ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մկրտիչ Խրիմեանի Վանէն Հեռացումը, Ուսուցչութիւնը`
Պոլսոյ Եւ Սիսի Մէջ Եւ Երուսաղէմ Ուխտագնացութիւնը
Վասպուրականի մէջ եւ Կորդուաց լեռներուն վրայ քիւրտ ցեղապետներ Պետիրխան բէկ եւ Խան Մահմուտ 1847-ի ամրան ապստամբութեան դրօշ բարձրացուցին օսմանեան պետութեան դէմ, անկախ Քիւրտիստանի կազմաւորման հեռանկարով: Քիւրտ տասնեակ հազարաւոր հետեւակ եւ ձիաւոր կռուողներ սկսան յառաջանալ դէպի Վան: Դըհեցի հայերը, ինչպէս նաեւ շատախցի եւ մոկացի հայ գիւղացիներ միացան քիւրտերուն:
Քրտական յառաջխաղացքը դիմագրաւելու համար օսմանեան բանակը Օսման փաշայի հրամանատարութեան տակ շարժեցաւ դէպի Վան: Միաժամանակ օսմանեան կառավարութիւնը դիմեց Վասպուրականի հայերուն` զինուորագրուելու Օսման փաշայի բանակին: Իր կարգին Մատթէու պատրիարք Չուխաճեան կոչ ուղղեց ժողովուրդին` օգնելու բանակին:
Օսման փաշայի 25 հազար հոգինոց բանակը Վան հասնելէն ետք տեղաւորուեցաւ հայոց տուներուն մէջ եւ սկսաւ զինուոր հաւաքել հայերէն: Վանեցիք, առաջնորդ Գաբրիէլ արքեպիսկոպոս Շիրոյեանի գլխաւորութեամբ, լայն աջակցութիւն ցոյց տուին կառավարութեան, մեծաքանակ զօրք հաւաքեցին եւ զէնք ու հագուստեղէն նուիրեցին բանակին:
Բայց ժողովուրդէն շատեր դէմ էին զինուորագրութեան, այն հիմնաւորումով որ քիւրտ-թուրք կռիւներէն հայութիւնը դրական որեւէ արդիւնք ձեռք պիտի չձգէ: Զինուորագրութենէն խուսափելու համար մեծ թիւով երիտասարդներ գաղտնաբար սկսան հեռանալ Վանէն:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Մկրտիչ Խրիմեան իր կինը, նորածին դուստրը` Թագուհին եւ ընտանեկան պարագաները ձգելով, ընկերոջ` Ագրիպաս Տապաղեանի հետ գիշերով փախուստի դիմեց: Մկրտիչ եւ Ագրիպաս իրենց հետ առատ պաշար առնելով, Յանկոյսներու ձորէն իջնելով եւ լեռնային ամայի ճամբաներ կտրելով, Արճակէն եւ Սարայէն անցնելով քանի մը օրէն հասան պարսկական սահման: Արաքս գետի ափին վրայ գտնուող Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի վանքին մէջ քանի մը օր հանգստանալէ ետք անոնք անցան ռուսական սահմանը եւ հասան Նախիջեւան:
Նախիջեւանէն անոնք շարունակեցին իրենց ճամբան եւ հասան Վաղարշապատ:
Էջմիածինն ու շրջակայ վանքերը այցելելէ ետք Մկրտիչ գնաց Օշական, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին աղօթելու: Այնուհետեւ ճամբան շարունակելով հասաւ Ապարան եւ Արագածի լանջերէն քալելով իջաւ Շիրակի դաշտ եւ գնաց Անի, Բագրատունեաց փառքի խորհրդանիշ, աւերակ ու ամայի դարձած Անի մայրաքաղաքը: Շիրակի դաշտի գիւղերը շրջելէն ետք ան հասաւ Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի): Արդէն ուշ աշուն էր եւ ցուրտերն ու անձրեւները անհնար կը դարձնէին շրջագայութիւնը:
Այդ նոյն օրերուն, 1847-ի աշնան ճնշուեցաւ քրտական ապստամբութիւնը:
***
Մկրտիչ Խրիմեան ձմեռը Ալեքսանդրապոլ անցընելէ ետք 1848-ի մայիսին մեկնեցաւ Պաթում, ուր մնաց քանի մը օր եւ հոնկէ նաւ առնելով Սեւ ծովու վրայով ճամբայ ելաւ դէպի Պոլիս:
Պոլիս ցամաք ելլելէն ետք Մկրտիչ նաւամատոյցին մէջ ծանօթ վանեցի մը գտնելով անոր առաջնորդութեամբ գնաց այն խանը, ուր կայք հաստատած էին վանեցի պանդուխտներ եւ առեւտրականներ: Անոնք սիրով ընդունեցին իրենց նորեկ հայրենակիցը: Մկրտիչ ընդարձակ նամակ մը գրեց իր ընտանեկան պարագաներուն, յայտնելով որ ինք երկար թափառումներէ ետք հասած է Պոլիս:
Մկրտիչ իր ապրուստը ապահովելու համար կօշկակարի մը մօտ ծառայութեան մտաւ եւ բաւական հմտացաւ արհեստին մէջ: Ան նաեւ արհեստանոցի աշկերտներուն, իր աշխատակիցներուն ընդհանուր գիտելիքներ կը փոխանցէր եւ Հայաստանի, հայութեան ու հայրենասիրութեան մասին կը խօսէր, արժանանալով բոլորի համակրանքին ու սիրոյն:
Խասգիւղի մէջ այդ ժամանակ բացուեցաւ աղջկանց վարժարանը, եւ իբրեւ ուսումնական, Մկրտիչ Խրիմեան 1848-ի աշնան ուսուցչութեան հրաւիրուեցաւ: Մկրտիչ վարժապետի դասաւանդած նիւթերն էին` հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն, կրօն եւ երգեցողութիւն: Ան աշակերտները կը հմայէր իր հայրենաշունչ խօսքերով, միաժամանակ անոնց մէջ արթնցնելով առաքինութեան, անձնուիրութեան եւ մարդասիրութեան զգացումները: Ան պոլսեցիներուն մէջ ծանօթ դարձաւ իբրեւ հայաստանցի վարժապետ:
Մկրտիչ վարժապետ յաճախ այցելութիւններ կու տար պոլսահայերու տուները, ամէնուրեք կը խօսէր Հայաստանի, հայութեան, ազգային արժէքներու, սրբութիւններու, ու տառապեալ ժողովուրդի մասին եւ կ՛աւելցնէր. «Ա՜խ Հայաստան, վա՜խ Հայաստան»: Ան բարեկամական մօտիկ յարաբերութիւններ հաստատեց Օտեան, Պալեան եւ Այվատեան ընտանիքներուն եւ մտաւորական յայտնի դէմքերու հետ:
Մկրտիչ վարժապետ ժուժկալ կեանք կ՛ապրէր եւ իր համեստ վաստակէն խնայելով կ՛օգնէր գաւառացի պանդուխտներուն եւ դրամ կը ղրկէր Վան` իր հարազատներուն:
Ուսուցչական ասպարէզի կողքին ան զարկ տուաւ ինքնազարգացման: Դպրոցական աշխատանքներէն ետք սկսաւ յաճախել հայկաբան ուսուցիչներու եւ հմտացաւ գրաբարին մէջ: Գիշերները իր առանձնասենեակին մէջ ան գրելով ու կարդալով կը լուսցնէր:
Մկրտիչ վարժապետ փափաքեցաւ Եւրոպա երթալ եւ կատարելագործել իր ուսումը, բայց իր նիւթական անձուկ պայմանները արգելք հանդիսացան:
***
Մկրտիչ վարժապետ խոր սիրով կապուած էր հայր Արսէն Բագրատունիի հետ եւ անոր ցուցմունքներով ու խորհուրդներով կ՛առաջնորդուէր: Ան «Գովեստ» խորագրեալ քերթուած մը գրեց եւ զայն ձօնեց «Մեծահանճար քերթող Բագրատունի»-ին: Հայր Արսէն «Գովեստ»-ը ուղարկեց Վենետիկ` Մխիթարեան մայրավանքը: Քերթուածը տպուեցաւ «Բազմավէպ»-ի 1848 հոկտեմբերի թիւին մէջ:
Այնուհետեւ Մկրտիչ վարժապետ գրեց քանի մը քերթուածներ, որոնք սակայն անտիպ մնացին:
Այվատեան ընտանիքը շատ ջերմ սիրով կապուած էր Մկրտիչ վարժապետին: Յովհաննէս աղա Այվատեան իր զաւակներու կրթութեան գործը Մկրտիչի վստահեցաւ, որմէ ետք վարժապետը Այվատեաններուն տունը փոխադրուեցաւ:
Կեսարացի Այվատեաններու խաղաղ ու հիւրընկալ յարկին տակ Մկրտիչ 1849-ի ամրան գրեց «Հրաւիրակ Արարատեան»-ը: Յովհաննէս աղա խոստացաւ իր ծախսով տպել տալ զայն:
«Հրաւիրակ Արարատեան»-ը Յովհաննէս աղա Այվատեանի միջոցով յանձնուեցաւ Յակոբ պատրիարքին, որ կարդալէ ետք հրաման տուաւ որ տպագրուի:
Բնագիրը յանձնուեցաւ Յովհաննէս Միւհենտիսեանի տպարանը, ուր շարուեցաւ եւ տպուեցաւ «Հրաւիրակ Արարատեան»-ը, որուն սրբագրութիւնը կատարեց հեղինակը: Տպարանին ներքին կեանքը եւ գործը շատ սիրելի երեւցան Մկրտիչ Խրիմեանի: «Հրաւիրակ Արարատեան»-ը լոյս տեսաւ 1850-ի ամրան: Գիրքը ձօնուած է Յովհաննէս աղայի վաղամեռիկ որդւոյն` Գարեգինի: «Հրաւիրակ Արարատեան»-ը Հայաստանի հովուերգութիւնն է` բաժնուած չորս նուագի:
«Հրաւիրակ Արարատեան»-ի հրատարակութիւնը Պոլսոյ գրական եւ ուսումնական շրջանակներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն առաջ բերաւ: Յովհաննէս Տէրոյեանց Պատուելի Չամուրճեան իր «Հայաստան» շաբաթաթերթին, եւ Զմիւռնիոյ մէջ հրատարակուող «Արշալոյս Արարատեան»-ի մէջ Ղուկաս Պալթազարեան, գնահատական գրախօսականներ գրեցին:
Մկրտիչ Խրիմեան «Հրաւիրակ Արարատեան»-էն յիսուն օրինակ ուղարկեց Վան եւ իր եղբօր` Մսրխանի ձեռքով նուիրեց վանքերուն, քահանաներուն եւ բարեկամներու:
***
Մկրտիչ վարժապետ «Հրաւիրակ Արարատեան»-ի հրատարակութենէն ետք, Պօղոս ամիրայ Օտեանի տրամադրած դրամով Երուսաղէմ ուխտի գնաց եւ իջեւանեցաւ հայոց Սուրբ Յակոբայ մայրավանքը: Ան շրջագայեցաւ Երուսաղէմի եւ շրջակայքի ուխտավայրերը` Նազարէթ, Բեղթղեհէմ, Յորդանան գետ, Թափօր լեռ, Բեթանիա, Գեթսեմանի ձորն ու պարտէզը, Պեղատոսի պալատը, Գողգոթա, Յարութեան տաճար եւ Ձիթենեաց լեռ:
Սուրբ Յակոբաց վանքի դարաւոր սրբութիւնները եւ միաբանութեան սրտբաց ու սիրալիր ընդունելութիւնը, ինչպէս նաեւ Աւետեաց երկրի աստուածաշնչական եւ աւետարանական վայրերը խոր տպաւորութիւն ձգեցին վրան: Այդ տպաւորութիւններու լոյսին տակ ան գրեց «Հրաւիրակ երկրին Աւետեաց»-ը, ներբողելով Սուրբ վայրերը:
Տիրացու Մկրտիչ վարժապետ 1850-ի վերջաւորութեան կամ 1851-ի սկիզբը վերադարձաւ Պոլիս:
Պոլիս հասնելէն ետք Մկրտիչ Խրիմեան «Հրաւիրակ երկրին Աւետեաց»-ի ձեռագիրը ցոյց տուաւ գրասէր բարեկամներու: Կարապետ ամիրա Պալեան ստանձնեց հրատարակութեան մեկենասութիւնը, եւ գիրքը լոյս տեսաւ 1851-ի գարնան, Յովհաննէս Միւհենտիսեանի տպարանէն:
Պոլսոյ պատրիարքարանին յանձնարարաութեամբ Մկրտիչ Խրիմեան 1852-ին ուղարկուեցաւ Կիլիկիա, ուսումնասիրելու համար տեղւոյն հայութեան վիճակը եւ Սիս քաղաքին մէջ դպրոց մը բանալու հեռանկարով:
Սիս հասնելէն ետք Մկրտիչ Խրիմեան ներկայացաւ Միքայէ Բ. Աջապահեան Սսեցի կաթողիկոսին եւ անոր յայտնեց իր առաքելութեան նպատակը: Կաթողիկոսը ամէն տեսակ աջակցութիւն ցոյց տուաւ անոր: Մկրտիչ վարժապետ շրջագայեցաւ Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը եւ տեղեկագիր մը պատրաստեց այդ վայրերու հայութեան կրօնական, կրթական եւ տնտեսական կեանքին մասին: Կաթողիկոսին խնդրանքով ան Սիսի մայրավանքի դպրոցին մէջ ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց եւ կարճ ժամանակի ընթացքին բարեկարգեց դպրոցին կրթական վիճակը: Ան սսեցիներուն ծանօթ դարձաւ իբրեւ վանեցի վարժապետ:
Խրիմեան Սիսէն հեռացաւ եւ 1853-ի գարնան կամ ամրան եւ վերադարձաւ Պոլիս:
***
Պոլիս հասնելէն եւ պատրիարքարանին ու ազգային մարմիններուն զեկուցումներ տալէ ետք Մկրտիչ Խրիմեան վանեցի պանդուխտներէ իմացաւ, որ իր մայրը, կինն ու աղջիկը մահացած են Վանի մէջ: Սեւ լուրը նամակներով հաստատուեցաւ:
Ընտանեկան մեծ ողբերգութեան մանրամասնութիւնները հաստատելէ ետք Մկրտիչ Խրիմեան ճամբայ ելաւ դէպի Վան: Այվազեան, Օտեան եւ Պալեան ընտանիքները ցաւակից դարձան եւ հոգացին անոր ճամբու ծախսերը:
Մկրտիչ Խրիմեան Սիրքէճիի նաւամատոյցէն նաւ նստելով քանի մը օրէն հասաւ Տրապիզոն, ուրկէ միացաւ Վան մեկնող վաճառականներու կարաւանի մը եւ Էրզրումէն անցնելով հասաւ Արճէշ եւ հոնկէ նաւ նստելով իջաւ Վանի նաւահանգիստը` Աւանց գիւղը:
Աւանցէն Մկրտիչ ուղղուեցաւ Յանկոյսներու հօրենական տունը: Մեծ եղբայրը` Մսրխան, եւ անոր կինն ու զաւակները դիմաւորեցին իրենց հարազատը: Մկրտիչ իմացաւ որ վեց տարի առաջ Վանէն իր հեռացումէն կարճ ատեն մը ետք պառաւած եւ կուզ դարձած մայրը զաւկին կարօտը սրտին մահացած էր, իբրեւ վերջին փափաք պանդուխտ Մկրտիչին կտակելով իր գերեզմանը չմոռնալ եւ երկու կաթիլ արցունք իրեն ընծայ տալ: Մօր մահէն ետք մահացած էր կինը` նորահարս Մարիամը, որբ ձգելով մէկուկէս տարեկան ծծկեր զաւակը` Թագուհին: Մօր մահէն ետք Թագուհի հիւծած եւ հոգին աւանդած էր:
Մկրտիչ պատարագ եւ հոգեհանգիստ մատուցել տուաւ իր մօր, կնոջ եւ զաւկին յիշատակին:
Դառն վշտի ծանրութեան տակ Մկրտիչ մելամաղձոտ դարձաւ. ան ամբողջ օրեր կ՛առանձնարար եւ կարդալով ու գրելով ժամանակը կ՛անցընէր: Եղբայրը` Մսրխան եւ ազգականներ համոզեցին զինք որ գործով մը զբաղի եւ մոռնայ իր ցաւը:
Մկրտիչ աղա Թէրլէմէզեան եւ Մկրտիչ Խրիմեան 1853-ի աշնան միացան, բամպակի առեւտուրով զբաղելու համար: Սակայն առեւտրական այդ գործը երկար չտեւեց, որովհետեւ երկուստեք վնասեցին: Միայն Մկրտիչ Խրիմեանի բաժին վնասը 200 օսմանեան ոսկի էր:
Մկրտիչ Խրիմեան որոշեց ձգել առեւտրական ասպարէզը եւ հոգեւոր ասպարէզ մտնել: Եղբայրը` Մսրխան, ազգականներ եւ բարեկամներ փորձեցին համոզել զինք որ հրաժարի այդ նպատակէն եւ նորէն ամուսնանայ, ընտանիք կազմէ, բայց Մկրտիչ անդրդուելի մնաց իր որոշումին մէջ: