Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Երեւանի «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ գործող «ԱՅԲ թու ԶԵՏ» արուեստի ակադեմիայի հիմնադիրներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու անհատական ցուցահանդէսի բացումը` «Երազանք, արուեստ, Երեւան» խորագիրով: Ցուցահանդէսի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Մարալ Փանոսեանի հետ:
Փանոսեան ըսաւ, որ 2024-ի լիբանանեան պատերազմին, ինք եւ եղբայրը` Ժիրայրը, Հայաստան ճամբորդած են այն որոշումով, որ պիտի չվերադառնան մինչեւ Լիբանանի պատերազմը աւարտի, սակայն հոն մնացած են մէկ ամիս եւ հոկտեմբերին դարձեալ վերադարձած են Լիբանան: Հայաստան կեցութեան միջոցին առաջին հերթին այցելած են թանգարաններ, ցուցասրահներ: Իրենց տունը շատ մօտ ըլլալով «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ին, առաջին այցելութիւնը տուած են հոն: Մարալ Փանոսեան դիտել տուաւ, որ ինք նախապէս կապ ունեցած է թանգարանին հետ, որովհետեւ 90-ական թուականներուն անձնապէս աշխատակցած է թանգարանի հիմնադիր Հենրիկ Իքիթեանի հետ, երբ ան եկած է Լիբանան առաջին անգամն ըլլալով, ինչպէս նաեւ Երեւանի «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ին, եւ Երեւանի «Մանկական արուեստի թանգարան»-ին առաջին գիրքերը տպուած են Լիբանանի մէջ, իսկ Մարալ Փանոսեան պատիւը ունեցած է այդ գիրքերուն գեղագիտական ձեւաւորումը ընելու: Հետեւաբար, երբ այցելած են թանգարան, ծանօթացած են տնօրէնուհիին, գործավարին, ներկայ գտնուած են տեղւոյն ցուցահանդէսին, նաեւ երկու շաբաթ ետք դարձեալ նոյն վայրին մէջ այլ ցուցահանդէսի մը, թանգարանի անձնակազմը նշմարած են Փանոսեաններու խանդավառութիւնը եւ արուեստի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: Փանոսեան ըսաւ, որ իրենք շատ հետաքրքրուած էին ցուցահանդէս կազմակերպելով, իսկ թանգարանը խանդավառ էր իրենց գործերուն ծանօթանալու: Առ այդ, համակարգիչի վրայ դիտելով փունջ մը իրենց գործերէն եւ տեսնելով անոնց աշխատանքային ոճը, անմիջապէս գործնականի անցնելով որոշեցուած է ցուցահանդէս մը կազմակերպել հայրենիքի մէջ:
Մարալ Փանոսեան «Ազդակ»-ին հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ իրենց երազն էր, ինչպէս ոեւէ սփիւռքահայ արուեստագէտի, հայրենիքի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելը, իսկ յատկապէս Երեւանի «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ին մէջ ցուցահանդէս ունենալը երազներու գագաթնակէտն էր իրենց համար: Այս բոլորէն մեկնած, 2025-ին «ԱՅԲ թու ԶԵՏ» արուեստի ակադեմիայի 20-ամեակին փառաշուք նշումին պատճառով որոշուած է 2026-ի սեպտեմբերին կայացնել ցուցահանդէսը: Առ այդ, Փանոսեանները այդ ծրագիրի վրայ աշխատած են, մնայուն կապը պահած են թանգարանին հետ, եւ արդէն իսկ կազմակերպուած է իրենց անհատական ցուցահանդէսը, որով անոնք Հայաստանի մէջ պիտի հրամցնեն իրենց ստեղծագործութեան արգասիքը:
Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններ սոյն ցուցահանդէսին կը ներկայանան 40 գեղանկարներով, որուն 25-ը` իւղաներկ եւ ջրաներկ կը պատկանին Ժիրայր Փանոսեանի, իսկ 15-ը` իւղաներկ, Մարալ Փանոսեանի գործերն են: Ցուցահանդէսը յատուկ թեմա չունի, այլ զոյգ արուեստագէտներուն ստեղծագործական աշխարհն է: Ժիրայր Փանոսեանի գործերը ընդհանրապէս արտայայտութիւնն են այն զգացումներուն, զորս ունեցած է վերջին շրջանի պատերազմին ստեղծած անորոշութենէն եւ ճնշիչ վիճակէն, ինչպէս նաեւ` բնութիւնը: Մարալ Փանոսեանի գործերը կու գան իր անհատական փորձառութիւններէն, ինչպէս` կեանքի մէջ խանդավառութիւններ, յուսախաբութիւններ, երազանքներ, ամէն տեսակի ներքին մարդկային ապրումներ, ծնողքին կապուած յիշատակներ: Այլ խօսքով, ներկայացուած գործերը փունջ մըն են վերջին տարիներու արուեստագէտներու ապրումներուն, եւ անոնց 90 տոկոսը 2025-2026 տարեշրջաններու ստեղծագործութիւններ են:
Անդրադառնալով ցուցահանդէսի խորագիրին` «Երազանք, արուեստ, Երեւան», Մարալ Փանոսեան դարձեալ ըսաւ, որ իրենց երազանքն էր հայրենիքի մէջ, մանաւանդ Երեւանի «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպել` աւելցնելով, որ տարիներ շարունակ իրենք ապրած են հայրենիքի բնութիւնը, առօրեան, պատմականը, մշակոյթը եւ ներշնչուած են հայրենիքով: Ուստի, այսօր իրենց համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է ըլլալ Երեւան եւ խանդավառ են տեսնելու հայրենիքի արուեստասէր հասարակութեան հետաքրքրութիւնը եւ մօտեցումը իրենց ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ: Ան յոյս յայտնեց, որ հետաքրքրական եւ գեղեցիկ ցուցահանդէս մը պիտի ունենան:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ 10 սեպտեմբեր եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, բացի երկուշաբթիէն:




