Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Փետրուար 20, 2019
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մկրտիչ Արքեպիսկոպոս Խրիմեանի Հեռացումը Պատրիարքարանէն Եւ Բնակութիւնը Գուզկունճուքի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Խրիմեանի Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութենէն, եւ միաժամանակ Քաղաքական ժողովի վեց անդամներու ալ հրաժարականներէն ետք կազմուած քննիչ յանձնաժողովը, փոխադարձ մեղադրանքները քննելէ ետք իր պատրաստած տեղեկագիրը կազմեց եւ յանձնեց Ազգային ժողովին եւ առաջարկեց, որ «յարգուին այդ հրաժարականները, վասնզի կացութիւն մը երբ այսքան ձգտի` պէտք է խզի եւ այս չէ երբեք եւ դատապարտութիւն անձանց»:

Ազգային ժողովը 24 օգոստոս 1873¬ին նիստ գումարեց 79 երեսփոխաններու ներկայութեամբ, լսելու համար յանձնաժողովին տեղեկագիրը:

Իր տեղեկագիրին մէջ յանձնաժողովը կը հաստատէր, որ Մկրտիչ պատրիարք Խրիմեան հակասահմանադրական որեւէ գործունէութիւն չէ կատարած, եւ պատրիարք ու Քաղաքական ժողով անկեղծութեամբ գործած են: Կ՛առաջարկուէր փութացնել սահմանադրութեան վերաքննութիւնը, որուն յապաղումը պատճառներէն մէկը կը նկատուէր վարչական գործերուն առիթով ստեղծուած թիւրիմացութեանց:

Ժողովին ներկայացուած էին նաեւ երեք հանրագրութիւններ, որոնցմէ մէկը սահմանադրութեան գործադրութիւնը կը պահանջէր, իսկ միւս երկուքը «Ղալաթիոյ օճախ»-ին դէմ ուղղուած էին եւ կը պահանջէին Մատթէոս վարդապետ Իզմիրլեանի, Քրիստոստուր Ղազարոսեանի եւ Ստեփան Փափազեանի վտարումը ազգային պաշտօններէ` իբրեւ պատրիարքին դէմ գրգռութեան հեղինակներ: Ստեփան Փափազեան կ՛ամբաստանուէր այն հիմնաւորումով, որ ան երկար տարիներէ ի վեր Ղալաթիոյ վարժարանին տեսուչն էր, լաւ թոշակ կը ստանար, բայց իր բոլոր ժամանակը գրգռութիւններ սերմանելով կը վատնէր:

Իբրեւ գործնական լուծում ժողովը առաջարկեց ընդունիլ թէ՛ պատրիարքին եւ թէ Քաղաքական ժողովի վեց անդամներուն հրաժարականները, անկարելի գտնելով անոնց միջեւ հետագայ որեւէ գործակցութիւն:

* * *

Գուզկունճուք

Յանձնաժողովին եզրակացութիւնները քննելու համար Ազգային ժողովը 28 սեպտեմբեր 1873¬ին նիստի հրաւիրուեցաւ:

Նիստին ներկայացան 79 երեսփոխաններ:

Մինչ երեսփոխանները կը պատրաստուէին աշխատանքի սկսելու, պատրիարքարանին շուրջ ժողովրդային ցոյցեր սկսան:

Քիչ ետք ցոյցերը մեծ համեմատութիւն ստացան եւ տարածուեցան պատրիարքարանի մօտակայքէն անդին, Գում Գափուի տարբեր փողոցներու մէջ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ երեսփոխանները, առանց նիստը բանալու ստիպուեցան ցրուիլ:

Յաջորդող օրերուն ժողովրդային ցոյցերը շարունակուեցան Գում Գափուի մէջ եւ տարածուեցան դէպի տարբեր թաղեր: Պէշիկթաշի մէջ մանաւանդ մեծածաւալ ցոյցեր եւ խռովութիւններ պատահեցան: Եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ եւս խառնակութիւններ արձանագրուեցան, պահանջելով որ Խրիմեանի անուան յիշատակութիւնը չըլլայ այլեւս իբրեւ պատրիարք:

Իսկ քաղաքական ժողովի հրաժարեալ վեց անդամները «Բացատրութիւն» անունով տետրակ մը ցրուեցին, աւելի եւս հրահրելով կացութիւնը:

Հայրիկի հակառակորդները կը գրէին. «Պատրիարքնիս հակասահմանադրական ըլլալով տապալեցինք զինք: Խրիմեան հակապետական քայլեր կ՛առնէր եւ բարեխնամ կառավարութեան սիրտը կը պղտորէր ազգին վրայ: Պատրիարքը պատրիարքարանի դրամները անհաշիւ կերպով կը վատնէր աղքատներուն եւ պանդուխտներուն նպաստ տալով, իսկ պատրիարքարանի անունն ու դիրքը կը նսեմացնէր դրամ չծախսելով: Հայոց եկեղեցւոյ ոգւոյն դէմ կը գործէր եւ կ՛առաջարկէր, որ հոգեւորականութիւնը նիւթապէս բարւոք վիճակ ունենայ: Գաւառներու մէջ ազգային սահմանադրութիւնը գործադրել տալուն նպատակն էր, որ Ազգային ժողովին ձայնը նուազ ըլլար: Գաւառական հարստահարութեանց խնդիրներու մասին այնքան կը խօսէր որ քիչ մնաց ազգը վտանգի ենթարկել տար: Պատրիարքարանը ծանր պարտքերու տակ ձգեց եւ ինքն ալ պարտական մնաց ազգային սնտուկին: Պատրիարքարանի խորհրդականներ, խոհանոց եւ բանտը ջնջել տուաւ, որոնք անցեալէն կու գային»:

* * *

Գուզկունճուքի ծովափը

Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Խրիմեան 2 հոկտեմբեր 1873¬ին իր վերջնական հրաժարականը ուղղեց Ազգային ժողովի դիւանին: Հրաժարական գիր մըն ալ ուղղուեցաւ կառավարութեան:

Մկրտիչ արքեպիսկոպոս հոկտեմբեր 13¬ին հրաժարագիր մը ուղղեց ազգային երեսփոխաններուն: Ան կ՛ըսէր, որ իրեն համար այլեւս անհնար է մնալ աթոռի վրայ եւ քաշուելէ զատ ուրիշ որեւէ միջոց չունի ցոյցերուն եւ աղմուկին առաջքը առնելու համար: Հայրիկ կը նշէր, որ սահմանադրութիւնը կը թողու այնպէս ինչպէս գտաւ, եւ կը մաղթէր որ խաղաղութիւնը հաստատուի ազգին մէջ: Ան կ՛եզրափակէր ըսելով. «Կ՛անցնի փոթորիկը, զի Յովնան ի ծով գնաց»:

Կառավարութիւնը 3 նոյեմբեր 1873¬ին ընդունեց Մկրտիչ արքեպիսկոպոսի հրաժարականը:

Ազգային ժողովը նոյեմբեր 23¬ին նոր Կրօնական ժողով ընտրեց, իսկ նոյեմբեր 27¬ին` նոր Քաղաքական ժողով` Սիմոն Մաքսուտեանի ատենապետութեամբ: Դեկտեմբեր 5¬ին Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն կողմէ պատրիարքական տեղապահ ընտրուեցաւ Նիկողայոս եպիսկոպոս Աղասեան:

Օրմանեան կը գրէ. «Խրիմեան պատրիարք եւ Քրիստոստուր-Փափազեան վարչութեան ասպարէզէն քաշուեցան, բայց շատ տարբեր կերպերով: Խրիմեան իրաւ իբրեւ անվարչագէտ յայտնուեցաւ, բայց մարդը չպզտիկցաւ. անկեղծ միտքը, ուղիղ սիրտը, անշահասէր ընթացքը, ազգասէր նպատակը եւ առաքինասէր հոգին միշտ բարձր մնացին եւ կասկածի ներքեւ չինկան, եւ Հայրիկ փաղաքշական կոչումը եւս քանզեւս հաստատուեցաւ, եւ մեծ անունը եւ մեծ մարդը մե՛ծ մնաց միշտ: Ընդհակառակն, Քաղաքականը եւ իրեն կառավարած Ղալաթիոյ օճախը շահադիտական եւ ամբոխավարական եւ խծբծողական եւ անձնասիրական մեղադրանաց ծանրութենէն զինքն ազատել չկրցաւ, եւ իր համարատուութեան ստուար տետրն ալ զինքը չբարձրացուց, որուն մէջ հրատարակուած անհեռատես յիշատակագիրներ, ափյափոյ շրջաբերականներ եւ վայրկեանապէս յօրինուած հրահանգներ իրեն համար պատուոյ եւ արժանեաց փաստեր չեղան:

«Խրիմեանի քառամեայ պատրիարքութեան միջոցին յառաջ բերելիք ազգային զարգացման, ուսումնական յառաջդիմութեան եւ նորանոր ձեռնարկներու յիշատակներ չունինք. ինքն գաւառի զաւակ, գաւառական կեանքի անձնանուէր գաւառի ժողովուրդին վիճակով տոգորուած եւ գաւառացի տարրին բարւոքումը միայն իրեն նպատակ ըրած, գաւառէն զատ բան չխօսեցաւ, գաւառէն զատ բան չլսեց, բայց, դժբախտաբար, այդ նպատակին մէջ ալ արդիւնաւոր չեղաւ, բաղձաց բայց չհասաւ, աշխատեցաւ բայց չյաջողեցաւ, ձեռնարկեց բայց չարտադրեց եւ ասոր ալ ուրիշ պատճառ չենք կրնար ցոյց տալ, բայց եթէ նա որ սահմանադրական վարչութեան գլուխ լինելու, եւ պայմանաւորեալ գործունէութեամբ արդիւնք յառաջացնելու մարդը չէր, եւ համբերութիւն չունէր ազգային գործերու կանոնաւոր կերպով եւ յաջորդաբար բարեկարգուելուն»:

Օրմանեան կ՛եզրափակէ ըսելով. «Խրիմեանի կը պակսէր սիրտին եւ զգացմանց համապատասխան եւ համաչափ գործունեայ միտքն ու ճարտար վարչականութիւնը: Այս էր պատճառը որ սնոտի պայքարները եւ երեւակայական տեսակէտներ իսկական գործունէութենէ հեռացուցին զայն, որ չորս լրացեալ տարիներու մէջ, ոչ մի գործնական ձեռնարկի տէր չկրցաւ ըլլալ, եւ անպէտ ջանքեր անոր օրերը խլեցին եւ ուժը ընդարմացուցին, եւ ի զուր հակասահմանադրական անունը ժառանգեց, որ մինչեւ իսկ զինքն ամբաստանելու առիթ ընծայեցին, եւ այդ կերպարանքին ներքին հրաժարելու ստիպեց»:

* * *

Իճատիէ

Պատրիարքութենէն հրաժարելէն ետք Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Սկիւտարի Իճատիէ թաղին մէջ գտնուող ամայի տան մը մէջ առանձնացաւ: Անգործ մնացած վանեցի քանի մը պանդուխտներ իր մօտ փոխադրուեցան եւ ստանձնեցին առտնին աշխատանքներ: Ընդարձակ սրահին մէկ կողմը անկողիններն էին: Գետինը սփռոց կը փռէին եւ հաւաքաբար կը ճաշէին:

Գուզկունճուքի նաւամատոյցին դիմացը գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ անշուք սենեակ մը կար, ուր յետոյ հոն փոխադրուեցաւ Հայրիկ:

Բարեկամներ եւ գաւառացիներ այցելութեան գացին եւ փորձեցին համոզել զայն, որ Բերա փոխադրուի, բայց Հայրիկ ըսաւ.

¬ Այստեղ հայրենիքիս մօտ եմ. այստեղ չկայ ծովը, որ Հայրիկն ու հայրենիքը իրարմէ բաժնէ:

Հայրիկ փափաքեցաւ Տարօն երթալ եւ շարունակել Սուրբ Կարապետի վանքի վանահայրութիւնը, բայց Ազգային ժողովը, «Ղալաթիոյ օճախ»¬ի ճնշումներուն վրայ, Խրիմեանէն առաւ Սուրբ Կարապետի վանահայրութիւնը եւ օրինական արգելքներ յարուցեց, որպէսզի ան չկարենայ Հայաստան վերադառնալ:

Խրիմեան Հայրիկ բողոքներ ըրաւ, իր եպիսկոպոսական ուխտն ու օծումը յառաջ բերաւ իբրեւ Տարօնոյ եպիսկոպոս, եկեղեցւոյ օրէնքը յիշեցուց, բայց լսող չեղաւ:

Հայրիկի թշնամիները զրպարտութիւններ, անպատկառ խօսքեր եւ ստոր ամբաստանութիւններ հրատարակեցին լրագիրներուն մէջ: Անոնք կը շեշտէին ըսելով որ Խրիմեան կերաւ, վատնեց ազգին դրամները եւ պատրիարքարանը պարտքի տակ ձգեց:

Վանի պօղոսեաններն ալ թերթիկ մը հրապարակեցին, ուր կ՛ըսուէր. «Խրիմեանը վերջին տարիներս Կ. Պոլսոյ ազգային պարտուց հանգանակութեան միջոցաւ չորս տարիի չափ մախաղ թեւէն կախ` նոյն մայրաքաղաքին մէջ խորշ չմնաց, ուր չմտաւ, գեր մեռել չմնաց` որ չթաղեց, ազնուականաց ծնունդ եւ ամուսնութիւն չմնաց, որ չմկրտեց, ու չպսակեց: Առատասիրտ պոլսեցին ձրի ընել կու տար ասոնք այդ լալկան շողոքորթին. քա՛ւ. այլ ո՞ւր կորան այս դրամները…: Ազգին կեանք ընդ շունս եւ ընդ պոռնիկս վատնող եւ ուտող թանապուր սիրող Խրիմեանն է:

«Խրիմեանը կ՛ամբաստանուի հանուր Վանայ բնակիչներէն, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներէն, սահմանադրապէս հաստատեալ համայն խորհուրդներէն, Կ. Պոլսոյ հասարակութենէն, Տաճկաստանու բոլոր գաւառներէն, Սուրբ Էջմիածնի վեհափառ հայրապետէն, Երուսաղէմի ամենապատիւ սրբազան պատրիարքէն եւ նորա միաբանութենէն, Տարօնոյ Սուրբ Կարապետի վանուց միաբանութենէն եւ համայն եկեղեցականաց դասէն, Ռուսաստանի, Կովկասու եւ այլն եւ այլն սահմաններէն, մինչ զի Աստուծմէ իսկ` որ յերկնից ամբաստանիչ գտնուելով` շուտով շարժեց վսեմ. տէրութեան սիրտը ընդունել նորա հրաժարականը եւ գահընկէց առնել այն ազգութեան վնասակար էակը»:

Նոյն օրերուն Րաֆֆի Թիֆլիս հրատարակուող «Մշակ» թերթին մէջ կը գրէր.

«Խրիմեանը իւր կեանքում շատ անգամ մեծ գումարներ ձեռք ձգեց, բայց նա մնաց միշտ աղքատ, միշտ պարտքերի տակ խրուած. Խրիմեանը խիստ անփոյթ է դէպի իւր անձնական վայելչութիւնը, դէպի իւր անձնական բարեկեցութիւնը. նա իւր վրայ ոչինչ չէր վատնում: Նա որպէս անհաշիւ կերպով ստանում էր, նոյնպէս անհաշիւ կերպով սպառում էր: Հանդիպած աղքատին Խրիմեանը պատրաստ էր իւր վերջին փարան տալ եւ ինքը սոված մնալ: Սեփականութիւնը նրա համար ոչինչ նշանակութիւն չունէր, երբ նա ծառայում էր ընդհանուրի օգտին: Խրիմեանը չէր ծնուած բարձր կոչման համար, որ պատրիարքական աթոռի վրայ փթթեցնէր իւր կեանքը:

«Խրիմեանը հոգուով բանաստեղծ է, իսկ սրտով առաքեալ: Նա յիշեցնում է մեզ հինգերորդ դարու անձնուրաց աբեղաներին, որք հոգեւոր զինուորութեան ցուպը ձեռքերնին կրած, հուրի եւ սուրի միջից անցնելով պտտում էին Հայաստանում, ուսում, գիտութիւն եւ կրօնք էին տարածում:

«Խրիմեանը եռանդոտ, անհանգիստ եւ անվաստակելի բնաւորութիւններից մինն է: Նա սիրում է գործել, ընկնել, կանգնել եւ միշտ պատերազմել վտանգների մրրկածուփ խռովութեան հետ»:

Րաֆֆի կ՛եզրափակէր ըսելով. «Գնա՛ ազգի բարեկամ, ճակատագիրը կոչում է քեզ, պատրիարքութեան սահմանափակ շրջան քո տեղը չէ: Դո՛ւ, որպէս Իսրայէլը Բաբելոնում, միշտ կարօտում էիր քո նազելի Սալիմին ¬ դա Վասպուրականն է: Գնա՛, կրկին սիրէ Վարագը, սիրէ Այգեստանի ուռիները, Արծիւը եւ Ժառանգաւորաց դպրոցը քեզ սպասում են»:

Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ առանձնացած, Խրիմեան Հայրիկ օրն ի բուն կը կարդար ու կը գրէր: Հազիւ շաբաթը անգամ մըն ալ պտոյտի կ՛ելլէր, կ՛երթար Բերայի, Գում Գափուի, Պեշիկթաշի եւ Ղալաթիոյ կողմերը, տեսնուելով բարեկամներու եւ գաւառացի պանդուխտներու հետ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 8, 2025
Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները
Պատմական

Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?