Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ-Արմէնի 21-րդ Հատորը

August 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ հատորներուն նման ահա առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը` «Ոստայն 21-Ձայնն Այլոց», ուր 230 էջերով ի մի բերուած են 55 գրութիւններ, որոնք բոլորն ալ թարգմանութիւններ են: Անոնք գրուած են ուրիշներո՛ւ կողմէ, որոնք, բացի երեք անուններէ, հայեր չեն:

Հատորին սկիզբը կը նշուի, թէ թարգմանութիւններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ունի ոչ գրական բնոյթ, ուստի անոնք զետեղուած են ընդհանուր «Իմացական դաշտ» բաժնին մէջ, իսկ գրական գործերը` «Գրական դաշտ» բաժնին: Այս վերջիններուն մաս կը կազմեն երկու բանաստեղծութիւն, մէկը` Պարոյր Սեւակէն` ֆրանսերէնի թարգմանուած, միւսը Փոլ Էլիւարէն` հայերէնի:

Ընթերցողը այս հատորին մէջ պիտի գտնէ Վրէժ-Արմէնի թարգմանական առաջին փորձերէն ալ նմուշներ, որոնք վկայութիւն մը կը հանդիսանան իր հետաքրքրութիւններուն` վաղ տարիքէն սկսեալ: Ան դիտել կու տայ, թէ` «Նոյնը կրնամ ըսել 67 տարիներու վրայ երկարող այս բոլոր գրութիւններուն համար, որոնց արծարծած հարցերը մեր ընդհանրական, համամարդկային հարցերն են, որոնք իրենց լուծման կը սպասեն տակաւին»:

Հեղինակներէն ոմանք իրենց կեանքին ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած անձեր են, ինչպէս` Վացլաւ Հաւել, Ալեքսանտր Սոլժենիցին կամ Տէյվիտ Լուիս, իսկ ուրիշներ ալ  աշխարհի հարցերը լաւապէս դիտած ու մեկնաբանած մտածողներ են, ինչպէս` Չարլզ Թէյլըր, Ժան Տանիէլ կամ Ճըրմէյն Կրիր: Գրական կտորներ թարգմանուած են Նանսի Հիւսթընէն, Հանս Ռիմանէն, Ֆրետ Փելըրէնէն եւ ուրիշներէ:

Այս հատորը ձօնուած է` «Տարիներու գործակցիս ու աշխատակցիս, բայց մանաւանդ հայերէնի աչալուրջ հսկիչիս` Արմենակ Եղիայեանի անմոռ յիշատակին», կը գրէ Վրէժ-Արմէն: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր կեանքի ընկերոջ` Նազիկին, որ միշտ իր առաջին ընթերցողն ու սրբագրիչը կը հանդիսանայ, Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանին, որ բծախնդիր շարագրողն է չթուայնացած իր յօդուածներուն, եւ Իշխան Չիֆթճեանին, որ իր Հայերէն blog կայքէջին վրայ կը հիւրընկալէ Վրէժ-Արմէնին հատորները: Անոնք բոլորը, կարելի է կարդալ այստեղ` https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ, իսկ հեղինակին նամականիէն կարեւոր մաս մը` «Անտիպ» բաժինին մէջ: Տես ՈՍՏԱՅՆ 21-ՁԱՅՆՆ ԱՅԼՈՑ-Հայերէն blog:

Բարի ընթերցում:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Սփիւռքի Հետ Կապերը` Պետական Ծրագիրին Մէջ

RelatedPosts

«Լուսատենչ»-ը`  Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը
Անդրադարձ

«Լուսատենչ»-ը` Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը

October 12, 2026
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն
Անդրադարձ

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն

October 12, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Փաշինեանի Պայքարը Հայոց Կաթողիկոսին Դէմ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.