Մելիք Մեջլումի Դերակատարութիւնը Եւ
Աղա Մոհամէտ Խանէն Ստացած Արտօնութիւնները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Աղա Մոհամէտ խանի պարսկական բանակը Շուշիի պաշարումը քակելէն ետք, 1795 սեպտեմբերի սկիզբը հասաւ Գանձակ:
Նոյն օրերուն Աղա Մոհամէտ խանի եղբայրներ Ալի Ղուլի եւ Ջաֆար Ղուլի խաները քակեցին Երեւանի պաշարումը եւ ճամբայ ելան դէպի Գանձակ, ուր միացան իրենց եղբօր:
Աղա Մոհամէտ խան կրկին պատուիրակ ուղարկեց վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին, պահանջելով խզել Ռուսիոյ հետ կնքուած Գէորգիեւսկի դաշինքը եւ հնազանդիլ պարսկական գահին:
Հերակլ Բ. մերժեց պարսիկ տիրակալին առաջարկը եւ սկսաւ պատրաստուիլ պատերազմի:
Մինչ այդ պարսկական բանակը Աղա Մոհամէտ խանի հրամանատարութեամբ շարժեցաւ դէպի Թիֆլիս: Բանակը կ՛առաջնորդէին Գանձակի Ջաւադ խան եւ Ջրաբերդի մելիք Մեջլում:

Մելիք Մեջլում, իբրեւ Թիֆլիսի դիրքին լաւ ծանօթ, պարսկական բանակին ցոյց կու տար թէ ինչպէս եւ որ կողմերէն պէտք է տիրել քաղաքին: Բանակի յառաջապահ ջոկատները անոր հրամաններով ու ղեկավարութեամբ կը շարժէին:
* * *
Հերակլ Բ. թագաւոր վրաց ազնուականները ժողովի հրաւիրեց եւ անոնց թելադրեց պատրաստուիլ թշնամիին առաջքը առնելու համար:
Վրացի իշխանները զբաղած էին սովորական կերուխումով եւ ուշադրութիւն չդարձուցին թագաւորի թելադրութեան:
Հերակլ Բ. կը շարունակէր արհամարհել պարսկական բանակը, հետեւաբար անհրաժեշտ պատրաստութիւններ չտեսաւ եւ նոյնիսկ զօրակոչ չյայտարարեց:
Թագաւորը իր բանակին մէկ մասը այլ վայրեր տեղափոխեց, հրամայելով օգնութեան գալ այն ժամանակ, երբ ինք անհրաժեշտ նկատէ:
Նոյն օրերուն թագաւորը իր ընտանիքը Թիֆլիսէն Վրաստանի խորերը տեղափոխեց:
Թագաւորին երկչոտութիւնը վհատեցուց զօրքերը: Վրաց զօրապետները Հերակլէն խնդրեցին իրենց ընտանիքները հեռացնել Թիֆլիսէն, յայտնելով որ յետոյ կու գան պատերազմելու: Բայց գացողը այլեւս ետ չդարձաւ:

Հերակլ Բ. իր մնացած զօրքերով դուրս ելաւ Թիֆլիսէն եւ Ղազախի Ինջա գետին մօտ բանակ դրաւ, սպասելով պարսկական բանակին: Բայց երբ լուր առաւ որ պարսկական բանակը մօտեցած է, ձգեց իր դիրքերը եւ Թիֆլիս վերադարձաւ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Իմերեթիոյ Սողոմոն Բ. Բագրատիոնի թագաւոր իր բանակով Թիֆլիս մտաւ պաշտպանելու համար մայրաքաղաքը: Բայց հազիւ քաղաք մտած, իմերեթցիներ անօթութենէն սկսան կողոպտել Թիֆլիսը եւ անոնցմէ շատեր ահագին աւարով փախուստ տուին դէպի արեւմուտք:
* * *
Պարսկական բանակի յառաջապահ ջոկատները 9 սեպտեմբեր 1795-ին հասան վրացական բանակի առաջաւոր դիրքերը: Այդ եւ յաջորդ օր մղուած կռիւներուն վրացիք տկար դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ նահանջեցին:
Պարսկական բանակի հետախոյզներ զեկուցեցին որ վրացիք բաւարար ուժ չունին եւ անկարող են լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տալու:
Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն Հերակլ Բ. իր տրամադրութեան տակ ունէր հինգ հազար զինուոր, որուն երկու հազարը Սողոմոն Բ.ի իմերեթցիներն էին:
Սեպտեմբեր 11-ի առաւօտ կանուխ Աղա Մոհամէտ խան անձնապէս զօրքը գրոհի առաջնորդեց: Թնդանօթային համազարկերու տակ հեծելազօրքը գրոհի անցաւ: Պարսիկներ անցան Կուր գետը եւ հարուածեցին վրացական բանակը:
Վրացիք փոքր դիմադրութենէ ետք մասամբ պաշարուեցան: Պարսիկներ սկսան անխնայ սուրի քաշել վրացիները:
Հերակլ Բ. փորձեց վերախմբել իր ուժերը եւ հակայարձակման անցնիլ, բայց մինչ այդ պարսկական յառաջապահ ջոկատները հասան Թիֆլիսի դուռերը: Երեկոյեան վրացական բանակի դիմադրութիւնը խորտակուեցաւ:
Վրացական բանակի վերջին թնդանօթը պահ մը կրակի տակ առաւ պարսկական յառաջացող ուժերը, առիթ տալով որ Հերակլ Բ. եւ անոր մերձաւոր շուրջ հարիւրյիսուն անձեր հեռանան քաղաքէն: Բախումները շարունակուեցան քաղաքի փողոցներուն մէջ եւ Նարիքալա ամրոցին շուրջ:
Հերակլ Բ. Հաւլաբարի կամուրջէն անցնելով ջորեպանի մը հետ փախաւ Կախեթիի կողմերը:
Սեպտեմբեր 12-ին Թիֆլիսի հարաւային դարպասներուն մօտ բախումներէ ետք վրացի զինուորները ցիրուցան փախուստի դիմեցին:
Պարսկական զօրքերուն մէկ մասը, մելիք Մեջլումի առաջնորդութեամբ, Սոլոլակի կողմէն, իսկ միւս մասը` Աղա Մոհամէտ խանի առաջնորդութեամբ, բաղնիքներու կողմէն, մտան քաղաք:
Պարսիկներ սկսան անխնայ սուրի քաշել Թիֆլիսի բնակիչները եւ կողոպտել քաղաքին հարստութիւնները:
Թիֆլիսի մետրոպոլիտ եւ Դարեջան Դադիանի թագուհիի խոստովանահայր Դոսիտէոս եպիսկոպոս Սիոնի տաճարին մէջ, Աստուածածնի սրբապատկերին առջեւ ծնրադրած կ՛աղօթէր: Պարսիկ զինուորները վրայ հասան եւ զայն բռնելով Կուր գետը նետեցին: Վրաց եկեղեցին նահատակ եպիսկոպոսին յիշատակը կը տօնախմբէ ամէն տարի սեպտեմբեր 12-ին:
Քաղաքին կոտորածը եւ աւարառութիւնը շարունակուեցաւ ամբողջ ութը օր: Թիֆլիս աւերակներու կոյտ դարձաւ: Հաւլաբար թաղամասը ամբողջովին հուրի մատնուեցաւ: Կուրի վրայի կամուրջները աւերուեցան:
Մելիք Մեջլում այսպէս առաւ իր վրէժը վրաց դաւադիր արքայէն: Այսպէս ան յարգեց իր խոստումը, որ տուած էր Օրթա Ճալայի ճաշկերոյթին օրը, Թիֆլիսէն հեռացած պահուն, երբ սայլապաններու միջոցով լուր ղրկած էր Հերակլի, որ չի մոռնար անոր հիւրասիրութիւնը:
Հաւլաբարցի կանայք անէծք մը յօրինեցին, ուր կ՛ըսուէր.
«Մելիք Մեջլումը շուն դառնայ,
Ջաւադ խանը պստիկ կուճի,
Մելիք Մեջլումի ազգեմէն
Թո՛ղ չմնայ մէկը Շուշի…»:
* * *
Աղա Մոհամէտ խանի բանակը, շուրջ տասներկու հազար գերիներով եւ ահագին հարստութիւններով ծանրաբեռնուած, Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ դէպի Մուղանի դաշտ:
Աղա Մոհամէտ խան իր յաղթանակը մասամբ պարտական էր մելիք Մեջլումին: Հետեւաբար ճանապարհին ան իր զօրապետներուն հրամայեց որ աւարէն բաժին հանեն հայ մելիքին, ըսելով. «Քրիստոնեային պատկանածը քրիստոնեային տուէք»:
Մելիք Մեջլումի ձիաւորները իրենց եափունջիները գետինը փռեցին եւ պարսիկ զինուորները որքան խաչեր, եկեղեցական անօթներ եւ զգեստներ որ կողոպտած էին Թիֆլիսի եկեղեցիներէն, բոլորը թափեցին եափունջիներուն վրայ:
Աղա Մոհամէտ խան միաժամանակ երեք արտօնութիւններ տուաւ մելիք Մեջլումին.
ա.- Երբ որ կամենայ, կրնայ անարգել կերպով ել ու մուտ գործել իր մօտ. բ.- ինչ որ խնդրէ, անոր կամքը կը կատարուի. գ.- արքունի գանձարանը անոր տրամադրութեան տակ կը գտնուի:
Մելիք Մեջլում հպարտ եւ անշահախնդիր էր. ան ուրիշ ոչինչ պահանջեց Աղա Մոհամէտ խանէն, միայն օգնութիւն խնդրեց Շուշիի բերդը եւս Թիֆլիսի նման կործանելու, Իպրահիմ Խալիլ խանը ոչնչացնելու եւ Ղարաբաղի հայ մելիքներու իշխանութիւնները վերահաստատելու համար:
Աղա Մոհամէտ խան ընդառաջեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ուղղակի Ղարաբաղ երթալ, Շուշին գրաւելու եւ մելիք Մեջլումի ցանկութիւնները կատարելու համար:
Մելիք Մեջլում Թիֆլիսի եկեղեցիներէն կողոպտուած եւ իրեն տրուած աւարը ետ Թիֆլիս ուղարկեց:
* * *

Պարսկական բանակը Մուղանի դաշտ հասաւ եւ հոն պիտի ձմեռէր, գարնան կրկին պաշարելու համար Շուշին:
Մինչ այդ Աղա Մոհամէտ խան որոշեց հնազանդութեան բերել Շամախիի եւ Նուխիի խաները: Բայց անոր ուղարկած զօրքերը անյաջողութեան մատնուեցան:
Աղա Մոհամէտ խան այդ անյաջողութեան վրէժը լուծեց Թիֆլիսէն բերած գերիներէն, որոնցմէ վեց հարիւր հոգին, գլխաւորաբար` ծերեր եւ տկարներ, բանակի ձիերը կոխկռտեցին եւ սպաննեցին:
Իրանի տիրակալը աւելի բարբարոսական պատիժ սահմանեց այն յիսուներկու հայ գիւղապետերուն համար, որոնք ձերբակալուած էին Շուշիի պաշարման ժամանակ: Անոր հրամանով քարակիր պատ մը շինուեցաւ յիսուներկու նեղլիկ ծակերով, որոնց մէջ մտցուցին գիւղապետերուն գլուխները: Ապա պատին միւս կողմէն անոնց պարանոցներէն հաստ պարաններ անցուցին, որոնց ծայրերը ամեհի ջորիներու գաւակներուն կապեցին ու հարուածներով ստիպեցին անասուններուն քաշել այդ պարանները. եւ անոնք այնքան քաշեցին, որ թշուառներուն գլուխները պոկուեցան:
* * *
Թիֆլիսը աւերակ դառնալէն քսանհինգ օր ետք Հերակլ Բ. վերադարձաւ մոխիր դարձած իր մայրաքաղաքը:
Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան այդ ժամանակ Գրիգորիոպոլ կը գտնուէր, ուրկէ ցաւակցական եւ մխիթարական գիր ուղարկեց Հերակլի, ուր կ՛ըսէր.
«Ձեր թագաւորութեան հանդիպած ցաւալի պատահարը, իմ հայրենիքի աւերումը, կործանումը եւ գերեվարութիւնը իմացայ ես: Երեմիա մարգարէի նման գլուխս մոխիրի եւ աչքերս արտասուքի մէջ, կ՛ողբամ իմ հայրենիքի վիշտը, իսկ իմ արտասուքներն ու տրտմութիւնը կը միացնեմ գերի գացածներու եւ սպաննուածներու, կեղեքուածներու եւ պատժուողներու աղիողորմ լացի հետ: Թող արթննան մեր նախնիները եւ այժմ սրտապատառ ողբեր յօրինեն Բագրատունեաց թագաւորութեան անկման վրայ, որոնց սերունդին վրայ յոյսեր կային դրուած, թէ մեծ ճիւղեր պիտի արձակէ, բայց այժմ աւելի վատ եղաւ քան առաջ: Այժմ թող ձեզ հետ լան եւ աշխարհի երեսին ցրուած հայերը, որովհետեւ անոնք յոյս ունէին միայն ձեր երկրի եւ թագաւորութեան վրայ»:
Թիֆլիսի աւերման առիթով Յովսէփ արքեպիսկոպոս 15 դեկտեմբեր 1795¬ին նամակ ուղարկեց Պետերբուրգ, Արարատեան դեսպան եւ արքունիքին մէջ Արեւելքի գործերու խորհրդատու Ստեփան Դաւթեանի, ուր կ՛ըսէր.
«Նոյեմբերի 15¬ին կսկծալի լուրդ ընկալայ. ո՜հ լուր դառն եւ աղէտ անբերելի եւ օր տխրութեան, որ է գիր տխրութեան»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը յայտնէր նաեւ որ ռազմական օգնութեան Հերակլի առաջարկը օրին փոխանցած էր ռուսերուն, այն հիմամբ որ կամ ըստ Գէորգիեւսկի դաշինքի տրամադրութեան զօրք ուղարկուի Վրաստան, կամ հրաժարիլ դաշինքէն եւ ձգել որ վրաց արքան վարուի այնպէս, ինչպէս ինք կը ցանկայ:
* * *
Աղա Մոհամէտ խան Երեւանի խանութիւնը ուղղակի Պարսկաստանի կեդրոնական իշխանութեան կապեց եւ այնպէս կարգադրեց, որ վրաց արքունիքը այլեւս ոչ մէկ իրաւունք կրնայ ունենալ տուրքեր հաւաքելու շրջանի բնակիչներէն:
Գանձակի խանութիւնը եւս ուղղակի կեդրոնական կառավարութեան կապուեցաւ եւ Ջաւադ խան այլեւս ոչ մէկ կախուածութիւն կրնար ունենալ վրաց արքայէն:
Իսկ Փամբակը, Ղազախը եւ Բորչալուն, որոնք Վրաստանի թագաւորութեան սահմաններէն ներս կը գտնուէին, Երեւանի խանութեան կցուեցան:
* * *
Աղա Մոհամէտ խան ռամատան 1210¬ին (1796 մարտ) Մուղանի դաշտին մէջ Պարսկաստանի շահնշահ օծուեցաւ:
Արքայական պղնձեայ թագը նկարներով զարդարուած էր եւ չորս փետուրով էր. այդ փետուրները կը խորհրդանշէին արքայից արքային իշխանութիւնը Աճեմիստանի, Թուրքեստանի, Աֆղանիստանի եւ Հինտուստանի վրայ:
Մուղանի դաշտէն նոր գահակալը ուղղուեցաւ Արտապիլ, ուր յատուկ արարողութեամբ անոր մէջքին կապեցին Սաֆաուիներու թուրը:
Գահակալական արարողութիւնները հազիւ աւարտած էին, երբ լուր հասաւ որ Հերաթի եւ Քանտահարի կողմերը ապստամբութիւններ բարձրացած են:
Արքայից արքան կը պատրաստուէր Շուշիի վրայ արշաւելու եւ համապատասխան թնդանօթներու կը սպասէր, բայց ապստամբութեանց ճնշումը առաջնահերթ նկատելով ճամբայ ելաւ դէպի Խորասան եւ Աֆղանիստան: