Ջալալ Բէկ Եւ Դանիէլ Բէկ Հասան Ջալալեաններու Սպանութիւնները
Հայերը Նովոռոսիա Տեղափոխելու Ծրագիրներ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Սարգիս եպիսկոպոսի եւ անոր եղբայրներու ու միաբանակից հոգեւորականներու Արցախէն հեռանալէն ետք Գանձասարի վանքը մնաց աւեր ու ամայացած:
Սարգիս եպիսկոպոս նոյն տարին` 1791-ին իր եղբայրներ Դանիէլ բէկը եւ Ջալալ բէկը Գանձասար ուղարկեց, որպէսզի վանքին թաքցուած հարստութիւնները դուրս հանեն եւ Գանձակ բերեն:
Դանիէլ բէկ եւ Ջալալ բէկ գաղտնի մտան Արցախ եւ հասան Գանձասար, բայց իսկոյն մատնուեցան:
Իպրահիմ Խալիլ խանի մարդիկը բռնեցին զանոնք, Ջալալ բէկի գլուխը կտրեցին, իսկ Դանիէլ բէկը տարին խանին մօտ:
Իպրահիմ Խալիլ խան հրամայեց, որ բանտարկեն Դանիէլ բէկը եւ անոր դառնալով ըսաւ. «Գնա հոն մնա՛, ռուսերը թող գան եւ ազատեն քեզ»:
Քանի մը օր ետք խանը բանտէն դուրս բերել տուաւ զայն եւ հրամայեց մաս առ մաս կտրատել:
Անոր քոյրը եւ մելիք Մեջլումի մայրը` Ղամար Սոլթան, որ Շուշիի բերդին մէջ իբրեւ պատանդ կը պահուէր, հաւաքեց իր եղբօր մարմինին կտորները եւ թաղել տուաւ գերեզմանատան մէջ:
***
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին իր բանակատեղին Եաշ փոխադրած էր: Անոր գլխաւոր բնակարանը արքունիքի տեսք ունէր, ուր, ինչպէս նկարագրուած է` ասիական շքեղութիւնն ու եւրոպական նրբագեղութիւնը միախառնուած էին: Իշխանը շրջապատուած էր ասիական շքեղութեամբ եւ ստրկամիտ ամբոխով. հոն բերուած էին լաւագոյն արուեստագէտներ եւ նշանաւոր ազնուականներ, զուարճացնելու համար նորին պայծառափայլութիւնը:
Մոլտաւացի պոյարներ անձամբ կամ նամակներով շնորհակալութիւն կը յայտնէին իշխան Գրիգորի Ալեքսանդրովիչի` թուրքերու բռնակալութենէն զիրենք ազատելուն համար, կ՛ըսէին որ միշտ պիտի մեծարեն զինք իբրեւ ազատարար եւ կը խնդրէին, որ իր ձեռքը վերցնէ իրենց երկրին ճակատագիրը:
Փոթեմքին ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ ենթակայ Մոլտաւիոյ էքզարխութիւնը հաստատեց, թէեւ մոլտաւացիք Կոստանդնուպոլսոյ յոյն տիեզերական պատրիարքութեան կապուած էին:
Իշխան Փոթեմքին քաղաքական եւ փառասիրական վիթխարի ծրագիրներ ունէր եւ տեւական կապ կը պահէր Ռուսաստան եւ արտասահման գտնուող իր բազմաթիւ գործակալներուն հետ:
Փոթեմքին Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի հետ սերտօրէն կը գործակցէր եւ անոր կազմած հայկական ծրագիրը ընդունած էր, որովհետեւ ցանկութիւն ունէր նոր ստեղծուելիք Հայաստանի պետութեան գահին վրայ բազմելու:
Փոթեմքին Յովսէփ արքեպիսկոպոսի առաջարկեց Անդրկովկասէն եւ Մոլտաւիայէն հայերը գաղթեցնել Նովոռոսիա: Իշխանին նպատակն էր հարաւային Ռուսիոյ անբնակ հողերը վերաբնակեցնել, ինչպէս նաեւ հայերը միշտ իր ձեռքերուն մէջ ունենալ:
Իշխան Փոթեմքին 1791 փետրուարին ժամանեց Պետերբուրգ: Ի պատիւ իրեն երեք հազար պալատականներու մասնակցութեամբ շքեղ խնճոյք կազմակերպուեցաւ: Ան փորձեց Պլատոն Զուպովը հեռացնել կայսրուհիէն, բայց չյաջողեցաւ: Եկատերինա Բ.ի խնդրանքով վերադարձաւ Եաշ, իբրեւ Ռուսիոյ լիազօր խաղաղ բանակցութիւններ վարելու համար:
Պատերազմական գործողութիւնները աւարտելու վրայ էին, երբ Փոթեմքին Յովսէփ արքեպիսկոպոսի թելադրեց հայերը գաղթեցնել այն քաղաքներէն, որոնք հաշտութեան դաշինքին համաձայն պիտի վերադարձուէին Օսմանեան կայսրութեան: Արքեպիսկոպոսը ժրաջանութեամբ կատարեց այդ յանձնարարութիւնը:
Փոթեմքին հայութեան կառավարումը վստահեցաւ Յովսէփ արքեպիսկոպոսի եւ Ստեփան Դաւթեանի: Իր «Յիշատակարան»-ին մէջ Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գրէ. «Գեղարքունցի Տէր Սահակի որդի Արարատեան դեսպան կոչեցեալ պրիմեր մայեօր պարոն Ստեփան Դաւիթօվն, զոր վերակացու էաք կարգեալ քնեազի հրամանաւն` վասն լինելոյ նորա յազգէ մերէ, նա զբոլոր ժողովուրդսն մեծագոյն աշխատութեամբ էհան յամենայն քաղաքաց եւ տարաւ Տուպասար, որում ետուք մերով զկառավարութիւն նորա»:
***
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին 5 (16) հոկտեմբեր 1791-ին, Եաշէն Նիկոլայեւ ճամբուն վրայ տենդէ բռնուած մահացաւ:
Փոթեմքինի մահուան առիթով Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան նամակ գրեց Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին, որ կ՛ըսէր. «Մեք կորուսաք անգին խնամակալն մեր եւ զյատուկ բարերարն. այժմ ձեռն ի ծնօտի նստեալ կամք մերային ազգօք, ակն ունենալով վերին օգնականութեանն եւ այցելութեանն Աստուծոյ»:
Ղուկաս կաթողիկոս պատասխան նամակին մէջ կը գրէր. «Տրտմութիւն մեծ եղեւ մեզ, եւ սակս տարաբախտութեան մեր եւ ազգին մերոյ վարկաք զայնպիսի պատուական եւ խնամառատ անձին բառնիլն ու մէնջ յայսպիսում ժամանակի»:
Նոյն ժամանակ, զօրավար Սովորովի բնութագիրի հիման վրայ Ստեփան Դաւթեանի փոխգնդապետի աստիճան շնորհուեցաւ` տարեկան եօթը հարիւր ռուբլի ռոճիկով: Անոր երկու տղոց, որոնք ռուսական բանակին մէջ զինուորական ծառայութեան մտած էին, շնորհուեցաւ պրապորշչիկի աստիճան` իւրաքանչիւրին տարեկան երեք հարիւր ռուբլի ռոճիկով:
***
Ռուս-թրքական պատերազմին վերջ տալու համար պատերազմող կողմերու լիազօր ներկայացուցիչները Եաշ հաւաքուած էին: Հոն կը գտնուէր նաեւ Յովսէփ արքեպիսկոպոս:
Եաշի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 29 դեկտեմբեր 1791 (9 յունուար 1792)-ին: Ռուսաստանի անցաւ Հարաւային Բուգի եւ Դնեստրի միջեւ տարածքը եւ հաստատուեցաւ Խրիմի միացումը Ռուսաստանի:
Պատերազմի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան վերադարձուած շրջաններէն շուրջ չորս հազար հայեր անցան ռուսական սահմանը եւ Դնեստր գետի հովիտին մէջ հիմնեցին Գրիգորիոպոլ քաղաքը:
***
Վարանդայի մելիք Շահնազար, ազգի եւ հայրենիքի դաւաճանը, մահացաւ 1792-ին, խոր ծերութեան մէջ:
Մելիք Շահնազար իր առաջին կնոջ` Թագումի մահէն ետք ամուսնացած էր Դիզակի մելիք Եսայիի դուստր Սոնայի հետ եւ անոր ողջութեան կնութեան առած էր Թագումի եղբօր դուստր Մալայիկը:
Բազմակնութեան վրայ հիմնուած անոր ընտանիքին մէջ վէճերն ու անհամաձայնութիւնները անպակաս էին:
Մելիք Շահնազար իր խիղճը հանգստացուցած էր ձեւական կրօնասիրութեամբ, բարեպաշտութեան մէջ որոնելով իր մեղքերու թողութիւնը: Ան ինքզինք հոգեւորականներով շրջապատած էր եւ սովի ժամանակ ցորենի ամբարները բանալով հացով կերակրած էր ժողովուրդը:
Ամարասի վանքը, Մաճկալաշէն գիւղին մօտ, Խազազ եւ Լուսաւորիչ սարերուն միջեւ, հիմնուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ: Հոն թաղուած է անոր թոռը` Աղուանքի առաջին եպիսկոպոս Սուրբ Գրիգորիս: Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ հոն բացած է հայկական առաջին դպրոցը, եւ վանքը կրթական ու մշակութային մեծ կեդրոն եղած է: Մոնկոլ-թաթարական արշաւանքներու ժամանակ վանքը քանիցս կողոպտուած եւ աւերուած է եւ անշուք ու կիսաւեր վիճակի մէջ կը գտնուէր:
Մելիք Շահնազար հարթավայրի վրայ գտնուող վանքը անառիկ դարձնելու նպատակով անոր շուրջ բարձր պարիսպներ կառուցել տուած էր առանց որեւէ անցքերու: Պարիսպներու չորս անկիւններուն վրայ աշտարակներ կառուցուած էին: Վանքին միակ մուտքը կը գտնուէր հարաւ-արեւելեան մասին մէջ. հոն գտնուող տնտեսական բակը` գոմ, ախոռ եւ մթերանոցներ, երկաստիճան ամրութիւններու համակարգերով ամրացուեցաւ: Արեւմտեան աւելի ընդարձակ բակին կեդրոնը կը գտնուի Սուրբ Գրիգորիս եկեղեցին, որուն բեմին տակ սուրբին մատուռ դամբարանն է: Մելիք Շահնազար սրբատաշ քարերով միաբանութեան համար խուցեր, սեղանատուն, ուխտաւորներու համար բազմաթիւ սենեակներ, ամբարանոցներ եւ ախոռատուն կառուցել տուած էր:
Մելիք Շահնազար տաճարի վերանորոգութեան համար քանի մը քսակ ոսկի պահած էր, երբ մահը վրայ հասաւ:
Մելիք Շահնազար կեանքի վերջին տարիներուն փորձած էր հաշտուիլ միւս մելիքներուն հետ եւ անոնց հետ ռուսաց կայսրուհիին ուղղուած թուղթ ստորագրած էր ռազմական օգնութեան խնդրանքով: Սակայն ժողովուրդը չէր ներած անոր եւ մեղքերը քաւել փորձող դաւաճանին մասին երգիծական աւանդութիւններ հիւսուած էին:
Մելիք Շահնազարը հնարաւորինս ծաղրած է իր իսկ ծաղրածուն` Պլը Պուղին:
Պլը Պուղի (Խենթ Պօղոս), Շոշ գիւղէն, առակախօս էր, կատակաբան, սուր խօսք յօրինող, հնարամիտ ու արդարադատ: Ան մեծ հեղինակութիւն էր Արցախի մէջ եւ անոր անունը հասած էր մելիք Շահնազարի, որ զայն հրաւիրած էր Աւետարանոց` իր մօտ ապրելու:
Պլը Պուղի պարզակենցաղ մարդ էր եւ անոր ամբողջ ունեցածը Խուրջինի մը մէջ կը տեղաւորուէր:
Պլը Պուղի իր հնարամտութիւններով յաճախ փորձած է զգաստացնել մելիք Շահնազարը: Երկու կողմերն ալ տեւական հակադրութեան մէջ եղած են, բայց մնացած են անբաժան:
Պլը Պուղի երբեք չէ քծնած եւ համարձակ կերպով դառն ճշմարտութիւնները մելիքի երեսին ըսած է:
Այսպէս, անգամ մը մելիք Շահնազար Պլը Պուղիի ըսած է. «Դուն խօսքի վարպետ ես, հիմա կը լռես»: Պլը Պուղի պատասխանած է. «Եթէ կարենայի լռել, մելիք Շահնազար, ատիկա ալ մեծ օգնութիւն կ՛ըլլար: Ցաւը այն է, որ լռելն ալ դժուարացած է, ժողովուրդի աչքին չի նայուիր, բոլորը կը թքեն քու վարմունքիդ վրայ»:
Այնուհետեւ Պլը Պուղի աւելցուցած է. «Քծնող-կեղծող նազիր-վեզիրներու բանակը ինչո՞ւ կը պահես ապարանքիդ մէջ. որ դաւաճանական ու սխալ գործերդ գովե՞ն»:
«Պուղի, սահմանը կ՛անցնիս: Դաւաճանս ո՞րն է: Անոնք իմ դէմ չեն խօսիր», յարած է մելիք Շահնազար:
«Մելիքը ապրած կենայ», հեգնանքը շեշտած է Պուղի. «Զիս կը պահես ոչ թէ անոր համար որ ճշմարտութիւնը կը սիրես, այլ անոր համար, որ ճշմարտութիւնը լսես ու հակառակը ընես»:
Ուրիշ անգամ մը մելիք Շահնազար Պլը Պուղիի հարցուցած է որ մարդու տունը ինչէ՛ն կը քանդուի, ան պատասխանած է. «Ներսի թշնամիէն»:
Մելիք Շահնազար իր դուստրը` Հիւրիզատը ամուսնացուցած էր Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ: Բայց Հիւրիզատ չէր ուզած համակերպիլ եւ հնազանդիլ իր ամուսնոյն: Մելիք Շահնազար Պլը Պուղիի յանձնարարած էր իր յամառ ու անբան աղջկան խօսք հասկցնել: Պլը Պուղի պատասխանած էր. «Մելիքը ապրած կենայ, բայց աղջիկդ շատ ճիշդ կ՛ընէ. անոր խելքը քու խելքէդ չէ որ այդ շուներուն ծառայէ»:
Պլը Պուղի յօրինած է զուարճալի զրոյցներ ու առակներ, որոնք ժողովուրդին մէջ տարածուելով վերափոխուած ու լրացուած են եւ անոր անունով բանաւոր հասած են մինչեւ մեր օրերը: Ան մահացած է 1810-ին, շուրջ 79 տարեկանին: Յուշաքարը կը գտնուի Շոշ եւ Մխիթարաշէն գիւղերու արանքին տեղակայուած քարանձաւին մէջ:
Մակար վարդապետ (հետագային` եպիսկոպոս) Բարխուդարեան արցախցի ծերունիներէն գրի առած է Պլը Պուղիի 189 զուարճախօսութիւն ու առակ, որոնք 1883-ին տպագրած է Թիֆլիսի մէջ` «Պըլը Պուղի» խորագիրով. գիրքը գրուած է Արցախի բարբառով: Հետագային, այլ բանահաւաքներ նոր գրառումներ հրատարակած են: