Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան ու Փաքիստանը 7 օգոստոսին Մեքքայի մէջ ստորագրեցին «Միացեալ պաշտպանութեան Մեքքայի համաձայնագիր»-ը, ըստ որուն երեք երկիրներէն ոեւէ մէկուն վրայ զինեալ յարձակում մը բոլորին վրայ յարձակում կը նկատուի:
Երեք սիւննի երկիրներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի վայրը պատահական չէ, եւ փաստաթուղթին յարանուանական ու կրօնական շեշտադրում կ՛ապահովէ:
Հակառակ այն բազմաթիւ պնդումներուն, որ համաձայնագիրը որեւէ երկրի դէմ ուղղուած չէ, յստակ է, որ շրջանային իրադարձութիւններուն ենթապատկերին վրայ կնքուած համաձայնագիրը պատահական կամ կամայական քայլ մը չէ, այլ` հասցէագրուած պատգամ մը ուղղուած երկու երկիրներու, երկու ոխերիմ թշնամիներու` Իրանին ու Իսրայէլին:
Մեքքայի դաշինքին երեք անդամներէն Սէուտական Արաբիան յարձակումի կ՛ենթարկուի հիւսիսէն իրաքեան զինեալ խմբաւորումներու եւ հարաւէն հուսիներուն կողմէ, որոնք երկուքն ալ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին աջակցութիւնը կը վայելեն: Աւելի՛ն. անոր հողերուն վրայ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններ եւս իրանեան ուղղակի յարձակումներու ենթարկուած են:
Հարկ է նշել, թէ Թեհրան Ռիատի նկատմամբ աւելի մեղմ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ, արդարեւ անոր հողային տարածքներուն վրայ իրանեան յարձակումները Քուէյթի, Պահրէյնի կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վրայ գործուած յարձակումներուն տարողութիւնը չունին: Բայց եւ այնպէս…:
Թուրքիան, ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով, Իրանի յարձակումներէն պաշտպանուած է, սակայն այդ դաշինքին անդամակցութեան իրողութիւնը նոյնքան ազդու չէ Իսրայէլի դէմ, որուն հետ ազդեցութեան գօտիներու սուր պայքար եւ լարուածութիւն գոյութիւն ունի, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ, քաղաքական դէմքեր ու յօդուածագիրներ յաճախ կ՛ըսեն, թէ Թել Աւիւի յաջորդ թիրախը պէտք է Թուրքիան ըլլայ: Այս դաշինքը այդ մէկը կ՛ապահովէ, մանաւանդ որ կը խօսուի, թէ Եգիպտոս եւս կրնայ շուտով Մեքքայի դաշինքին միանալ:
Համաձայնութեան կնքումէն մէկ օր ետք, Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆի` Իսրայէլի դէմ «զինուորական միացեալ ճակատ» ստեղծելու, եւ Իսրայէլը «ամբողջ իսլամական աշխարհին սպառնալիք» որակելու կեցուածքը կը թուի ընդամէնը Անգարան հանգստացնելու քայլ մը ըլլալ, որովհետեւ հիւլէական զէնքի տէր Փաքիստանի համար նորաստեղ դաշինքէն հիմնական շահը ելեւմտական է:
Արդարեւ, Իսլամապատ 8000 զինուորներ, շարք մը հալածիչներ ու անօդաչու թռչող սարքեր, նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Տեղակայման ծախսերը Ռիատը կը հոգայ: Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը ելեւմտական ու տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող Փաքիստանին 5 միլիառ տոլար տրամադրած են այդպիսի ծառայութիւններու դիմաց, թէեւ փաքիստանեան այդ ուժերը մինչեւ օրս Իրանի դէմ ոչ իսկ փամփուշտ մը արձակած են:
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի բանբեր Իպրահիմ Ռիտայի նշեց. «Սէուտցիները պէտք է իմանան, թէ Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ թուղթէ համաձայնագիրը անվտանգութիւն պիտի չբերէ իրենց: Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ համաձայնութիւնը Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւն պիտի չապահովէ, ճիշդ ինչպէս Ամերիկայէն միակողմանի կախեալութեան տարիները զայն չապահովեցին»: Օրերը ցոյց պիտի տան, թէ Մեքքայի համաձայնագիրի երաշխիքը ամերիկեան երաշխիքին վրայ գումարուելով, այդ ուղղութեամբ փոփոխութիւն մը պիտի յառաջացնէ՞, թէ՞ ոչ:
Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա մերձեցումը, պիտի մեղմացնէ սիւննի աշխարհի ղեկավարութեան շուրջ Անգարա-Ռիատ մրցակցութիւնը, ինչոր բնականաբար իր անդրադարձը կրնայ ունենալ նաեւ Լիբանանի վրայ, ուր թագաւորութիւնը աւելի հաշտ աչքով կրնայ դիտել իր աւանդական ազդեցութեան երկիրն ու անոր տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին Թուրքիա այցելութիւններէն ետք սպասուող թրքական ազդեցութեան աճը:



