Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օշական

August 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Պատմութիւնս ոչ ոք կը հետաքրքրէ: Գիտեմ: Այնքան տափակ, այնքան մածուցիկ, անկրակ ու նեխած, որ զիս անգամ կը ձանձրացնէ:

Ես ուսուցիչ եմ: Հայերէնի ուսուցիչ: Նետուած սփիւռքի հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ:

– Ամբողջ կեանքս նուիրեցի հայ դպրոցին, – կ՛ըսեն ընդհանրապէս իրենք զիրենք նուիրեալ ուսուցիչի տեղ դնողներ: Իբր թէ պէտք է հասկնանք, որ ծառայած են սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան»:

Նուիրեա՜լ: Կան ասանկ բառեր, թագաւորներու փառքին պէս չարչարուած, որոնց իրական կեանքին մասին չես մտածեր: Անոնց փառապսակը բծախնդրութեամբ կառավարողները ատենին խնամքով ծածկած են իրականութիւնը (իրականութիւնը շատ իրական է, ինչի՞ս է պէտք) ու  ապահոված անոր երկարակեցութիւնը: Սրբանկարներու սանկ մշուշոտ փայլք մը` շուրջը հմայք ու ջերմեռանդութիւն, խունկ ու աղօտ աղօթք…: Անշուշտ նպատակ կայ ետեւը. ենթակային ասեղնագործի պէս աշխատցուած պատկերը կը ծառայէ վերին տրամադրութիւններու: Կամ վարին: Նուիրեալ ուսուցիչներն ալ ասանկ են: Անկում ապրած ըսե՞մ, թէ՞ չըսեմ: Յամենայն դէպս, բա՛ն չի փոխեր:

Ինչի՞ կը նուիրուին, որո՞ւ կը նուիրուին, չես հասկնար: Գիտնալովս` մարդ կը նուիրուի միայն ի՜ր գաղափարներուն եւ ի՜ր սկզբունքին, այսինքն այն բանին, որուն փուճ ըլլալը օր մը չէ օր մը, մէ՜կէն, կրնայ յայտնուիլ: Կը յայտնուի՜ անպայման: Վերջապէս եկէք ընդունի՛նք, որ սկիզբէն արդէն խորքին մէջ բան մը չկար. ինք ստեղծեր է միտքին մէջ, երեւակայեր, մէջտեղ նետեր, վրան ալ` հաւատացեր: Մինակը հաւատալ անիմաստ բան ըլլալով` ետեւէն եկողներու պէտք զգացուեր է: Եւ ետեւէն եկող այդ ուրիշները նպաստեր են անոր հաւատքին. ո՛չ միայն. օգներ են, քաջալերեր են, մղեր են մինչեւ վերջին գիծ: Եւ հո՛ս է խնդիրը արդէն:

Ինչո՞ւ քաջալերեր են, որ ան հաւատայ, ոգի ի բռին, իր կարեւորութեան: Կարծէ, թէ ինք անհրաժեշտ է, եւ թէ առանց իրեն հայաշխարհը կը տապալի: Եւ աշխատի գիշերը ցերեկին խառնած, գիծէն դուրս ինկած գնացքի պէս: Պարապի: Գիշեր-ցերեկ. իրակաԲն գիշեր-ցերեկ:

– Պատասխանը պարզ է,- կ՛ըսեն դիւանագէտները, երբ բարդ ըլլայ տրուած հարցումին պատասխանելը եւ ուզեն ցոյց տալ, որ կը տիրապետեն իրավիճակին:

Ես չեմ տիրապետեր իրավիճակին: Բա՜ն մըն ալ չեմ հասկցած այս գործէն: Տեսածս միայն այն է, որ պարապի աշխատող պէտք է ըլլայ, որպէսզի անոր անհիմն ջանքը ցոյց տրուի որպէս հաւատքի փաստ:

Այսքան: Ըսելիքս վերջացուցի: Ահա ես կ՛երթամ: Զզուեցայ:

– Ո՞ւր կ՛երթաս, ինչո՞ւ եկար ինչո՞ւ կ՛երթաս:

Ձեզ չի հետաքրքրեր իմ կեանքս: Ո՛չ միտքերս, ո՛չ ծրագիրներս, ո՛չ տեսած երազներս, ո՛չ ալ միամիտ խանդավառութիւններս: Իսկ յուսախաբութիւններս գերեզման անգամ պիտի չունենան, ճիշդ անյայտ զինուորի ձգած ճապաղ անյիշատակին պէս: Ըսելիք չունիմ:

Չունիմ ըսի: Գիւտ չէ ըրածս: Բոլորս գիտենք, բայց իբր թէ ուրիշ ակնոցով կը նայինք հարցին: Ըսէք, ոչինչէն ինչպէ՞ս մէջտեղ բերել հաւատքի փաստ, եթէ չըլլան ինքնամոռաց նուիրեալներ, կեանքով-մահով նպատակի մը տրուածներ: Սրբազան խենթ կ՛ըսեն. շա՜տ խորամանկ տարազ, կախարդական, որ կ՛ուզէ հագնիլ իր անձը հայելիին մէջ ընտրեալ տեսնող չեմ-գիտեր-ով, առանց հարցնելու, թէ որո՞ւ արտադրած հայելիին մէջ կը դիտէ ինքզինք: Տեսէք, համաշխարհային կրօնք հիմնուեցաւ ինքնամոռաց սուրբերու նուիրումի փաստին վրայ: Նայեցէք բոլոր ժամանակներու ինկած ֆետայիներու փտած ոսկորներուն. միայն անո՜նք կը պլպլացնեն մահ իմացեալ անմահութեան ժանգոտած շարժակը: Միւս օրինակս ատելով կ՛ատեմ. պիտի չտամ: Հիմա ատիկա փետրուարեան միօրեայ արձակուրդի վերածուած է, բայց դեռ էջեր կը լեցնէ, յօդուածներ, գիրքեր, բանաստեղծութիւններ, քարոզներ… հոգեպարար ժամանց: Չէ՞ որ մարդը միայն մարմին չէ. «Ո՜չ միայն հացիւ կեցցէ մարդ..». չէ, երկրորդ մասը ծանր է քիչ մը, առաջին մասով բաւարարուինք:

Չեմ այպաներ. այդքան խիստ մէկու մը տեղը չդրուիմ: Ես ալ աշակերտներուս փափլիկ ուղեղները կը լուամ իր մասին պատմելով, սկսելուս` չկամութեամբ, ընթացքին` աստիճանաբար բարձրացող ինքնաներշնչեալ ջերմեռանդ փաթոսով: Թի՜ւհ…:  Զոհե՜րը կ՛ապրեցնեն գաղափարը:

Ճի՛շդ այսպէս` հայերէնի ուսուցիչն ալ. օրինակելի մոտել: Թէ ոչ` պերճ սրահներու ձեղուններու տակ ինչպէ՞ս օդերը թռցնէինք մեր լեզուին-աւանդութիւններուն-ազգային արժէքներուն հրթիռները: Չէ, չէ, շատ կարեւոր է անոր կերպարը, ինչ ուզէք` ըսէք: Ընկերամշակութային առողջ երեւոյթի մը գրաւականն են անոր նուիրումին հաշուոյն եղած բոցավառ, Սասունցի Դաւիթի «Ես դեռ հոս եմ»-եան լորձնաշուրթն ելոյթները: Բայց, առա՛նց իրեն, խնդրեմ: Ինք լեզու չունի, իրեն լեզու տուող չկայ, ականջ տուող բնաւ չկայ: Ինք թող լռէ: Իսկ եթէ բեմին վրայէն գնահատական նայուածք մը ուղղուի իրեն, թող համեստութենէն կարմիր կտրած գետինները մտնէ: Բայց ատիկա համեստութիւն չէ որ. ատիկա իր ոչնչութեան գիտակցութիւնը անգիտակցաբար ունեցողի պարկեշտութիւն է:

Բայց եւ այնպէս… արդար ըլլանք: Այնքան ալ զոհի տեղ չդնենք հայերէնի ուսուցիչը: Վերջապէս ան ձրիաբար չի ծառայեր ազգին, կը վճարուի: Այո՛, ամէն ամիս թխըր-թխըր դրամը դրամատուն կը մտնէ: Յետոյ, բան մըն ալ կայ. ուրիշ ի՞նչ կրնայ ընել որ: Գոնէ հոս ապահով ամսական կայ իրեն: Գոհ չէ՞: Սփիւռքահայ գրողնե՞րը ինչ ըսեն: Չհամեմատենք անհամեմատելին: Անոնք թէ՛ պիտի ստեղծագործեն, թէ՛ պիտի ստանձնեն գիրքի հրատարակութեան գումարը եւ թէ՛ նուիրեն հաւանական ընթերցողներու, որոնց հազիւ մի քանիէն արձագանգ ակնկալեն: Դեռ չեմ հաշուեր խմբագիրներու ձեռքը ինկողները:

Ո՜հ, հիմա երբ նիւթը դրամի հասաւ, հարցը կը փոխուի: Դրամ, մամոնայ, Յիսուսի երեք փորձութիւններէն մէկը: Հզօր: Ես կը վարանիմ այս նիւթին մասին խօսելու, քանի որ չեմ սիրեր դրամը: …: Հաւատացի՞ք: Ստեցի: Ես ո՜չ թէ չեմ սիրեր դրամը, այլ կ՛ամչնամ անկէ: Այնքան ծաղրած է զիս, այնքան նուաստացուցած, որ երեսը տեսնել անգամ չեմ ուզեր: Որո՛ւ որ երթայ, թող երթայ, որո՛ւ ձեռքերուն աղտը դառնալ որ ուզէ, թող դառնայ: Ես այդ լպիրշ իրականութեան բարեկամ չեմ, չեմ ճանչնար:

Կարծեմ սխալ ըրի: Այս նիւթին մասին պէտք չէ խօսէի: Փախաւ, կը ներէք: Չափը անցուցի, ահա ես կ՛երթամ: Ցտեսութիւն: Օր մը, եթէ Աստուած ուզէ, դարձեալ կը հանդիպինք:

– Չէ՜, ո՞ւր կ՛երթաս: Ըսելիքդ ըսիր, փախու՞ստ կու տաս: Չեմ-գիտեր-ինչ ունիս, մնա՛ եւ ինքզինքդ պաշտպանէ:

– Ինքզի՞նքս պաշտպանեմ: Որո՞ւ դէմ:

– Վիրաւորական է ըսածդ: Այսքան կը գովաբանենք քեզ, վերը` հայու Աստուած, վարը` հայերէնի ուսուցիչ, նայէ՜ որքան վարկաբեկիչ խօսքեր կ՛ընես:

Սիրելի՛ս, դուք հոյակապ մարդիկ էք, խօսք չ՛ուզեր: Իմ խնդիրս ինծի՛ հետ է: Ես գիտեմ, որ ձեզ չի հետաքրքրեր իմ պատմութիւնս: Յանցաւոր չէք. վերջապէս աս ազատ աշխարհին մէջ չենք կրնար այս կամ այն բանը պարտադրել մարդոց (իրականութեան մէջ, կ՛ուզե՛նք կարծել, թէ այդպէս է, բայց բոլորս ալ գիտենք, որ սխալ է այս վարկածը, մա՛նաւանդ փրեւերեան ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ մեր ազատութեան մէջ): Ինչեւէ. եթէ անհրաժեշտ է ինքզինքս պաշտպանել, ատիկա ձեզի դէմ չէ: Ես պէտք է ինքզինքս պաշտպանեմ ինծի՛ դէմ: Խաբուած մը չեմ, ամե՛նեւին: Ես կ՛ուզե՛մ հաւատալ: Այս ողբերգութիւնը ինձմէ զատ ո՞վ կրնայ չափել: Կը տեսնես կը հասկնաս կը կշռես եւ դեռ կ՛որոշես հաւատալ: Ինչի՞: Ինչո՞ւ: Aiuto  … Օգնութիւն…: Որ օր մը, տասնեակ տարիներ անց, նախկին աշակերտդ, հիմա կարգին մարդ, պիտի ելլէ դիմացդ եւ աչքերը լեցուն աստղերով քեզ հասցնէ հրճուանքիդ գագաթները` ըսելով, որ ատենին տպաւորած ես զինք, թէ բարով կը յիշէ քեզ տակաւին: Ապա, ամէնէն անմեղութեամբ հարցնէ քեզի` «Դեռ հո՞ն էք»: Ուրիշ խօսքով` դեռ նոյն տե՞ղն էք, նոյն տե՞ղը մնացեր էք, նոյն կենուկէկօկո՞ն ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ:

Էէէէէ՜ Ո՞ւր պէտք է ըլլայի: Ես: Յիշատակարանոց: Յիշուելիք բառ, անուն: Այն տեղը, ուր մեր ժողովուրդին ծիները ամէնէն աշխուժն են: Ժողովուրդ մը, որ կը տիրապետէ յիշատակի արուեստին, իր անտարբերութեան քամիին բզկտած մարմիններուն ցիրուցան յիշատակները բծախնդրօրէն հաւաքելու եւ ջերմեռանդօրէն դիզելու տաղանդին: Կը տեղաւորէ պարունակներու մէջ մշտավառ խարոյկի վրայ եւ կը տաքցնէ միշտ թարմ պահելու կորուստներու պատկերները, որոնք կամաց կամաց կը սմքին ու կը դալկանան, կը դառնան գիրքի ճարակ ու գիտելիք: Կարդացողի՛ն համար: Որքան ուզէք` գովաբանեցէք գիրքերու զօրութենական ուժը մարդոց վրայ. եթէ այն չ՛ապրուիր, գիրերը կը դիականան, կը սկսին  բախել համագումարներու յարալէզեան դռները:

Ի՞նչ է ուրեմն այս մարդոց ակնկալածը արդեօք: Այն, որ ատ վերի հայելիին առջեւ կայնելով իրենց պատկերէն արտացոլայ ընդդիմութիւնը: Մերժող ոգին, որ «այո՛» չ՛ըսեր: Կը պայքարի: Աս ալ պաշտուած բառ մը ահա: Պայքար մոռացութեան դէմ: Ինչպէս` պայքար չմեռնելու համար: Ո՛չ թէ ապրելու: Տարբերութիւն մը կայ, չէ՞: Մէկ վայրկեան … սրբագրենք խօսքը: Ո՛չ թէ տարբերութիւն, այլ առնչութիւն: Այդ երկու վիճակները առնչութիւն չունին իրարու հետ, քանի որ մէկը մեռնելէ կը խուսափի, միւսը դէպի կեանք կը վազէ, մէկը մոռցուելէն կը վախնայ, միւսը` ստեղծագործութեան կը փարի: Հակասական են:

Մարդ Աստուծոյ, չըսե՞ս, որ եթէ մոռցուելու վտանգ կայ, ուրեմն մոռցուելիք է: Յիշողութիւնը մարդուն արեան մէջ կ՛ըլլայ, ոչ թէ ուղեղին: Եւ ահա, ես կը վախնամ հարցնելու զիս տեսնելով խանդավառուած նախկին աշակերտիս, թէ իմ յիշատակս հասցուցա՞ծ է իր արեան որոնումը մինչեւ Վահէն ու հայրը, մինչեւ Օշական: Բայց եւ այնպէս, զիս կը շփոթեցնէ անոր անյատակ բարութիւնը: Կը յուզուիմ շոյուած, երբ յանկարծ մուրճի հարուած մը ուղեղիս` կը փշաքաղէ զիս.

– Անյատակ մի ըսեր սաւոր, ճիշդ բառը տուր. անհի՛մ ըսէ: Եթէ հիմք մը ըլլար այս բոլորին մէջ, պիտի չյիշուէիր, պիտի շարունակուէիր:

Բայց ես ալ ամէն բանի «այո՛» ըսողներէն չեմ, ի՞նչ կը կարծէք: Պիտի չընկրկիմ, պիտի չյուսահատիմ, պիտի չիյնամ, պիտի չազդուիմ, պիտի չտկարանամ … եւ չ-ով նման բաներ, որքան որ ուզէք: Եթէ չ-ն դիմադրել է, հրամեցէք: Ատոր համար այդքան ուժ մէջս` ուրկէ՞:

Ձեզմէ: Դուք, որ կը տեսնէք չեղածը: Կը նշանակէ, որ չէք տեսներ եղածը: Իբր թէ: Յանցաւորը ես եմ, ձեր հայելին: Ո՞վ է արդեօք զայն արտադրողը:

Գիծէն դուրս ելայ նորէն, չափը անցուցի, ներեցէք, փախաւ. ահա ես կ՛երթամ, ա՜լ չեմ մնար: Դուք շարունակեցէք սնուիլ յիշատակներով:

«Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով…»:

 

 

 

Նախորդը

Մարդն Ու Գրողը

Յաջորդը

«Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Առցանց Մամլոյ Ասուլիսին Քննադատուեցաւ Փաշինեանի Վարած Քաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.