Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Զեկուցագիրը Եւ Դիմում Եկատերինա Բ.Ի` Արցախցիները Կասպից Ծովու Ափեր Տեղափոխելու Հարցով
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Վրաց Հերակլ Բ. թագաւոր եւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան բանակցութեան մէջ էին, որպէսզի Ղարաբաղ տեղափոխուած վիրահպատակ թուրքերը Վրաստան վերադարձուին, իսկ փոխարէնը Թիֆլիս ապաստան գտած Ջրաբերդի մելիք Մեջլում եւ Գիւլիստանի մելիք Աբով Իպրահիմ Խալիլի յանձնուին:
Իպրահիմ Խալիլ խան նամակ գրեց Հերակլ Բ.ի եւ յայտնեց, որ իր մօտ ապաստանած Ղազախի եւ Շամշադինի վիրահպատակ երեք հազար թուրք ընտանիքները Ասկերանի բերդի մերձակայ վայրերուն մէջ կեդրոնացած են եւ ինք կը պատրաստուի զանոնք իրենց տեղերը վերադարձնելու: Փոխարէնը խանը կը պահանջէր որ մելիքները բռնուին եւ իրեն յանձնուին:
Հերակլ Բ.ի քարտուղարը` Միրզա Գիորգին, հայ էր եւ գիտէր պարսկերէն ու արաբերէն: Ան Իպրահիմ Խալիլ խանի նամակը կարդալէն ետք բովանդակութիւնը յայտնեց մելիքներուն:
Մելիքները արդէն լուրջ կասկածներ ոււնէին Հերակլէն եւ սաստիկ լարուած էին անոր դէմ:
Հերակլ Բ. Թիֆլիսի Օրթա Ճալա այգիներուն մէջ խնճոյք սարքեց եւ մելիքները ճաշի հրաւիրեց: Թագաւորին զինուորները պիտի սպասէին մինչեւ որ մելիքները գինովնան, եւ այն ժամանակ պիտի բռնէին եւ կալանաւորէին զանոնք:
Մելիքները ընդունեցին թագաւորին հրաւէրը եւ գացին Օրթա Ճալա:
Ճաշկերոյթը սկսելէն առաջ մելիքները ըսին, որ թագաւորին սեղանը պատուելու համար իրենք կը փափաքին որսորդութիւն ընել:
Մելիքները որսորդութեան ելան: Անոնց շուրջ հարիւր ձիաւորները արդէն պատրաստ կը սպասէին: Անոնք քառասմբակ քշեցին ձիերը եւ դուրս ելան Թիֆլիսէն ու բռնեցին դէպի Գանձակ ճանապարհը: Ճանապարհին անոնք վրացի սայլապաններու հանդիպեցան, որոնք Թիֆլիս կ՛երթային: Մելիք Մեջլում անոնցմէ խնդրեց, որ լուր տան իրենց թագաւորին եւ ըսեն, որ մելիք Մեջլում չի մոռնար Հերակլի հիւրասիրութիւնը:
***

Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով հասան Գանձակ: Ջաւադ խան սիրով ընդունեց զանոնք, բնակութեան տեղ տուաւ իր քաղաքին մէջ անոնց կեցութեան համար ռոճիկ նշանակեց:
Նոյն ժամանակ մելիքներուն հպատակ ջրաբերդցի եւ գիւլիստանցի հինգ հարիւր ընտանիքներ, Իպրահիմ Խալիլ խանի բռնութիւններէն խուսափելով, ձգեցին իրենց տունն ու տեղը եւ փոխադրուեցան Գանձակ, իրենց տէրերուն հետ ապրելու համար: Ջրաբերդի եւ Գիւլիստանի մելիքութիւնները մօտաւորապէս եօթը հազար տուն բնակչութիւն ունէին:
Ջաւադ խան արցախցիները տեղաւորեց Շամքորի մէջ: Շամքոր պատմականօրէն Ուտիք նահանգի Գարդման կամ Շակաշէն գաւառներու կազմէն ներս եղած է: Շամքոր, համանուն գետի ափին, անցեալին ամրոց եւ ծաղկուն ու վաճառաշահ քաղաք եղած է:
Իպրահիմ Խալիլ խան դիմեց Ջաւադ խանի եւ զանազան խոստումներով խնդրեց անկէ, որ մելիքները իրեն յանձնէ, բայց Ջաւադ խան մերժեց:
***
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, ռուս-թրքական պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ մոլտաւական ճակատին վրայ, իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի գլխաւոր բանակատեղիին մէջ, կրկին արծարծեց Անդրկովկասի հայութեան հարցը:
Արքեպիսկոպոսը 23 յունուար 1790-ին իշխան Փոթեմքինի մանրամասն զեկուցագիր ներկայացուց հայոց հարցի մասին ընդհանրապէս եւ Արցախի մելիքներու մասին` մասնաւորաբար:
Զեկուցագիրը իր մէջ կը պարունակէր պատմական տեսութիւն մը այն մասին, որ հայերը ինչ դիմումներ ըրին Պետրոս Մեծի եւ թէ ինչ ընթացք ստացան Եկատերինա Մեծի ժամանակ վերանորոգուած բանակցութիւնները:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գրէր.
«Աւերման եւ հալածանքներու ենթարկուած ըլլալով, բայց իրենց համար պարտք դարձուցած ըլլալով հաւատարմութիւնը դէպի նորին կայսերական մեծութիւնը եւ իրենց կեանքը նուիրած ըլլալով նորին մեծութեան, մելիքները կը խնդրեն վեհապետի պաշտպանութիւնն ու օգնութիւնը հետեւեալ կէտերու մէջ.
ա) Բարբարոսներու լուծը իրենցմէ թօթափելու համար տալ իրենց իսկութեամբ օգնութիւն զօրքով, թէկուզ փոքրաթիւ: Որովհետեւ անոնք, միացնելով իրենց ուժերը ռուսաց զօրքերուն հետ, կրնային միայն իրենց անունով, որ ահարկու է այնտեղ, խորտակել պարսից զօրութիւնը եւ ոչնչացնել Շուշիի խանին իշխանութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ ամենահպատակօրէն կը խնդրէին դնել իրենց վրայ բարձրագոյն իշխանութիւն մը` յանձին վրաց արքայազուն Դաւիթի, որ Հերակլի թոռն է, եւ կամ ուրիշ մը, որ իր արժանաւորութիւններով եւ յատկութիւններով ամենաընդունակը ըլլայ:
բ) Եթէ յիշեալ շնորհը եւ պաշտպանութիւնը անոնք չեն կրնար ստանալ, այն ժամանակ անոնք, յիշելով այն խնդրանքը, որ իրենց նախնիները ուղղած էին Պետրոս Մեծ թագաւորին եւ հիմնուելով այն բարեհաճութեան վրայ, որ թագաւորը վերաբերուեցաւ այդ խնդրանքին, ամենահպատակօրէն կը խնդրեն, որ թոյլ տրուի իրենց փոխադրուիլ Կասպից ծովու ափերուն մօտ, Դերբենդի շրջակայքը, այնտեղ նոր գաղթականութիւն հիմնելու համար: Իսկ իրենց տրուելիք նոր երկիրները պիտի համարուին իրենց սեփականութիւն, տալով մելիքներուն եւ անոնց ժառանգորդներուն լիակատար իշխանութիւն իրենց հպատակներուն վրայ տիրելու»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի զեկուցագիրին զուգահեռ, Արարատեան դեսպան Ստեփան Դաւթեան իշխան Փոթեմքինէն խնդրեց շուտափոյթ օգնութիւն հասցնել մելիքներուն:
Իշխան Փոթեմքին խոստացաւ վեց գունդ զօրք ուղարկել Դերբենդ, ցանկացողները ռուսական հովանաւորութեան ներքեւ ընդունելու համար:
***

Գանձակի խանութեան մէջ բնակութիւն հաստատած եւ Ջաւադ խանի հովանաւորութիւնը վայելող մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով պայքարի սկսան իրենց ոխերիմ թշնամիին դէմ:
Մելիքներու ուժերը անակնկալ յարձակումներ կը շղթայազերծէին Ղարաբաղի թուրք ազգաբնակչութեան դէմ եւ կ՛աւերէին, կը կողոպտէին ու կը հրդեհէին անոնց բնակատեղիները:
Իպրահիմ Խալիլ խան, մտահոգ` մելիքներու զօրացումով, եւ անոնց յարձակումները սանձելու առաջադրանքով դիմեց Ջաւադ խանի եւ հաշտութիւն առաջարկեց: Ջաւադ խան չընդառաջեց:
Այս առիթով Յովսէփ արքեպիսկոպոս 1790-ին հնդկահայերուն գրած նամակին մէջ կ՛ըսէր.
«Երկրորդ անցքն Ղարաբաղու մէլիքացն մերոց` Մէջլումին եւ Աբովին յառաջագոյն եմ գրեալ, իսկ այժմ նոքա են ի Գէնջայ եւ միշտ աւարի առնեն զկողմանս Շուշու բերդին, արդէն խանն Շուշու նկուն է եւ ի յարքայէն զհաշտութիւն
խնդրէ»:
Սակայն արցախցիներու քաջարի գործողութիւնները չէին կրնար վճռել հայոց հարցը եւ ընդհակառակը աւելի կը դժուարացնէին դրութիւնը Արցախի մէջ: Մելիքները կը հասկնային, որ իրենց ուժերը անհաւասար են անողոք թշնամիին դէմ:
***

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, արցախցիներու Կասպից ծովու ափեր, Դերբենդի շրջակայքը տեղափոխուելու հարցով իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի միջնորդութեամբ դիմեց Եկատերինա Բ. կայսրուհիին:
Արքեպիսկոպոսը կայսրուհիին կը գրէր.
«Սեպտեմբեր 19-ին, 1789 ամի, Ղարաբաղի մելիքները իրենց ստացած մխիթարական թուղթերուն համար յայտնեցին ինծի` հայոց արքեպիսկոպոսին իրենց շնորհակալութիւնը եւ կ՛իմացնեն հետեւեալի մասին.- թէ իրենք, մելիքները, տեղեկութիւն ստացած են, իբրեւ թէ նորին պայծառափայլութիւն իշխան Գրիգորի Ալեքսանդրովիչ Փոթեմքին հրամայած է զօրավար Փեթր Աբրամովիչ Թեքելիի, որ մելիքները կանչէ Ռուսաստան եւ թէ յիշեալ զօրավար Թեքելիի կողմէ այդ գործի մասին ոչինչ հաղորդուած է: Այդ պատճառով ինձմէ յատկապէս կը խնդրեն, որ իրենց ճիշդ տեղեկութիւն տամ: Մելիքները կը յայտնեն ինծի իրենց վճռած բոլոր պայմանները իրենց պահանջներու վերաբերեալ եւ կը խնդրեն, որ զիրենք տեղեակ պահեմ նորին պայծառափայլութեան բարեհաճ վերաբերմունքի մասին:
Յիշելով այն խնդիրները, որ իրենց նախնիները մատուցած են Պետրոս Մեծ թագաւորին եւ հիմնուելով կայսրի կողմէ այդ խնդիրներու վերաբերեալ ցոյց տուած բարեացակամութեան վրայ, կը խնդրեն, որ իրենց թոյլ տրուի գաղթել Դերբենդի կողմերը եւ այդ երկիրները վաւերացուին իրենց անունով իբրեւ մշտնջենական ժառանգութիւն: Իսկ եթէ հարկ ըլլայ գաղթել Ռուսաստան, կը խնդրեն Վրաստան գտնուող ռուսաց զօրքէն օգնութիւն, որպէսզի իրենց ժողովուրդին հետ միասին կարենան անվտանգ կերպով հեռանալ Ղարաբաղի իշխանութենէն: Միեւնոյն ժամանակ կը յայտնեն, որ իրենց ամբողջ հասարակութիւնը, այդ երկու առաջարկութեան մէջ, համաձայնելով մելիքներուն հետ, կը խնդրեն, որ իրենց տեղեկութիւն տան, թէ արդեօք որտե՞ղ, ո՞ր երկրին մէջ անոնց հողեր կու տան. եթէ Ռուսաստանի մէջ, ուրեմն ի՞նչ պայմաններով: Մելիքները կը պահանջեն, որ բարեհաճին վերահաստատելու իրենց ունեցած վաղեմի արտօնութիւնները, որ ամենահին ժամանակներէն կը վայելէին իրենք, եւ որ մինչեւ անգամ իրենց թշնամիները չեն կամեցած խափանել: Այսինքն` որ անոնք իրաւունք ունենան տիրելու իրենց հպատակներուն վրայ եւ իրենց յաջորդները նոյնպէս իրաւունք ունենան ժառանգելու հօր իշխանութիւնները: Նոյնպէս եւ այն երկիրները, որոնք կը տրուին անոնց բնակութեան համար, կարենան սեփականացնել իրենց միեւնոյն իրաւունքներով:
Յիշեալ երկու մելիքները, Մեջլում եւ Աբով, իրենց խնդիրքը մատուցանելէն ետք, կը հաւատացնեն, որ մնացեալ երեք մելիքները եւս, որոնք մնացած են Ղարաբաղ, համաձայն են իրենց հետ: Այս բոլորը հաղորդելով ի գիտութիւն ձերդ պայծառափայլութեան (Փոթեմքինին), նորին կայսերական մեծութեան զեկուցելու համար, յատկապէս եւ ամենախոնարհաբար կը խնդրեմ, որ շնորհուի անոնց բարձրագոյն ողորմած հովանաւորութիւն, որով ինծի պէտք է հրահանգ տալ, թէ ի՞նչ կրնամ յայտնել անոնց, որովհետեւ ես առանց առանձին թոյլտուութեան, առանց բարձրագոյն բարեհաճութեան կամ ձեր պայծառափայլութենէն տեղեկութիւն ստանալու, անոնց պատասխանել չեմ կրնար: Իսկ յիշեալ երկու մելիքներու, Մեջլումի եւ Աբովի նամակներու իսկականը, իրենց թարգմանութեան հետ, կ՛ուղարկեմ այս թուղթով»:
***
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին Յովսէփ արքեպիսկոպոսի ուղարկած նամակը ներկայացուց Եկատերինա Բ. կայսրուհիին:
Սակայն ռուսական կառավարութեան համար մելիքներուն անունով կատարուած առաջարկը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէր: Արցախի, կամ ընդհանուր առմամբ հայոց հարցը կարեւորութիւն կրնար ունենալ միայն այն պարագային, երբ անիկա հայրենիքի, աշխարհագրական միջավայրի հարց ըլլար, որ միջազգային յարաբերութիւններու դիտանկիւնէն ռազմական կամ տնտեսական շահեր կրնար ներկայացնել:
Մելիքներու անունով կատարուած առաջարկը երկու փոքրիկ իշխանաւորներու աւատական իրաւունքներու պահպանման հարց էր: Այսինքն հարկաւոր էր որ երկու մելիքները եւ անոնց ժառանգորդները մնային կալուածատէր, տիրէին իրենց հպատակներուն վրայ եւ այդ տիրապետական իրաւունքներու պահպանման համար անոնք կ՛ուզէին, որ Արցախի հայութիւնը գաղթէ իր հայրենի բնօրրանէն, երթայ Դերբենդ, Կասպից ծովու ափերը եւ աւելի հեռուները, մինչեւ Ռուսաստանի խորերը: