Արուեստ - Մշակոյթ

Երեք Շաբաթ Երեւանի Մէջ

Երեք Շաբաթ Երեւանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ «Թրի ուիքս ին Երեւան» կամ («Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ») շարժապատկերը Արմէնի եւ Րաֆֆիի զաւեշտալի ճանապարհորդութիւնն է դէպի Երեւան: Անոնք Լոս Անճելըսէն Երեւան կ՛երթան, որպէսզի ամերիկահայու մը Հայաստանի մէջ 12 տարեկան զաւակ մը որդեգրելու մասին ժապաւէն մը նկարահանեն: Նկարահանումին համար անոնք Ռուպօ անունով թատերավարի մը հետ կը գործակցին եւ երեքով կը լծուին շարժապատկերին համար դերասաններու, նկարահանման վայրերու եւ...

Լիբանան Եւ Հայկական Արուեստի Անկիւն

Լիբանան Եւ Հայկական Արուեստի Անկիւն

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Զոհրապի ցուցահանդէսը (Եսթրտէյ) «Երէկուան օրը» խորագիրով Զոհրապ, չորեքշաբթի կատարեց իր նոր ցուցահանդէսին բացումը  «Երէկուան օրը» (Եսթրտէյ) խորագիրին տակ, «Էքզոտ» ցուցասրահին մէջ, Էշրեֆիէ, Աքքաուի պողոտայի վրայ: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ դեկտեմբեր 6 եւ բաց է առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան ժամը 8: Հայկ Այվազեանի ցուցահանդէսը` «Հիւանդ եմ, բայց ողջ եմ» խորագիրով Միջին Արեւելքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայկ Այվազեան...

Փառատօնային Լիբանանէն

Փառատօնային Լիբանանէն

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան փառատօներ, որոնք հանրութեան կը փոխանցեն տարբեր ճաշակներ, որոնց մէջ նաեւ կան հայկականները, որոնց մասին կ՛անդրադառնանք այս էջով: Օրինակ` Պէյրութ արուեստի ժապաւէններու փառատօնը ներկայացուց «Քէօր ան էկզիլ» հայկական վաւերագրականը: «Պէյրութ էնտ Պիյոնտ» կամ «Պէյրութ եւ աւելին» երաժշտութեան միջազգային փառատօնը դեկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ հայազգի «Պէյ ռու» երաժիշտը: Ասոնց կողքին Լիբանանի մէջ կ՛ընթանայ նաեւ այլ...

Պատկերազարդ Երաժշտական Երեկոյի Մը Տպաւորութիւնները

Պատկերազարդ Երաժշտական Երեկոյի Մը Տպաւորութիւնները

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան կազմակերպած շարք մը ձեռնարկներուն առընթեր ներկայացուեցաւ «Խաչատուրեան թրիօ»-ի նուագահանդէսը: Եռեակը կը կազմէին` Արմինէ Գրիգորեանը (դաշնակ), Կարէն Շահկալտեանը (ջութակ) եւ Կարէն Քոչարեանը (թաւջութակ): Ելոյթը տեղի ունեցաւ 18 հոկտեմբեր 2016-ին, «Տեմիրճեան կեդրոն»-ին մէջ: Սոյն նուագահանդէսին պատրաստուած ընտրանի եղանակները յարմարագոյն ձեւով ծառայեցին նշուած երեկոն իր վեհ նպատակին հասցնելու: Ճարտարութիւն պահանջող այս եղանակները մեկնաբանուեցան այն աստիճան ակնառու...

Արուեստը` Իբրեւ Կեանքի Հրաւէր

Արուեստը` Իբրեւ Կեանքի Հրաւէր

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի եւ «Նոազ արք» ցուցասրահի հիմնադրութեան 20-ամեակի եւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, «Նոազ արք» ցուցասրահը կազմակերպած է յատկանշական ցուցահանդէս մը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, նոյեմբեր 21-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կեդրոնական Պէյրութի (Սոլիտեր) ոսկերիչներու շուկային մէջ: Այս առիթով հրատարակուած պատկերագիրքին մէջ տրուած է «Նոազ արք»-ի  գործունէութեան անցած ուղիի մասին հակիրճ բնութագրում մը,...

Յակոբ Տէր Ղուկասեան «Կը Հանդիպի» Ժան Ժէօնէի

Յակոբ Տէր Ղուկասեան «Կը Հանդիպի» Ժան Ժէօնէի

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ 20 հոկտեմբերին «Մոնօ» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի «Լէզ՛օդր պոն» թատերախաղը, որ կը շարունակուի մինչեւ 13 նոյեմբեր: Թատերախաղին, նախապատրաստական աշխատանքներուն, նման կտորի մը ընտրութեան, առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով կատարուեցաւ զրոյց մը Յակոբ Տէր Ղուկասեանի հետ: Առաջին պատկեր Համալսարանական տարիներուն Յակոբ Տէր Ղուկասեան ուսանողուհիի մը աւարտական ներկայացման համար լոյսի սարքաւորման պատասխանատուն...

Կիները, Կուրծքի Քաղցկեղը Եւ Արուեստը

Կիները, Կուրծքի Քաղցկեղը Եւ Արուեստը

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Հոկտեմբեր ամիսը կը յատկանշուի որպէս կուրծքի քաղցկեղի մասին իրազեկման միջազգային ամիս: Իւրաքանչիւր տարի հոկտեմբերին տարբեր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան ձեռնարկներ եւ արշաւներ, որոնց թիրախը կ՛ըլլայ կիներուն իրազեկել կուրծքի քաղցկեղին մասին, ինչպէս նաեւ` մղել զանոնք բժշկական քննութիւններ անցընելու, որպէսզի կարենան կանխարգիլել հաւանական բարդութիւններ այս առնչութեամբ: Ըստ լիբանանեան տուեալներուն, 2015 թուականին  Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող կիներուն 41 առ...

Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան 25-Ամեակին Առիթով.  Յատկանշական Ցուցահանդէս` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան 25-Ամեակին Առիթով. Յատկանշական Ցուցահանդէս` Երեւանի Մէջ

Ըլլայ տարողութեամբ թէ որակով` աննախընթաց ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 հոկտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ: Ցուցադրութեան դրուած հարիւրէ աւելի ստեղծագործութիւնները ընդհանուր գաղափար մը կու տան վերջին հարիւրամեայ հայ կերպարուեստի անցած ուղիին մասին: Դասականներէն գրեթէ բոլոր մեծերը ներկայացուած էին հոն: Ինչպէս` Երուանդ Քոչար, Մարտիրոս Սարեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Գառզու, Ժանսեմ, Գայֆեճեան, Սուրէնեանց եւ այլն: Յաջորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն կային`...

«Մենք Գիտենք, Որ Մեր Թանգարանը Սիրում Են. Այդ Փաստը Հպարտանալու Եւ Պատասխանատուութեան Պատճառ Է Դառնում».   Նունէ Աւետիսեան

«Մենք Գիտենք, Որ Մեր Թանգարանը Սիրում Են. Այդ Փաստը Հպարտանալու Եւ Պատասխանատուութեան Պատճառ Է Դառնում». Նունէ Աւետիսեան

Թանգարանի տնօրէն Նունէ Աւետիսեան կը կատարէ բացման խօսքը Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը հիմնադրուած է խորհրդային դժուարին պայմաններու տակ` գլխաւորութեամբ արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանի եւ խումբ մը արուեստագէտներու աջակցութեամբ: Իր գործունէութեան 44 տարիներու ընթացքին թանգարանը մեծ եւ կենսական դեր կատարած է հայրենի ժամանակակից արուեստի կազմաւորման, զարգացման եւ տարածման մէջ: Ցարդ թանգարանի տարածքն ու պայմանները միշտ անբաւարար եղած են, հայ կերպարուեստի որակին եւ...

«Կայան»` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ձօնուած Էրհան Արըքի Ծրագիրը Կը Ներկայացուի Պոլսոյ Մէջ

«Կայան»` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ձօնուած Էրհան Արըքի Ծրագիրը Կը Ներկայացուի Պոլսոյ Մէջ

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ «Կայան» գիրքին կողքը, որ կը ներկայացնէ Պուրճ Համուտի թաղերէն մէկը Արտահանի հայկական յուշակոթողներուն մնացորդացէն ներշնչուած ու ատոր պատճառով իր լուսանկարչական գործիքին ոսպնեակը Հայ դատի պահանջատէրներու ժառանգաւորներուն ուղղած թրքահպատակ էրհան Արըք սեպտեմբեր 22-ին Պոլսոյ «Տեփօ» մշակութային կեդրոնին մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած լուսանկարչական իր ցուցահանդէսը ու լուսանկարները ամփոփած գիրքը` «Կայան»-ը:   Ծրագիրին Մասին «Կայան»-ը ամփոփումն է Էրհան...

«Կայան»` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ձօնուած Էրհան Արըքի Ծրագիրը Կը Ներկայացուի Պոլսոյ Մէջ

«Արեւը Ցեխով Չես Ծածկի» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն` Հայաստանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լրագրող, տարածաշրջանային եւ միջցեղային հակամարտութիւններու փորձագէտ Նայիրի Հոխիկեան կը ներկայացնէ «Վերադարձի ժամանակը» փաստավաւերագրական ֆիլմաշարին վեցերորդ ժապաւէնը` «Արեւը ցեխով չես ծածկի»-ն: Անոր անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 18-ին «Առնօ Բաբաջանեան»-ի անուան համերգասրահին մէջ: Վաւերագրականը կը սկսի թուրք մտաւորական Քեմալ Եալչընի` Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցած ժամանակ նկարահանուած պատկերով, առ այդ` կեդրոնանալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Ծախսալից Պատկերներ.- Բ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Դրժուած «Խոստումը» Ծանօթ .- Մօտիկ անցեալին հրապարակ հանուեցան երկու քարոզչական ժապաւէններ: Առաջինը` «Kervan 1915», որ պատուիրուած էր Թուրքիոյ «Միլլի կէօրիւշ» ուղղութեան  տնտեսական թեւին կողմէ,  իսկ երկրորդը` «Խոստումը», ֆինանսաւորած էր Քըրք Գրիգորեան: Յօդուածի առաջին մասը անդրադարձած էր թրքական ժապաւէնին: Ցաւոտ տարելից մը Եւս.- 11 սեպտեմբերին Թորոնթոյի միջազգային փառատօնի մրցոյթային բաժինի ծիրին մէջ ցուցադրուեցաւ Թերրի Ճորճի բեմադրած «Խոստումը» (The Promise...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Պատուիրուած Պատկերներ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ա.- Շքերթ Ընդ Հովանեաւ.- «Քերվան 1915» Ծանօթ.-  Մօտիկ անցեալին Կիրասոնէն «փող ու թմբուկով» հրապարակ հանուեցան երկու քարոզչական ժապաւէններ: Առաջինը` «Kervan 1915», պատուիրուած էր Թուրքիոյ «Միլլի կէօրիւշ»-ի («Թիւրք-իսլամ սենթեզ», կրօնա-ազգային համոյթի հայեցակարգ) (1) տնտեսական թեւին կողմէ, իսկ երկրորդը` «Խոստումը», պատուիրած էր Քըրք Գրիգորեանի հոլիվուտեան շարժապատկերի ընկերութիւնը: Բախտաւոր բեմադրիչները ընտրուած էին ըստ այդ հոլտինկները (2) տնօրինող անձերու հայեցողութեան: Այժմ փորձենք...

«Բամբիռ»-ի Երաժշտութիւնը Պիտի Հնչէ Պուրճ Համուտէն

«Բամբիռ»-ի Երաժշտութիւնը Պիտի Հնչէ Պուրճ Համուտէն

Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Կայ երաժշտութիւն, որ կը լսենք ինքնաշարժին մէջ` առանց մտիկ ընելու, այլ երաժշտութիւն կը հադուրժենք լսել միայն պարահանդէսներու սահմաններուն մէջ, իսկ նաեւ կայ երաժշտութիւն, որ կը լսենք համտեսելու համար արուեստի գործը: «Բամբիռ»-ի մատուցած արուեստը կը պատկանի այն տեսակին, որ ոչ միայն յաջողած է նուաճել երաժշտական բարձր որակ, այլ նաեւ հասնելով երաժիշտներուն ծինային համակարգին` ծնած է «Բամբիռ»-ին շարունակողականութիւնը ապահովող...

«Կանչ»

«Կանչ»

Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը եւ ճանաչման աշխատանքը արուեստի ճամբով կատարելու այլ աշխատանք մը յաջողութեամբ կը պսակէ բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» ժապաւէնը: ժապաւէնը ոչ միայն կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան վկայութիւն մը, այլ նաեւ անիկա կը ներկայացնէ այլ դիտանկիւնէ մը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ թրքական ռազմական վարժարանի մը մէջ, որուն «կը ծառայեն» 1909 թուականին Քեսապի ու Ատանայի կոտորածներէն ճողոպրած երկու պատանիներ` Վարդանն...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Առ Ցուցք Թաքնագիր.- Մօրքուրի Թազա Անունն Ա «Մորիս»

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծանօթ.-  Նարեկ Դուրեան երկար ժամկէտով «վարձակալած» է Գրողներու միութեան պատմական շքեղ տան սրահը եւ զայն այժմ կը վերածէ իր բեմահարթակին: Նոր թատրոնը պիտի արձակուի «Իմ կնոջ անունն է Մորիս» ներկայացումով:  Ելոյթը, ուրեմն, հարկ է, որ  շահագրգռէ համայն սրտցաւ հայութիւնը: 24 օգոստոսին առիթն ունեցայ շուրջ երկու ժամ տեւող այս գործը դիտելու Տիկնիկային թատրոնի բեմին վրայ: Ներկայացումը որոշ չափով ունի...

Եուրոզի Միջազգային Վերելքը Կը Շարունակուի…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Եուրոզի ստեղծագործութիւնները  ոչ միայն ցարդ գնահատուած ու ցուցադրուած են շարք մը ժամանակակից արուեստի թանգարաններու մէջ, այլ նաեւ ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացած են ՄԱԿ-ի եւ նոյնի՛սկ Վատիկանի կողմէ: Վերջերս Եուրոզի արուեստի դիմաց իր դուռերը բացաւ նաեւ Սան Տիէկոյի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը եւ իր մնայուն հաւաքածոյին մէջ ներառեց Եուրոզի «Համբոյր կարմիր գլխարկի տակ» (սերեկրաֆի, 1992, 152.4 x 101.6cm) ստեղծագործութիւնը, որ...

Հեղինակային Իրաւունք Եւ Մասամբ Նորին

Հեղինակային Իրաւունք Եւ Մասամբ Նորին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Անկասկած որ արուեստի զարգացման եւ տարածման համար անհրաժեշտ է արուեստագէտի հեղինակային իրաւունքի գնահատումն ու պաշպանութիւնը: Ունինք բազմաթիւ արուեստագէտներ (ըլլան անոնք գրողներ, երաժիշտներ, գեղանկարիչներ, թէ այլ տեսակի), որոնց իրաւունքները միշտ չէ, որ յարգուած ու պաշտպանուած են: Պերճ Չաքեճեանի ստեղծագործութիւնը Ֆրանսական գիրքի մը կողքին -Երուանդ Քոչարի մէկ գլուխ գործոցը` զետեղուած ՆՓԱԿ-ի դիմաց Հեղինակային իրաւունքները պաշտօնականացնելու եւ պաշտպանելու համար հարկաւոր են...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Փոքրիկ Ածուի Ծիրանը. Բ. Հայկական Համայնապատկեր

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Կորիզային.-  Տեղի սղութեան պատճառով պիտի անդրադառնամ միայն չորս ժապաւէններու: Հարկ է նշել, որ այս տարի տեղի չունեցաւ «Կորիզ» երիտասարդական կարճամեթրաժ ժապաւէներու մրցանք: Ասիկա մտահոգիչ է, որովհետեւ «Ոսկէ Ծիրան»-ը ոսկէ առիթ է սկսնակ բեմադրիչներու համար: Առիթ է մանաւանդ օտար հաստատութիւններու հետ համատեղ ժապաւէններ արտադրելով ստանալու հայ երիտասարդներուն համար այնքան կենսական նիւթական օժանդակութիւն: Կազմակերպիչներ յայտնեցին, որ «Կորիզ»-ը պիտի վերածուի անջատ...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Փոքրիկ Ածուի Ծիրանը Ա. Քրտական Միջնարար

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Ոսկէ Ծիրան»-ի 13-րդ փառատօնը նուիրուած էր Հայաստանի անկախության 25-ամեակին: Այսուհանդերձ բացման հանդիսութիւնը չունեցաւ միջազգային, առաւել եւս յոբելիանական փառատօնին յարիր հմայք: Բացակայ էր պատուոյ հիւրը` Ժաքլին Պիսէ (1944-): Ներկաները հապճեպ քայլերով մուտք գործեցին «Կինօ Մոսկուա»: Հանդիսութեան նախորդած էր ծիրան օրհնէքի այլեւս աւանդութիւն դարձած ծէսը  Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (1): Հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան լրագրողներուն յայտնած էր, թէ  կազմակերպիչներ...

Page 12 of 14 1 11 12 13 14

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?