Անդրադարձ

Անժամանակ-Կանխահաս Մեկնում Մը.   Լենա Գարայեան-Րագուպեան` Ջանադրութեան, Ազնուութեան, Համեստութեան, Նուիրուածութեան Ու Ծառայութեան Աննկուն Ջատագովը

Անժամանակ-Կանխահաս Մեկնում Մը. Լենա Գարայեան-Րագուպեան` Ջանադրութեան, Ազնուութեան, Համեստութեան, Նուիրուածութեան Ու Ծառայութեան Աննկուն Ջատագովը

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Լենա` ծառայասէրը: Լենա` ընկերասէրը: Լենա` մարդասէրը: Լենա` զուարթասէրը: Լենա` աշխատասէրը: *** Նորոգ հանգուցեալ Լենա Գարայեան-Րագուպեանը ճանչցուած էր իր բազմաշնորհութեամբ, մարդասիրութեամբ, ծառայասիրութեամբ, նուիրուածութեամբ, հոգատարութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, ձեռնհասութեամբ եւ, ընդհանրապէս, այն յատկանիշներով, որոնք կը բնորոշեն  իր հայրենակիցներուն ու կարօտեալներուն օգնութեան ձեռք երկարող մը: Պատահական չէր, որ ան հանրածանօթ դարձած էր իր այս բարեմասնութիւններով` հայ թէ արաբ շրջանակներուն մօտ վայելելով մասնայատուկ...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Չորցած Նարինջին Պէս Սրբացած Յիշատակները

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Կը պատմէ վաղեմի ընկերս` Պօղոս Ճապրայեան (Ճապրիկը): Աշնանային օրուան մը երեկոյեան, որսորդական սովորութեան համաձայն, Պօղոսն ու քանի մը ընկերներ, մթնշաղին, մեր ծննդավայր Այնճար գիւղէն ճամբայ կ՛ելլեն դէպի գիւղի խնձորենիներու պարտէզները` արծուանման թռչուն` փիրճուն որսալու: Հոգելոյս հայրս ու մայրս աշխատասէր, տիւ ու գիշեր իրենց քրտինքովը հաց վաստակող մարդիկ էին: Իրենց բնօրրանէն` Մուսա Լեռէն, համագիւղացիներուն հետ բռնի տեղահանուած եւ գաղթականութեան...

Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը

Սփիւռքը Խաչմերուկի Վրայ. Համահայկական Վերածնունդի Ճանապարհը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ  Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին  ճաշակած է բազմաթիւ տեղահանութիւններ, բռնագաղթեր: Սակայն յարմարելով նոր պայմաններուն` կազմաւորուած  է, եւ  յառաջացած են նոր համայնքներ: Այդ համայնքները կարճ ժամանակամիջոցի   ընթացքին կառուցած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, լոյս  ընծայած են մամուլ, հիմնած են` երիտասարդական միութիւններ, սկաուտական շարժումներ, բարեսիրական հաստատութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ: Վերոնշեալները ազգային կեանքը պահպանելու համար ահռելի զոհողութիւններ կատարած են եւ արժանի են...

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

Անտեսանելի Խոչընդոտներ

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Եու.Էն. Ուոմըն բաժանմունքը նոր հետազօտութիւններէ ետք վերջերս կատարեց ուսումնասիրութիւններ` փնտռելով այն անտեսանելի խոչընդոտները, որոնք շատ մը երկիրներու մէջ կիները հեռու կը պահեն ղեկավար պաշտօններէն, ինչ որ կը հեռացնէ կնոջ եւ այր մարդուն միջեւ գոյանալիք հաւասարութիւնը, որ կը կարծուի, թէ 2030-ին պէտք է իրագործուի (SDG 5)` հակառակ այն իրողութեան, որ կնոջ...

Սթափելու Ժամանակը

Հալածանքը Կը Շարունակուի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր երէց զաւկին` Սեդրակ Քոչարեանի ձերբակալութիւնն է: Ձերբակալութիւնները կը կատարուին արդէն դասականացուած եղանակով. առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանական ստուար ուժերու մասնակցութեամբ, բնակարանային խուզարկութիւններ` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցներու կողմէ, ապա ենթականերու տեղափոխում` ԱԱԾ կեդրոն: Այս անգամ, սակայն, ձերբակալութիւնները կատարուած են առանց գետին պառկեցնելու եւ առանց ձեռնաշղթաներու գործածութեան: Խուզարկուած է նաեւ...

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները

Փութին-Փաշինեան Հանդիպում Երեւանի Դժուար Ընտրանքը

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Փութին-Փաշինեան հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ 1 սեպտեմբերին Պիշքեքի մէջ, նոր համաձայնութիւն չարձանագրեց, սակայն աւելի յստակ դարձուց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հիմնական ռազմավարական տարակարծութիւնը: Հանդիպման առանցքը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնն էր. որքանո՞վ կարելի է խորացնել յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետ` միաժամանակ մնալով Ռուսիոյ առաջնորդած Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շեշտեց, որ Մոսկուան չի վիճարկեր Հայաստանի` սեփական ուղին...

35 Տարի Առաջ.  Արցախ Կը Հռչակուէր Անկախ Հանրապետութիւն

35 Տարի Առաջ. Արցախ Կը Հռչակուէր Անկախ Հանրապետութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մարզային խորհուրդը եւ Շահումեանի Շրջանային խորհուրդը 2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի անկախութիւնը հռչակեցին: Անկախութեան հռչակագիրը հիմնուած էր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած «Խորհրդային Միութեան կազմէն միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու կարգի մասին» օրէնքով: Նախապէս արդէն` 30 օգոստոս 1991-ին, Ազրպէյճան անկախութիւն հռչակած էր: Արցախի անկախութեան հռչակման լուրը օրին «Ազդակ» տուած էր 3 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով: Երկուշաբթի, 2 սեպտեմբերէն...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Մնաք Բարո՜Վ, Մռաւի Լեռներ (2 Սեպտեմբեր 1991)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հեշտ ենք կորցրում, դժուար ենք ետ բերում տանուլ տուածը: ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Ո՛չ, մտածումի առաջնորդողը` հայրենի աշխարհ Արցախի բարձրաբերձ ու հրաշալի գեղեցկութիւն ունեցող լեռներու միջեւ խտրութիւն դնելը չէ, ոչ ալ անոնց անտեսումը, այլ եղբայրակցութեան մասին է խօսքը, զիրար արժեւորելու եւ իրարմով ապրելու: Աւելի՛ն. որքան շեշտադրենք Մռաւի լեռներու մեծութիւնը, նոյնքան ընդգծած կ՛ըլլանք վեհութիւնը Շուշիի, Քարվաճառի թէ Բերձորի լեռներուն, որոնք երեսուն...

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Մանուկ/ Պատանի Զինուորներ Մանուկ Մարտիկներ

ՏՈՔԹ. ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ Միշտ լսած ենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, զանազան պատերազմներու ընթացքին, պատանիներ եւս մասնակցած են` իբրեւ զինուոր, բեռնակիր, լրտես կամ երբեմն խոհարարութեամբ զբաղած են բանակներու մէջ... Շատ հաւանական է, որ Ափրիկէն առաջին կարգի երկիրներէն է, ուր պատանիները օգտագործուած են  ներքին պատերազմներու ընթացքին, ուր իբրեւ անօթի եւ աղքատ երկիրներ` իրենց պատերազմական կացութեան մէջ գտնուած շրջանին օգտագործած եւ շահագործած...

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ 100-Ամեակ

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ 100-Ամեակ

ՐԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ Զ.- Լատին առաքելութեան աւարտ եւ հայրենադարձութիւն Ինչպէս նախորդ մասին մէջ յիշեցինք, լատին համայնքի ներթափանցումը եւ հիմնադրութիւնը Քեսապի մէջ միշտ հաշտ աչքով չէր դիտուած միւս համայնքներուն կողմէ, յատկապէս տեղի ունեցած են որոշ բախումներ եւ անհանդուրժող քայլեր հայ կաթողիկէ համայնքին հետ, ազգայնական տրամադրութիւններու եւ գաղափարներու պատճառով: 1940-ականներու սկիզբները  կաթողիկէները կ՛ուզեն բաժնել դպրոցները, որոնք մինչ այդ յանձնուած էին լատին հայրերուն, եւ...

Տոլմայի Բոյրը` Տան Կարօտը

Տոլմայի Բոյրը` Տան Կարօտը

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ Սիրելի՛ ընթերցող, Կը հաւատամ, որ այսօր գրեթէ ամէն հայկական ընտանիքի մէջ կայ պանդուխտ զաւակ մը, եղբայր մը, քոյր մը կամ հարազատ մը, որ օտար հողին վրայ կ՛ապրի, բայց իր սիրտը տակաւին հօրենական  օճախին հետ կը բաբախէ: Ստորեւ ներկայացուելիք պատմութիւնը միայն երիտասարդի մը մասին չէ. ան հազարաւոր հայ պանդուխտներու պատմութիւնն է: Թերեւս այս տողերուն մէջ պիտի գտնէք ձեր...

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները

Փութին–Փաշինեան Հանդիպումը. Ի՞նչ Տարբերակներ Կրնան Դուրս Գալ

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՒԼԱՔԵԱՆ Փութին-Փաշինեան հանդիպումը կը նախատեսուի 1 սեպտեմբերին,  Խըրխըզիստանի Բիշքեք քաղաքին մէջ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ։ Փութին–Փաշինեան սպասուող հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Հայաստան–Ռուսիա յարաբերութիւնները կը գտնուին զգայուն եւ բարդ փուլի մը մէջ։ Երեւանի կողմէ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) ուղղութեամբ արձանագրուող քայլերը եւ Հայաստանի շարունակուող անդամակցութիւնը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ), աստիճանաբար կը ստեղծեն այնպիսի իրավիճակ...

Որպէս ԼՂ Հակամարտութեան Միջնորդներ` ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան Եւ Ռուսաստանը Պարտաւոր Են Դիւանագէտների Միջոցով Դիտորդի Կարգավիճակ Պահանջել Պաքուից

Ընտրովի Արդարադատութիւն՝ Պրիւքսելի Ճանապարհին

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանի 7 յունիս 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, անցած տասնմէկ շաբաթներուն ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը ձերբակալած կամ մեղադրանք առաջադրած է նախկին նախագահի մը, կանչած է երկրորդ նախկին նախագահ մը, բանտարկած է առաջինին անդրանիկ որդին, ազգայնացուցած է երկրի մեծագոյն մասնաւոր ընկերութիւնը եւ երկու ամիսով կալանքի տակ պահած է քաղաքացիական հասարակութեան նշանաւոր գործիչ մը, ապա ազատ արձակած` զայն առանց որեւէ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ցեղասպանութեան Ընկերներ. Գերմանիան Ողջակիզումէն Ոչի՞նչ Սորված Է

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 22 օգոստոս 2025-ին մահացած «Ազդակ»-ի երկարամեայ աշխատակից, բեղուն գրիչի տէր Յարութ Չէքիճեանի կարգ մը յօդուածներ տակաւին կան մեր տրամադրութեան տակ: Թուականները պահպանելով  պիտի հրապարակենք զանոնք իրենց կարեւորութեան համար` թէկուզ աշխարհաքաղաքական որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած ըլլան: «Ա.» ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Պերլինի յայտնի հրէական Ճաշարանը «Իսրայէլի օր»-ը ընտրած է կատակով մը նշելու պաղեստինցիներուն սպանդը (1): Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  «Սփիւռքիստան»` Հայկական Սփիւռքը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Սփիւռքիստան»` Հայկական Սփիւռքը

Նորաստեղծ բա՞ռ, թէ՞ եզրոյթ: «Սփիւռքիստան»-ի մասին կարելի է էջեր տրամադրել, մանրամասնօրէն նկարագրել` սկսելով ծննդոցէն մինչեւ ներկայ օրերը: Վերջին ամիսներուն, բեմահարթակի վրայ է սփիւռքը: Հաւաքներ, գիտաժողովներ, կլոր սեղաններ, «զում»-ային զեկուցումներ, եւ նիւթը միշտ ալ կը մնայ ժամանակակից, անաւարտ եւ հետաքրքրական: Բազմիցս կրկնութիւն պիտի ըլլայ այս նիւթին մասին մրոտելը, սակայն, նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը, կարելի է կրկնութիւնը նկատի ունենալ իբրեւ...

Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երեւանեան Կռունկները

ԿԻՐԱԿՈՍ (ԿԱՐՕ) ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Այս յօդուածը ընթերցող հայերուն մեծամասնութիւնը, անկասկած, անոր վերնագիրը պիտի վերագրէ բառին աւանդական իմաստին, ըսել կ՛ուզեմ, որ բոլոր ընթերցողները առաջին ակնարկով պիտի մտածեն, թէ խօսքը մեր սիրելի, տասնեակ անգամներ երգերու նիւթ դարձած, հարիւրաւոր անգամ փառաբանուած, իր բոյնին վրայ թառած կամ մէկ ոտքի վրայ իր ձագերուն հետ կայնած չորս կողմը դիտող թռչունին` կռունկին մասին է, որ կարօտի, պանդխտութեան եւ...

Ցայգալոյս.  Իրապէս Հպարտացուցիչ Երեւոյթի Մը Առիթով

Արարատ. Ուխտ Եւ Վերադարձ

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Կան լեռներ, որոնք նուաճուելէ ետք կը մնան աշխարհագրական քարտէսներու վրայ` որպէս յաղթահարուած բարձունքներ: Եւ կայ Արարատը, որուն հետ հանդիպումը երբեք ֆիզիքական արշաւի սահմաններուն մէջ չի փակուիր: Անոր վերելքը վերջակէտ չունի. ամէն էջքի հետ արդէն իսկ կը ծնի վերադարձի անհրաժեշտութիւնը: Արարատը անտէր ձգուած տուն մը չէ, որուն դուռը կրնանք փակել ու հեռանալ: Ան աւելի շատ կը նմանի ծանր հիւանդի...

Արամ Ջուլհաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով.  «Գլուխդ Բարձր Պահէ՛, Տղաս» Հօրս Վերջին Պատգամը Եւ Այն Բոլորը, Որ Մնացին Բառերէն Անդին

Արամ Ջուլհաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. «Գլուխդ Բարձր Պահէ՛, Տղաս» Հօրս Վերջին Պատգամը Եւ Այն Բոլորը, Որ Մնացին Բառերէն Անդին

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Պա՛պ, Դժուար է հաւատալ, որ երբ այս տողերը կը գրեմ, դուն այլեւս մեզի հետ չես: Դուն այնքան բնական ու հաստատ ներկայութիւն էիր մեր կեանքին մէջ, որ բացակայութեանդ հետ հաշտուիլը տակաւին դժուար կը թուի: Ապրեցար պարզ կեանք մը: Չսիրեցիր մեծ խօսքերը, ոչ ալ սպասեցիր, որ մարդիկ գնահատեն ըրածներդ: Կ՛ընէիր այն, զոր ճիշդ կը համարէիր, կը հոգայիր ընտանիքիդ եւ կ՛ապրէիր...

Պաքու Դատ Բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի Դէմ` Զայն  Մեղադրելով Զրպարտութեան Յանցանքով

Պաքուն Կրնայ Ջղջալ, Որ «Սի. Էն. Էն.»-ին Դէմ Դատ Բացաւ` Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերու Մասին Տեղեկագրութեան Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանին մէջ դատ բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ին դէմ` «Իրանի դէմ պատերազմին ընթացքին Իսրայէլ զօրք ուղարկած է Ազրպէյճան» յօդուածին համար: Վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ` «Սի.Էն.Էն.»-ը 5 յունիս 2026-ին հաղորդած է, որ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերը` «բաղկացած են քանի մը տասնեակ զինուորականներէ, որոնց շարքին` Իսրայէլի յատուկ գործողութիւններու ուժերէն, անոր ուղղաթիռի յատուկ մարտական ու փրկարարական ստորաբաժանումներէն...

Քաղաքական, Բայց Արդեօ՞ք Քաղաքականութիւն

Քաղաքական, Բայց Արդեօ՞ք Քաղաքականութիւն

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Վերջին քանի մը գրութիւններս` «Մէկ հանրապետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ», «Մէկ դրօշ, բայց ի՞նչ կը նշանակէ «Համահայկական»-ը», «Միասնական, բայց արդեօ՞ք միակարծիք» եւ «Հիմնադիր կուսակցութեան պատասխանատուութիւնը` պետութեան կողքին, ազգային շահի պահապան», համեստ փորձեր են վերադառնալու հայ քաղաքական մտքի քանի մը հիմնարար հասկացութիւններուն եւ մեր այսօրուան իրականութեան մէջ վերաքննելու անոնց իմաստը: Այս շարքը, կատակով, բայց նաեւ որոշ լրջութեամբ, սկսած եմ...

Page 10 of 808 1 … 9 10 11 … 808

Արխիւներ