Կը մխայ Երկիրը ճարճատող հրդեհի մէջ
Երկիրը` պատմութեան շոգի,
Պատմութեան կառաշար, որուն անիւը
Հասեր է վիհի բերնին:
Այստեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը տրտում է, անքուն է Երկիրը
Երկիրը կ՛երգէ իր նոր Անտունին:
Խլուած են սահմանները` ատամնաշար գայլի
Խօլ պատմութեան մութէն նոր ոռնոց է հիմա:
Գերճնշուած աչք` ադամամութի ճեղքուած արգանդին
Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր
Կը ցցուի կրկին:
Կանգնած բարձրաճակատ` շոգիին մէջ Երկրի
Գիտենք թէ արեւը պիտի գոյատեւէ.
Ո՛չ զոհ, ո՛չ հերոս, ո՛չ նահատակ, ո՛չ քուրմ,
Միայն պատարագիչն ենք ազատութեան տօնի:
Հեռուն լեռնաշղթայ ու միտք խանձող գիշեր
Քովը` Մասիս լեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,
Խրթին հարցերուն դէմ ` պատասխանն է միակ
Օ գերագոյն սինիզմ:
Եւ ինչպէ՛ս բռնել
Ո՞վ պիտի նկարագրէ անկախութեան հիւլէն,
Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած
Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ
Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի,
Երբ շեշտակի նայուածքի մէջ դահիճը զոհ կը դառնայ
Գետին կը փռուի դաւաթուղթը ձեռքին:
Ո՞վ էր դասալիք, ուրիշ ո՞վ էր յուսահատ անցեալ ամիս…
Ծաղկեալ ծիրանին հայեացքը իր սրեց
Հրապարակը լարեց պատմութիւնը խրթին
Եղիցի լո՜յս
Եռաբլուրի Եռագոյններու տակ
Դողահար ոսկորներ արցունք ծորեցին:
Տեղ մը հացթուխը թոնիրը իր մարեց
Եւ ծիրանին` խոշոր իր կարմրած աչքով
Խեթ խեթ նայեցաւ դաւադիր գահակալին:
Շինականը պատռեց հողի կուրծքը ծաւի
Եւ երկինքը դիտեց, եւ նայեցաւ հողի՛ն,
եւ նայեցաւ իր տան` թշնամիին յանձնուած,
Իր պապի տան սեւ ծուխն իսկ` ի՜նչ հրճուանք էր ոսկի:
Կանգնած բազմաճակատ` տքնանքին մէջ հողի,
Կանգնած միաճակատ` այդ երկունքի կողքին
Կանգնած ենք գերհզօր` հազար անգամ դրուած
Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ
Կանգնած է բարձրաճակատ, աներեր ու խռով
Պայքարը արիաբերք:
Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ երբ ամենահեռաւոր
սահմանները կ՛անջատուին: Անյայտ շղթաները որ պատերազմը
դրաւ` պիտի խշրտան, պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես, շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ հնձանի մէջ,
ու ցորենին մարմինը բաժնուի իր գլուխէն:
Հոս է անխորտակելին, Ոգին Նայիրեան:
Ան պիտի անջատէ ցորենը` որոմէն,
Պիտի Արցախի արեւը բարձրանայ,
Պիտի Հայաստանը լայն շնչէ նորէն
Միայն թէ ջնջուի՜ մրուրը` ճակտէն,
Միայն թէ անցնի մահացու թաթը կակուղ մրուրին:
Եւ պիտի ըլլայ դարձեալ ու նորէն
քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին
ինը զանգակներ
բա՜րձր ղօղանջեն:
Զանգե՜ր, ղօղանջեցէ՜ք,
Նահատակներու թարմ արիւններէն
Վշտահալած ընտանիքներէն
խորախոցուած գերիներէն
խոշտանգուած եկեղեցիներէն
Խորտակուող յուշակոթողներէն
Խողխողուող սահմաններէն
Սուգէն, բռնագաղթէն
Արհաւիրքէն ու զուլումէն ետք`
Կը հասնին իմաստուն Արդարութիւնը
Կենսաբեր Պատիւն ու լաւատես Յաւերժութիւնը
Կը փրկուի Երկիրը բռնաբարուող
կը մարի հրդեհը լափլիզող:
Արի արիւն եւ թարմ մոխիր խառնուած են
Մեր Հողին ու հոգիին,
Այս հո՛ղն է որ փողը բերնին, քնարը ձեռքին
արեւներէն խլած շողով
կ՛արձագանգէ մեր Յոյսին:
Ղօղանջեցէ՜ք, զանգե՜ր…



