Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Դեկտեմբեր 19, 2018
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խրիմեան Հայրիկի Ջանքերուն Շնորհիւ` Քննիչ Յանձնախումբի Կազմութիւն Եւ Գաւառական Հարստահարութեանց Տեղեկագիր

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարանը Գում Գափուի մէջ

Հայկական գաւառներուն մէջ հալածանքները, բռնութիւններն ու սպանութիւնները հետզհետէ ահաւոր համեմատութիւններ կը ստանային: Գաւառներէն օրը օրին բողոքագիրներ ու տեղեկագիրներ կը հասնէին պատրիարքարան:

Պոլիս հասնող պանդուխտները, իրենց կարգին, Խրիմեան Հայրիկի թելադրանքով սկսան ժողովրդական հանրագրութիւններ պատրաստել:

Պատրիարքարան հասնող եւ Խրիմեան Հայրիկի ուղղուած ժողովրդական հանրագրութեան մէջ կ՛ըսուէր.

«Սրբազան Տէր, մեր գաւառաբնակ հայրենակից եղբարց տառապեալ վիճակը մեր սրտին մահացու խոց մըն է: Անտարակոյս, Ձեզի հետ մէկտեղ բոլոր կրօնի եւ ազգութեան պատուոյն նախանձախնդիր սրտերը այդ անլուր եւ անօրինակ եղեռնագործութիւններէն պիտի ճմլուին. ուստի կը խնդրենք, որ այս աղէտից անմիջապէս դարման մը տարուի»:

Գաւառներէն հասնող տեղեկագիրներու հիման վրայ Խրիմեան Հայրիկ Ազգային ժողովէն պահանջեց, որ անպայման կարդացուին այդ տեղեկագիրները, բողոքագիրներն ու ժողովրդական հանրագրութիւնները:

Ազգային ժողովին մէջ իրարանցում ստեղծուեցաւ: Ժողովականներուն մեծամասնութիւնը կը գտնէր, որ այդ վտանգաւոր թուղթերուն ընթերցումը ըմբոստութիւն պիտի նկատուի օսմանեան բարեխնամ տէրութեան դէմ: Ոմանք նկատել կու տային, որ նման տեղեկագիրներ եւ հանրագրութիւններ պէտք է Քաղաքական ժողովին ուղղուած ըլլային:

Ազգային ժողովի նիստերը ձգձգուեցան, եւ ժողովականներէն շատեր սկսան խուսափիլ ժողովներուն ներկայ ըլլալէ:

Խրիմեան Հայրիկ, վշտացած ժողովականներու անվճռականութենէն եւ զգուշաւորութենէն, օր մըն ալ բացագանչեց.

– Զիս նաւապետ կոչեցիք ազգային ալեկոծեալ նաւուն եւ նաւն ինձ յանձնելէ ետեւ ամէնքնիդ ալ փախչելով զիս միայնակ թողուցիք: Կը նայիմ չորս կողմս, բայց նաւաստի մը չեմ գտներ: Եթէ դուք կը փախչիք, միթէ՞ ես չեմ կրնար, իմ թեւերս աւելի ազատ են: Վարդապետ ինչո՞ւ եղեր ենք. ազատութեան համար:

Խրիմեան Հայրիկի վճռական կեցուածքին վրայ Ազգային ժողովը յանձնառու եղաւ կարդալու ու լսելու տեղեկագիրներն ու հանրագրութիւնները: Իփէքճեան էֆէնտի ըսաւ, որ «Գաւառներէն եկած բողոքները հաղորդուած են Բարձրագոյն Դրան եւ տէրութիւնն ալ հոգ տարած է, բայց դադրած չեն երբեք հարստահարեալ ժողովրդեան հեծեծումները»:

Իր կարգին Երիմիա եպիսկոպոս Տեւկանց ըսաւ. «Ստիպուած եմ խղճիս պարտք, հայրենեացս պարտք, մարդկութեան պարտք կատարել, առանց ինչ երկիւղի եւ տարակուսանաց, զի պիտոյ է համառօտիւ բացատրել մեր եղբարց վրայ ծանրացած աղէտալի հարուածներ ու հարստահարութիւնք»:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Խրիմեան Հայրիկ եւ ըսաւ.

– Բան մը կայ, որ պիտի բացատրեմ վարդապետօրէն: Հայաստանի մէջ հարստահարութիւնը միշտ կայ եւ պիտի շարունակէ, քանի որ հոն երկու եղբայր, երկու ժողովուրդ կը բնակին, որոնց մէկի ձեռք աւետարան եւ միւսին ձեռքը ղուրան կայ: Անկարելի է, որ քիւրտն ու հայը իրարու հետ հաշտուին, մանաւանդ որ մէկը սուր ունի եւ կը հարուածէ, միւսն աւետարան ունի եւ կը չարչարուի:

Իբրեւ չարիքի դարման Հայրիկ առաջարկեց, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնեաներն ու իսլամները հաւասարապէս պետական պաշտօնեաներ դառնան: Ան ըսաւ. «Երբ հաւասարութեան սկզբունքն ի գործ դրուի եւ քիւրտը տեսնէ, որ քրիստոնէին մէջքն ալ պաշտօնական թուր մը կայ կախուած եւ կուսակալի պաշտօն կը բարձրանայ, այն ատեն կ՛ըմբռնէ օրինագրքի ոգին»:

Պատրիարքը Ազգային ժողովին վրայ պարտականութիւն դրաւ, որ հայութեան տառապանքներն ու հարստահարութիւնները մանրակրկիտ քննութեան ենթարկուին: Ան վճռական կերպով պահանջեց, որ Ազգային ժողովը դիմէ Բարձրագոյն Դրան, դարման մը գտնելու համար ժողովուրդի տառապանքներուն:

***

Պոլսոյ խաներուն մէջ ապրող հայ պանդուխտ արհեստաւորներ

Ազգային երեսփոխանական ժողովի 27 նոյեմբեր 1870-ի նիստին Խրիմեան Հայրիկ զգայացունց եւ կորովի ճառով մը արծարծեց գաւառաբնակ հայութեան անվերջ տառապանքներու հարցը եւ պահանջեց, որ Ազգային ժողովը գործնական միջոցներու դիմէ: Ան արցունքոտ աչքերով ներկայացուց «Հայաստանի ցաւոց պատկերը», որուն կենդանի վկան էր ինք, եւ ըսաւ.

– Հարկ է խոստովանիլ, թէ ես հանճարեղ չէի, քաղաքագէտ չէի, ժամանակին պահանջած մարդը չէի: Ի՞նչ էր պատճառ, որ ազգն ընտրեց զիս: Չգիտելով ուրիշ պատճառներ, զորս երեսփոխանական ընդհանուր ժողովը կրնար ունենալ, սա միայն գտայ, որ ի վաղուց անտի թշուառներու հետ ապրեր էի, սիրտս կարեկից էր անոնց, ուրեմն ազգը զայս կը պահանջէր յինէն: Խոնարհելով  ազգի ընտրութեան առաջ, եկայ ստանձնեցի այս ծանր լուծը: Մայր եկեղեցւոյ բեմին վրայէն ժողովրդեան խուռն բազմութեան խոստացայ, որ պատրիարքութեանս մէջ ազգին թշուառութիւնը պիտի ներկայացնեմ բարեխնամ տէրութեան եւ դարման խնդրեմ:

Խրիմեան Հայրիկ եզրափակեց ըսելով.

– Ժողովուրդն անմռունչ ոչխար մը դարձած, ոչ իւր իրաւունքներն կը ճանաչէ, ոչ պիտոյքները կը զգայ եւ ոչ օրինաց տեղեկութիւն ունի: Աշխարհի արդի դրութեան համեմատ` ով որ տգէտ է, պիտի բռնաբարուի եւ լոյսը միայն ազատութիւն վայելէ:

Պատրիարք հօր ճառէն ետք Ազգային ժողովը որոշեց կազմել տասը հոգիէ բաղկացած քննիչ յանձնախումբ մը` «գաւառացի ազգայնոց կրած հարստահարութիւններու պատճառները քննելու եւ դարմանը խորհելու համար»:

Յանձնախումբին անդամ ընտրուեցան չորս հոգեւորականներ եւ հինգ աշխարհականներ, նախագահութեամբ Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեանի:

Յանձնախումբը գործի անցաւ 14 դեկտեմբեր 1870-ին, Ներսէս եպիսկոպոսի ատենապետութեամբ եւ Ստեփան Փափազեանի ատենադպրութեամբ:

Գաւառներէն պատրիարքարան եւ Ազգային ժողովին ուղղուած հարիւրաւոր բողոքագիրները, տեղեկագիրները եւ նաեւ մասնաւոր բնոյթ ունեցող նամակները առանձին նիստերով մանրակրկիտ կերպով քննուեցան:

***

Սկիւտարի ծովափը

Մկրտիչ պատրիարք Խրիմեան, ընկալեալ աւանդութեան համաձայն, 1871 յունուարին հրատարակեց իր անդրանիկ կոնդակը, իբրեւ «նախնի շրջաբերական թուղթ առ ամենայն եկեղեցիս հայոց որ ընդ իշխանութեան Օսմանեան պետութեան» :

Խրիմեան Հայրիկ կ՛ըսէր. «Առ այս անպատասխանի եմ, եթէ յառաջ բերեմ չարաչար զբաղմանցս վիճակ, քաղաքական խառն գործեր, անհուն անհատական խնդիրները, հայրենի գաւառաց բազմադիմի հեծեծանաց աղաղակները, որ սիրտս եւ հոգիս կը պարաւանդէ, լռին հոգածութեան մէջ: Այս պատճառներ երբեք չեն կարող զիս չքմեղս առնել: Ո՜հ, այս պարտազանցութեանս մէջ մեծ ամօթ մի զգալով հանդերձ` պիտի համարձակիմ ազգին սիրոյն եւ համակրութեան վրայ վստահելով նոր տարւոյ բարեգուշակ շրջանին մէջ` ահա սկիզբն առնում անդրանիկ շրջաբերականովս խօսիլ ընդ ձեզ. Ժողովո՛ւրդ հայոց, եւ նախնի տրտմախառն ուրախութեամբ շնորհաւորել քու հինաւուրց ծերութիւն, որ Հայկայ նահապետին չորս հազար տարուան հաստարմատ շառաւիշն ես այսօր աշխարհիս վրայ, թէպէտ շատ փառաւոր ոստերդ քանդուեցան, դեռ շատ կանաչ ճիւղեր ունիս եւ պիտի ապրիս յաւիտեան արեւու տակ: Այլ եւ մի երկնչիր վերահաս չարիքներէն, դու փրկուած ես, որ թէեւ անցելոյն փառքով անմխիթար կը մորմոքիս, ներկայիս մէջ յամենուստեք պաշարուած ես, այլ ապագային յոյսով զօրացիր եւ ներկայ կեանքիդ հաշիւը ուղղէ: Զի ով որ արեւուն տակ կ՛ապրի, նորա լոյս կը վայելէ եւ նորա լուսով կը գործէ` հաշիւ ունի տալու»:

Խրատներ ու յորդորներ տալէ ետք պատրիարքը ժողովուրդին կը թելադրէր, որ ազգային, ընկերային եւ ընտանեկան երկպառակութիւնները, տգիտութիւն, անմիաբանութիւն, մատնութիւն եւ ամէն տեսակի յոռի բարքեր ոտնահարէ, ոչնչացնէ եւ ջանայ իւրացնել եղբայրսիրութեան, միաբանութեան, բարոյականութեան, քաղաքակրթութեան եւ լուսաւորութեան գեղեցիկ եւ վսեմ գաղափարները:

Խրիմեան Հայրիկ կ՛եզրափակէր ըսելով. «Ժողովուրդ հայոց, շուրջդ նայէ, ազգերն ամէն առողջացած անդամալոյծ վիճակէն` դէպի նոր կեանք կը վազեն: Այո՛, չկայ աշխարհիս վրայ ոչ ոք քեզ օգնական, ընդունայն յուսով մի՛ սպասեր, դու ինքն ես քո օգնական, ջանք արա, շարժի՛ր»

***

Սկիւտարի շուկան

Գաւառացի ազգայնոց կրած հարստահարութիւններու պատճառները քննելու կոչուած յանձնախումբը, քսանչորս նիստերէ ետք իր աշխատանքը ամբողջացուց եւ գաւառներու հայութեան սոսկալի կեանքը հարազատօրէն պատկերող տեղեկագիրը պատրաստեց:

Գաւառական հարստահարութեանց տեղեկագիրը Ազգային ժողովին ներկայացուեցաւ 8 հոկտեմբեր 1871-ին: «Գաւառական հարստահարութեանց առաջին տեղեկագիր» անունով այդ գրութիւնը բաժնուած էր երկու մասի. առաջինը զեղծումներու եւ երկրորդը դարմաններու յատկացուած էր:

Զեղծումները բաժնուած էին տուրքերու, պաշտօնեաներու, դատարաններու եւ տարբեր շրջաններու վերաբերեալ գլուխներու, եւ առանձին առանձին յիշուած էին զեղծումներու նիւթերը եւ պարագաները: Գլխաւոր կէտերն էին` ա) պետական տուրքերու հաւաքման մէջ ի գործ դրուած բացայայտ ապօրինութիւնները, բ) կառավարական ամէն տիպի պաշտօնեաներու զեղծումներ եւ կաշառակերութիւն, գ) դատարաններու մէջ քրիստոնեաներու իրաւանց ոտնահարումը եւ իբր վկայ չընդունուիլը, եւ դ) հարստահարութիւններ, բռնութիւններ եւ ամէն տեսակի արհաւրալից դէպքեր եւ ոճիրներ:

Դարմաններու յատկացուած բաժինին մէջ առաջարկուած էին` ա) զինուորական տուրքին փոխարէն զինուոր տալ, բ) տուրքերու գանձումը կառավարական պաշտօնեաներով կատարել եւ կապալառուներու չյանձնել, գ) տեղացի ոստիկաններ չգործածել, դ) ոչ մահմետականաց վկայութիւնը ամէն դատարաններու մէջ ընդունիլ, եւ ե) պաշտօնեաները կարող եւ արժանաւոր անձերէ ընտրել:

Կառավարութենէն կը խնդրուէր քիւրտերն ու չերքէզները եւ բոլոր լեռնական ու վաչկատուն ցեղերը զինաթափել, իսկ եթէ ոչ` հայերն ալ իրաւունք ունենան զէնք կրելու:

Տեղեկագիրը պարտք կը դնէր նաեւ ազգին կողմէն կարող եւ յաջողակ առաջնորդներ անուանել եւ դաստիարակութիւնը ընդարձակել:

Տեղեկագիրը թէեւ լիակատար պատկերը չէր ներկայացներ գաւառներու դժոխային գոյութեան, բայց փաստացի տուեալներով լոյս կը սփռէր երկրի կացութեան վրայ: Կը յիշուէր, որ ամէնէն աւելի ասպատակութեան ու հարստահարութեան ենթակայ են Էրզրումի եւ Տիարպեքիրի վիլայէթները` Էրզրում, Քղի, Դերջան, Չարսանճագ, Մուշ, Պիթլիս, Տիարպեքիր, Սղերդ եւ Վան: Յականէ անուանէ կը յիշուէին գաւառները հարստահարող աւազակները: Կը նշուէր նաեւ, որ մինչեւ հիմա պատրիարքական թագրիրները (տեղեկատու գրութիւններ) մնացած են անհետեւանք, եւ որ այդ թագրիրներու նիւթ եղած են կառավարական պաշտօնեաներու զեղծումները, կանանց եւ մանկանց բռնի իսլամացումը, ինչպէս նաեւ աւազակութիւններու, առեւանգումներու եւ սպանութիւններու պարագաներ:

Տեղեկագիրը Ազգային ժողովին ներկայացուեցաւ եւ Քաղաքական ժողովին առջեւ ընթերցուեցաւ:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Խրիմեան Հայրիկ. ան ըսաւ.

– Կեանքիս մեծ մասը մեծ խեղճ ժողովրդեան մէջ անցուցած եմ, ուստի դիտել կու տամ ժողովոյն որ ամենեւին չափազանցութիւն չկայ տեղեկագրին մէջ եւ յանձնաժողովը խնամով հաւաքած է ինչ որ ամենակարեւորն էր:

Պատրիարք հայրը եւ Քաղաքական ժողովի անդամներէն ոմանք պնդեցին, որ տեղեկագիրը անմիջապէս քննութեան ենթարկուի եւ Բարձրագոյն Դրան մատուցուի: Սակայն ժողովականներուն մեծամասնութիւնը զգուշաւոր ընթացք բռնեց եւ ջանաց, որ ժողովը զբաղի այլ հարցերով, որոնց գլխաւորներն էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրաւասութեանց եւ Աղթամարի Խաչատուր կաթողիկոսի ոճրապատումին վերաբերեալ եւ բազում անգամներ ծեծուած հարցերը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Երանի Թէ Զիս Խայթէ

RelatedPosts

Չարդախլու Գիւղը` Զօրավարներու Օրրան.   Մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան Եւ Համազասպ Բաբաջանեան
Պատմական

Չարդախլու Գիւղը` Զօրավարներու Օրրան. Մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան Եւ Համազասպ Բաբաջանեան

Հոկտեմբեր 29, 2025
Արցախցիներու Անսակարկ Զոհաբերութիւնները Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն
Պատմական

Արցախցիներու Անսակարկ Զոհաբերութիւնները Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?