Մարալ Եւ Ժիրայր Փանոսեաններ «Երազանք, Արուեստ Եւ Երեւան» Խորագրեալ Ցուցահանդէսով Հանդէս Պիտի Գան Երեւանի Մէջ
Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Երեւանի «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ գործող «ԱՅԲ թու ԶԵՏ» արուեստի ակադեմիայի հիմնադիրներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու անհատական ցուցահանդէսի բացումը` «Երազանք, արուեստ, Երեւան» խորագիրով: Ցուցահանդէսի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Մարալ Փանոսեանի հետ: Փանոսեան ըսաւ, որ 2024-ի լիբանանեան պատերազմին, ինք եւ եղբայրը` Ժիրայրը, Հայաստան...




















