Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

August 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.

Վերջաբան

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ընկալումներու եւ դուրսին հետ յարաբերութեան ուղին կարելի չէ շարունակել աւանդական-կրկնողական մտայնութեամբ, խորհած է Քիւրքճեան, ինչպէս տեսանք: Անկասկած, աւանդութիւնը կրկնողական ըլլալու սահմանուած երեւոյթ մը չէ, այլ ստեղծագործ փոխանցումներու կտակ մըն է, որ կրկնողական կ՛ըլլայ, երբ անատակութիւնը չի կրնար զայն հասկնալ իբրեւ այնպիսին, չի կրնար իրը, նորը ստեղծել: Աւանդութեան լաւագոյն «պահպանում»-ը անոր նորումն է (իր բառն է ասիկա): Աւանդական-կրկնողականով նկատի ունեցած է ակնարկեալ անատակութիւնը, որ ինքզինք փակած է եւ կը փակէ` չկարենալով, ուստի չկամենալով կտակը ի գործ արկանել` ըստ իր նոր փորձառութիւններուն:

Իսկապէս սփիւռքահայ ընկալումները եւ դուրսին հետ յարաբերութիւնը ստիպողականօրէն այժմէական նկարագիր պէտք է ունենան: Արդ, այս հաստատումը սերտօրէն առնչուած է «մշակութային ենթակայ»-ին, որ մտաւորականն է: Մշակութային ենթական, այսինքն` ան, որ տէրն է աւանդութեան մը, կը գործէ: Երբ մտաւորականը «մշակութային ենթակայ» կոչած է, ըսել ուզած է, թէ ան առաջին տէրն է աւանդութեան, կամ` անոր զարգացման առաջին մշակը:

Քիւրքճեան փորձած է սահմանել սփիւռքահայ մտաւորականին «իրական, փորձնական կենդանագիր»-ը: Ըստ իրեն, սփիւռքահայ մտաւորականը ան է, որուն իմացական աշխարհին մէջ ժառանգեալ մշակոյթը տուեալ մըն է եւ կարելիութիւն մը. անիկա ապրող երեւոյթ մըն է` առօրեայ, «ներկայ իրականութեան մը յղուող»: Սփիւռքահայ մտաւորականը կոչուած է ըլլալու «համադրումի գործօն», որ իր ստանձնած մշակոյթը կը համադրէ այլ մշակոյթներու հետ: Թիւր պիտի ըլլար կարծել, թէ անոր «համադրումի գործօն» ըլլալը լոկ կը նշանակէ սեփականը եւ այլ մշակոյթները քով քովի դնող մը ըլլալ: Քիւրքճեան անոր կից գործածած է «նորումի գործօն» բացատրոյթը: Հետեւաբար սփիւռքահայ մտաւորականին համադրումը այնպիսին պիտի ըլլայ, որ աւանդականը նորանայ: Անոր դերը որպէս ենթակայ եւ պատասխանատու աւանդութեան փոխակերպման` կը գործէ զայն պատշաճեցնելով նոր պայմաններուն, ըստ անոնց նոր կշռոյթին:

Սփիւռքահայ մտաւորականի այս «կենդանագիր»-ը այնքան կը յարմարի Յ. Քիւրքճեան մտաւորականին: Իր արտայայտած բոլոր միտքերը «ամէնօրեայ ներկայի մը բաբախումով» ապրուեցան եւ գործի վերածուեցան իր կողմէ:

Իր «Հանգրուանի մը նոթերէն» յօդուածին մէջ, որ գրած է պատասխանելու համար իրեն ուղղուած հարցումի մը, թէ ինք եւ իր սերնդակիցները իրենց ճիգով եւ լարումով ի՞նչ ելքի եւ արդիւնքի հասան, վերաքաղ մը կատարած է, եւ` պատասխանած:

Յիշած է, թէ իրենք կ՛ապրէին «ներիմացումը նոր տեսիլքի մը, եւ իրենց մէջ «արդէն կ՛ուրուագծուէր մերժումը Արեւելք/Արեւմուտք, հայապահպանում/ձուլում մանիքէական երկուութեան»: Ասիկա «խախտում» մըն էր տիրող կարծրատիպային պատկերացումներու. «խախտում» մը, որ միաժամանակ կը դիտարկէր Արեւմուտքի հայածին նոր սերունդէն անոնք, որոնք հայութեան կապուած շերտ մըն էին: Իրենք ճանչցած էին ֆրանսահայ, ամերիկահայ տարեկիցներ, որոնց մէջ տեսած էին հոգեմտաւոր բացութիւն մը, «չըսելու համար` վառ հետաքրքրութիւն» մը` հանդէպ «հայեցիութեան ոլորտին»: Անոնք բարդոյթներէ զերծ էին, եւ անոնց «գործնական կամ ակադեմական-տեսական տրամադրելիութիւնը» թելադրիչ էր «անհուն կարելիութիւններու»: Ինք ափսոսացած է, որ միջինարեւելեան գաղափարաբանական կեթոն այն կարելիութիւնները անտեսած էր, ուստի եւ` մսխած: Սակայն հաւատացած էր, որ տակաւին «փրկելի» էին կարելիութիւններ` «այս կամ այն համեմատութեամբ»: Փրկելի` վասն համահայկական որակի կայացման: Եւ կայացող որակը մարդկային որեւէ համայնքի, նաեւ համայնութեան համար կենսական է:

Ի՞նչ կրցան ընել ինք եւ իր սերնդակիցները «երազուած», «սպասուած» սփիւռքը կայացնելու համար: Բայց ի՞նչ կարելի էր ընել «կիսակառոյց սփիւռքի մը մէջ: Երբեմն խորհած է, թէ միայն կարելի է ձգտիլ «փակ, փոքրաթիւ հոգեմտաւոր հարազատներու համայնքի մը»: Եւ երբեմն ալ չէ հրաժարած «հոգեմտաւոր հարազատներու համայնք»-է մը անդին` կարելիութիւններու «ներիմացում»-էն, այսինքն` երազէն եւ սպասումէն, որ ընդհանրական յանձնառութեան տեսիլքը պիտի կերպարանաւորուի` ծնունդ տալով որակաւոր համայնութեան մը: Քիւրքճեան, իր իսկ փորձառութեամբ, «ներիմացում»-ը ըմբռնած է ոչ իբրեւ ինքնախաբէութիւն, այլ` գրեթէ իբրեւ ստուգութիւն. ըստ որուն, նոր գաղափարները անզգալիօրէն եւ աստիճանականօրէն կը թափանցեն թէ՛ հաստատութենական «միջնաբերդեր»-է ներս եւ թէ՛ անհատներու մտաշխարհներուն, եւ կ՛առաջնորդեն աւանդութիւնը նորելու, եւ նորելով` իբրեւ կառոյցներ, իբրեւ անհատներ եւ իբրեւ ինքնութիւն նորնալու:

Կը խորհիմ, որ իր մօտ աւելի կշիռ ունեցած է համայնութեան վերականգնումին տեսիլքը: Յ. Քիւրքճեան դրականօրէն ապրեցաւ թէ՛ մտքով, թէ՛ ալ` գործով: Արդ, իր օրինակը կ՛ըսէ, թէ սփիւռքահայ մտաւորականին դերը չյանձնուիլն է իր կասկածներուն, այլ հաւատք ունենալն է ընդհանրական յառաջընթացին համար նոր գաղափարներու ներգործիչ եւ վերականգնիչ ուժին…

(Շար. 11 եւ վերջ)

 

Նախորդը

Ցայգալոյս. Իրապէս Հպարտացուցիչ Երեւոյթի Մը Առիթով

Յաջորդը

Թուլացնել Սփիւռքը Նշանակում Է Թուլացնել Հայաստանը

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.