաւորներուն, յանձնախումբերուն եւ մասնակիցներուն, որոնց անձնուիրութիւնն ու հաւաքական աշխատանքը այս բանակումը վերածեցին անմոռանալի յաջողութեան: Այս յիշատակները, այս բարեկամութիւնները եւ այս միասնականութեան ոգին պիտի մնան ինծի հետ ամբողջ կեանքիս ընթացքին եւ պիտի շարունակեն ներշնչել զիս` աւելի մեծ նուիրումով ծառայելու ՀՄԸՄ-ին եւ մեր ազգին:

«Արարատի համար` կանգուն» եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսները այս օրերուն միայն խօսքեր չէին. անոնք դարձան ապրուած իրականութիւն` արտացոլացնելով այն ոգին, որով ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ դաստիարակել հայ երիտասարդութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Իբրեւ Արձագանգ Վերա Եագուպեանի Յօդուածաշարին Եւ Անոր Անդրադարձող Վարագ Գեթսեմանեանի Գրութիւններուն

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.