Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Բանակին Բռնութիւնները Շուշեցիներուն Դէմ Եւ Աղա Մոհամէտ Շահին Սպանութիւնը Շուշիի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշի Աղա Մոհամէտ շահին պարսկական բանակը Վարանդայի մելիք Ջումշուդի առաջնորդութեամբ Շուշի մտած էր 1797¬ի մայիսի վերջաւորութեան: Շուշիի տիրելէն ետք Աղա Մոհամէտ շահ որոշեց պատժել հայ եւ թուրք բոլոր ազդեցիկ անձերը, որոնք Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանին կուսակիցներ էին եւ Շուշիի բերդի առաջին պաշարման ժամանակ կռուած էին իր դէմ: Անոնց շարքին էին գիւլեաթաղցի Ռուստամ բէկ (որ Ղարաբաղի խանին կողմէ Ջրաբերդի...




















