ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ
Առաւօտ Է: Դպրոցին զանգը կը հնչէ եւ իր զուարթ ղօղանջով կ՛ազդարարէ նոր օրուան սկիզբը: Դասարաններուն մէջ աստիճանաբար կը տարածուի սովորական, բայց միշտ կենդանի եռուզեռը: Գիրքերու եւ տետրակներու թերթերուն խշրտուքը կը խառնուի աշակերտներու աշխուժ խօսակցութիւններուն: Շուտով դասարանին դուռը կը բացուի, ուսուցիչը կը մտնէ եւ դպրոցը կրկին կը շնչէ կեանքով: Բայց ՀԱՅԿԱԿԱՆ դպրոցի մը ցանկապատէն ներս տեղի ունեցողը սովորական կրթութենէն շատ աւելին է. այստեղ սերունդ մը ոչ միայն գիտելիք կը ստանայ, այլ նաեւ կը սորվի մայրենի լեզուն, կը լսէ իր նախնիներուն ձայնը եւ կը ժառանգէ դարերէն եկող արժէքները: Դպրոցը գիտելիքերու վայր մը ըլլալու կողքին` կը վերածուի նաեւ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութիւնը պահպանելու ամրոցի մը:
Սակայն, բազմիցս եւ տարբեր առիթներով հայկական դպրոցին մասին կը լսենք զանազան արտայայտութիւններ, զորս պէտք չէ ընդհանրացնել, եւ որոնք, գէթ ինծի համար, ցաւալի են եւ ականջ կը խոցեն:
– Ճանը՛մ, հայկական դպրոցը աշակերտին մուխը կը մարէ…
– Հայերէնն ալ թող չգիտնայ, վաղը երբ աշխատի, հայերէնը ի՞նչ պիտի ընէ…
– Տղաս մէյ մը օտար դպրոց երթայ, արաբերէն եւ անգլերէն մը պիտի խօսի որ…
Դժբախտաբար, այսպիսի արտայայտութիւններու ետին երբեմն կը թաքնուի այն թիւր ենթադրութիւնը, թէ օտար դպրոցը աւելի լայն կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ, իսկ հայկական դպրոցը` սահմանափակ: Արդեօք օտար դպրոցին փարթամ շէնքերը, գեղեցիկ խաղավայրերը չափանի՞շ են դպրոց մը արժեւորելու: Արդեօք դպրոցի մը իրական արժէքը չե՞ն կազմեր անոր տնօրէնութիւնն ու պատասխանատուները, ուսուցչական կազմին նուիրումն ու պատրաստուածութիւնը, աշակերտներու կրթական յառաջընթացը ապահով առողջ ու հարազատ մթնոլորտը, ծնողներուն հետ համագործակցութիւնը: Իսկ իսկական վտանգը ոչ թէ օտար դպրոցն է, այլ այս բոլորը չարժեւորելու մտածելակերպը եւ օտարը գերադասելու մոլութեամբ տարուիլը:
Եթէ մեր շուրջ նայինք, պիտի տեսնենք բազմաթիւ ինքնավստահ, պատասխանատու եւ ներկայ օրերու մարտահրաւէրները յաջողութեամբ դիմակայող անհատներ, որոնք իրենց կրթութիւնը ստացած են հայկական դպրոցի մէջ: Աւելի՛ն. հայկական դպրոցը ունի ուրիշ վեհ առաքելութիւն մը` հայ անձ կերտել, որպէսզի այս վերջինը իր ներուժով շինիչ ներդրում ունենայ իր ապրած երկրին եւ մասնաւորաբար հայ համայնքին մէջ:
Եկէ՛ք մտածենք, թէ ի՞նչ պատճառով հայկական դպրոցի մը դռները շատ անգամ կը փակուին, եւ այդ դռներուն հետ կը մարի ազգային ինքնութեան կենդանի օճախ մը: Ներկայիս, ցաւօք սրտի, աճող հոսք մը կայ դէպի օտար դպրոց: Ի հարկէ, օտար դպրոց ընտրող իւրաքանչիւր ընտանիք իր որոշումը ունի, եւ այդ որոշումին ետին կրնան ըլլալ տարբեր ու յարգելի պատճառներ: Սակայն հայ ինքնութիւնը միայն տան մէջ լսուած քանի մը բառերով կամ տօնական առիթներ նշելով չի կազմուիր: Ան կը սնանի լեզուով, պատմութեամբ, մշակոյթով եւ կարեւորագոյնը` առօրեայ ապրումով: Հայ դպրոցը կը ստեղծէ այս բոլորը մէկտեղող միջավայր մը, ուր աշակերտը ոչ միայն լեզու կը սորվի, այլ նաեւ իր պատկանելիութիւնը բնականօրէն կ՛ապրի: Ինչպէ՞ս պիտի ապրի եւ շնչէ հայ դպրոցը առանց հայ աշակերտին…
Օտար դպրոցին մէջ հայ աշակերտը հայ չէ, ոչ ալ` օտար: Հաւանաբար ան հարց տայ ինքնիրեն. «Ո՞վ եմ ես իմ հակական շրջանակէս դուրս»:
Երկու շաբաթ առաջ, բարեկամուհիս, պատահմամբ, դիմացս ելաւ:
– Լի՛զա, վերջերս ի՞նչի մասին կը գրես:
– Նո՛րա, նոր յօդուած մը կը պատրաստեմ հայկական դպրոց յաճախելու կարեւորութեան մասին:
– Բայց արդեօք մտիկ ընող պիտի ըլլա՞յ…
– Ես իմ պատգամս պիտի յղեմ, թէ ո՛վ պիտի լսէ, ո՛վ պիտի ընդունի` անկէ անդին է: Իմ պարտականութիւնս խօսիլն է, իսկ մնացեալը` ընթերցողին ընտրութիւնը:
Հայկական դպրոցին մեծագոյն դերը եւ յաջողութիւնը գեղեցիկ շէնք մը կամ փայլուն արդիւնք մը ապահովել չէ միայն, անոր իսկական յաջողութիւնը այն անձն է, որ կը կերտուի հայ դպրոցին մէջ` գիտակից, պատասխանատու, ինքնավստահ եւ իր արմատներուն հաւատարիմ հայ մարդը:
Եւ այնքան ատեն որ տակաւին հայկական դպրոցին զանգը կը հնչէ, հայուն սրտին մէջ պիտի շարունակէ բաբախել մեր վաղուան յոյսը:


