Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները
Գրական Եւ Ստեղծագործական Աշխատանքներ - Օսմանեան Առաջին Սահմանադրութիւնը Եւ Հայրիկի Տեղեկագիրը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խրիմեան Հայրիկ, Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող եւ իրեն յատկացուած խուցին մէջ առանձնացած, նուիրուեցաւ գրական եւ ստեղծագործական աշխատանքներու: Հայրիկ «Հրաւիրակ Արարատեան»-ի չորս «նուագ»-ներուն վրայ աւելցուց «նուագ հինգերորդ»-ը, ուր ան կը ներկայացնէր Տարօնի աշխարհը եւ Մամիկոնեան նախարարական տունը: «Հրաւիրակ Արարատեան»-ի այս երկրորդ տպագրութիւնը` 1876-ին, Եղիա...




















