Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. «Զոքաք» Թատրոնին Փակումը

August 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. Պ.

Անցեալ մարտ ամսուն Քարանթինայի «Զոքաք» թատրոնը պարտադրուեցաւ փակման: Այս աւարտը յիշել կու տայ 2016-ին նոյն ճակատագիրին արժանացած Համրայի «Պապել»-ը, 2023-ին` Զոքաք էլ Պլաթի «Մանսիոն»-ը եւ ազատ փորձառական թատրոնի այլ տարածքներ: Այս երեւոյթը մշակութային համայնապատկերի փոփոխութեան ազդանիշ է:

Ամբողջ 20 տարի «Զոքաք»-ի արտադրութեան եւ մարդուժի պատրաստութեան ձեւաչափը մարտահրաւէր մըն էր ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ` ամբողջ արաբական շրջանին համար: Փորձը բախեցաւ ոչ թէ գեղագիտական, այլ ֆինանսաւորման խոչընդոտի: 2008-ին Ֆըրն էլ  Շըպպեքի յարկաբաժինի մը մէջ սկիզբ առած թատերախումբը որդեգրած էր աշխատանքի հաւաքական-հորիզոնական ձեւաչափը: Անդամները Լիբանանեան համալսարանի թատերական բաժնի շրջանաւարտներ էին: Տան վարձքը իրենց մէջ կը բաժնուէին: Անոնց առաջադրանքն էր իսրայէլեան յարձակումին պատճառած հոգեկան հետեւանքները դիմագրաւել: 2016-ին թատերախումբը որոշեց աւելի լայն տարածք մը վարձել: Այդ հասկնալիօրէն գտնուեցաւ միայն Քարանթինայի մէջ: Կազմակերպեց փոքրերու եւ չափահասներու աշխատանքի նիստեր, «Զոքաքի մայթեր», «Զոքաքի պատշգամներ» եւ  «Զոքաքի քուլիսներ» փառատօները:

Տոմսերու եւ տարածքի այլ խումբերու վարձակալութեան հասոյթը հազիւ թէ գոցէ ելքին 20 տոկոսը: Օտար հաստատութիւններ անցեալ հոկտեմբերին դադրեցուցին իրենց օժանդակութիւնը: «Զոքաք»-ի տագնապը եզակի չէ: Պետական ֆինանսաւորումը կենսական է: Այդ տակաւին կը կատարուի Արեւմուտքի մէջ:

«Մշակութային դաշտը» բազմազան է: Այդտեղ կը մրցին այլազան «դիրք»-եր: Pierre-Bourdieu-ի «Արուեստի կանոնները» (Les rՌgles de l’art 1992) ուսանելի է այս ուղղութեամբ: Հարցը լոկ նիւթական չէ:  Ինչպիսի՞ կառուցային փոփոխութիւններու պէտք է ենթարկուի թատրոնը, որպէսզի կարենայ պահպանել իր ընկրկող դիրքերը: Արեւմուտքի մէջ սկսած է իշխել թատրոնի «յետտրամաթիկական» յարացոյցը, որ ցաւօք ապաքաղաքականացում կը նշանակէ` ըստ իս:

Ծանօթ.- Այս տոմսը հիմնուած է թատերախումբի հրապարակած տեղեկատուութեան վրայ:

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պատասխանատուութեան Առաքելութիւնը

Յաջորդը

106-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրը Յուշարար` Հայկական Հարցի Արդարացի Լուծման

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.