Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեւը Ցեխով Չես Ծածկի» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն` Հայաստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 28, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

screen-shot-2016-10-26-at-2-04

Լրագրող, տարածաշրջանային եւ միջցեղային հակամարտութիւններու փորձագէտ Նայիրի Հոխիկեան կը ներկայացնէ «Վերադարձի ժամանակը» փաստավաւերագրական ֆիլմաշարին վեցերորդ ժապաւէնը` «Արեւը ցեխով չես ծածկի»-ն: Անոր անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 18-ին «Առնօ Բաբաջանեան»-ի անուան համերգասրահին մէջ:

Վաւերագրականը կը սկսի թուրք մտաւորական Քեմալ Եալչընի` Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցած ժամանակ նկարահանուած պատկերով, առ այդ` կեդրոնանալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք մտաւորականներուն կարծիքներուն եւ կեցուածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին ապրող եւ իրենց հայկական ինքնութեան վերադարձողներուն: Հոն ցեղասպանին ժառանգորդները կը խօսին Ցեղասպանութեան իրողութեան հաւաստիութեան վրայ, ինչպէս նաեւ` կը յայտնեն իրենց կարծիքները` հատուցման տարբեր ձեւերուն մասին, օրինակ` հայերուն Թուրքիոյ մէջ սեփականութիւններ ունենալուն մասին, պատմական կոթողներուն վերադարձման մասին, մինչեւ իսկ ժապաւէնին մէջ կը խօսուի հողերու վերադարձի մասին:

Ի դէպ, «Արեւը ցեխով չես ծածկի»-ն թրքական ասոյթ մըն է, որ կը նշանակէ` ճշմարտութենէն չես փախչիր, վերնագիր մը, որ բեմադրիչը սրամտօրէն օգտագործած է Թուրքիոյ մէջ Հայ դատին վերաբերող նիւթին շուրջ տեղի ունեցած քաղաքականութեան ակնարկելով:

«Արեւը ցեխով չես ծածկի» ժապաւէնին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 13-ին, «Արմէնիա սփութնիք» սրահին մէջ, որուն ընթացքին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին բեմադրիչը յայտնեց, որ ժապաւէնին կարեւորութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ հոն հեղինակութիւն վայելող թուրքեր եւ քիւրտեր բացայայտօրէն կը խօսին Ցեղասպանութեան մասին, ան յայտնած է, որ անոնց «մեղայի գալը» կարեւոր ազդեցութիւն կրնայ ձգել հասարակութեան վրայ: Բեմադրիչը իր խօսքին մէջ շեշտած է, թէ առանց անցեալին հետ առերեսուելու` կարելի չէ ապագայ կերտել:

«Վերադարձի ժամանակը» ֆիլմաշարին սկիզբը դրուած է 2010 թուականին, եւ «Արեւը ցեխով չես ծածկի»-ն կը հանդիսանայ անոր վեցերորդ արտադրութիւնը, որուն պատրաստութիւնը տեւած է չորս տարի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ: Ժապաւէնը պիտի ունենայ անգլերէն, թրքերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւններ:

Նշենք, որ «Վերադարձի ժամանակը» փաստավաւերագրական ֆիլմաշարին առաջին բաժինը կը ներկայացնէ ընդհանուր նիւթ, երկրորդը կը կրէ «Տէրսիմի առեղծուածը» վերնագիրը, երրորդը` «Արեան կանչը», չորրորդը` «Անջնջելի հետքեր», հինգերորդը` «Սասունցիների պարը»:

Թէեւ բոլորը կարելի է գտնել համացանցի վրայ, յոյսով ենք, որ «Արեւը ցեխով չես ծածկի»-ն նաեւ կը ցուցադրուի Լիբանանի մէջ:

Նախորդը

Փութի՞նն Է Միշտ Յանցաւորը

Յաջորդը

«Կայան»` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ձօնուած Էրհան Արըքի Ծրագիրը Կը Ներկայացուի Պոլսոյ Մէջ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?