Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծախսալից Պատկերներ.- Բ

Հոկտեմբեր 11, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Դրժուած «Խոստումը»

Ծանօթ .- Մօտիկ անցեալին հրապարակ հանուեցան երկու քարոզչական ժապաւէններ: Առաջինը` «Kervan 1915», որ պատուիրուած էր Թուրքիոյ «Միլլի կէօրիւշ» ուղղութեան  տնտեսական թեւին կողմէ,  իսկ երկրորդը` «Խոստումը», ֆինանսաւորած էր Քըրք Գրիգորեան: Յօդուածի առաջին մասը անդրադարձած էր թրքական ժապաւէնին:

b1_101116

b2_101116Ցաւոտ տարելից մը Եւս.- 11 սեպտեմբերին Թորոնթոյի միջազգային փառատօնի մրցոյթային բաժինի ծիրին մէջ ցուցադրուեցաւ Թերրի Ճորճի բեմադրած «Խոստումը» (The Promise 134 վ.): Այս առաջին հոլիվուտեան ժապաւէնն է, որ կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան:

Ժապաւէնին բներգը «սիրային եռանկիւն» մըն է,  զետեղուած` 1915-ի Եղեռնի խորապատկերին վրայ: Աւարտական տեսարանն է Մուսա Լերան հայերու փոխադրութիւնը ֆրանսական նաւերով: Ցուցադրութեան թուականը կը համընկնէր այդ հերոսամարտի աւարտին: Յիշենք, որ թրքական «Կարաւան»-ի նկարահանման առաջին օրը եւ վայրը կը համընկնէին Կիրասոնի բռնագաղթի թուականին: Գովազդային հնարամտութիւն:

Հայկական լրատուական միջոցները խանդավառ էին ցուցադրութեան նախօրէին: Բեմադրիչը 2004-ին նոյնինքն Թորոնթոյի փառատօնին ներկայացուցած էր իր «Հոթէլ Ռուանտա»-ն, որ կը խօսէր Թութսի փոքրամասնութեան ցեղասպանութեան մասին, եւ որ 14 մրցանակներ ստացած էր: Բայց այդտեղ կար շատ կարևոր հանգամանք մը: Ժապաւէնը կու գար, երբ այդ սպանդի յիշողութիւնը տակաւին թարմ էր: Հութու ցեղախումբին պատկանող շուրջ երկու հարիւր հազար հոգի գործօն մասնակցութիւն բերած էր սպանդին… Լրատուական միջոցներու շնորհիւ ամբողջ աշխարհը հանդիսատես դարձած էր ահաւոր տեսարաններու: Թերրի Ճորճ գիտցած էր շահարկել առիթը: Մրցանակները ունէին քաղաքական եւ բարոյական հիմնաւորում:

Ժապաւէնը ֆինանսաւորուած եւ արտադրուած է Քըրք Գրիգորեանի (1917-2015) «Սըրվայվըլ փիքչըրզ» (Գոյատեւման Ժապաւէններ) ընկերութեան կողմէ: Գրիգորեան թերեւս լաւատեսօրէն կը յուսար փորձուած ուղիէն ընթանալով ստանալ յաջող արդիւնքը: Բայց ի հեճուկս ծանօթ առածի, պատմութիւնը երբե՛ք չէ կրկնած ինքզինք (1):

Թ. Ճորճ, որուն բեմադրած 7 երկարամեթրաժ ժապաւէններէն հինգին բներգները լրատուական միջոցներու մէջ յոյժ աղմկալի եղած են, (Իրլանտա, Վիեթնամ, աղէտ եւ ցեղասպանութիւն) թղթակիցներուն յայտնած է, թէ «հայ համայնքը անկասկած պիտի ողջունէ այս ժապաւէնը» (2): Եւ իրօք, հայ լրատուական միջոցները ջերմօրէն ողջունեցին ժապաւէնը նախքան ցուցադրութիւնը, պարզապէս հիմնուած այն տուեալին վրայ, որ անոր խորապատկերը 1915-ն է…

b3_101116b4_101116«Խոստում»-ի ցուցադրութեան անմիջապէս յաջորդեց հայ – թուրք համացանցային (Internet Movie Database կամ IMDb) «քուէամարտ» մը: Ի սկզբանէ պարզ էր, որ քուէարկողներէն ոչ մէկը կրնար դիտած ըլլալ ժապաւէնը: Ոմանք թերեւս հարկ իսկ չեն զգացած դիտելու լոկ 2,5 վարկեան  տեւող գովերիզը (trailer): Պարզ էր նաեւ, որ թուրքեր քանակական առաւելութիւն պիտի ունենային, մանաւանդ որ անոնց միացած էին իսլամական կարգերու  ջատագով եւ այս օրերուն զօրակոչի կարգավիճակ ունեցող ոչ թուրք լայն զանգուածներ:

Ցուցադրութեան յաջորդեցին նաեւ արհեստավարժ քննադատներու եւ թղթակիցներու ակնարկները, որոնք զուսպ էին, նկատի առնելով ժապաւէնի ողբերգական բներգը: Այսուհանդերձ անոնցմէ եւ ոչ մէկը բարձր գնահատական տուաւ: Անոնք Թերրի Ճորճը թաքուն կամ բացայայտ ձեւով կը մեղադրեն ցեղասպանութեան հանդէպ մեղմ ասած անլուրջ մօտեցում ցուցաբերելով: «Հայաստանի  Ազգային Կինոկենտրոն»-ի օրկան «Կինոաշխարհ» պարբերականը իր 22 սեպտ.  2016-ի թիւով արտատպած է կարգ մը հեղինակաւոր քննադատական յօդուածներ:

Դիպաշար.- Կու տամ հակիրճ նկարագրութիւն յաղագս այն ընթերցողին, որ չէ հետեւած որեւէ հայկական հաղորդումի: 1914 թուականն է: Միքայէլ դեղավաճառ մըն է Ալեքսանտրէթի աւաններէն մէկուն մէջ: Իր հարսնացուի հօրմէն 400 լիրա (մօտ 2,6 քիլոկրամ ոսկի) օժիտ կը ստանայ եւ կը մեկնի դէպի Պոլիս, բժշկութիւն ուսանելու համար: Ուշադի՛ր… կը խոստանայ վերադառնալ… բայց իր հօրեղբօր տան շեմէն ներս մտած պահուն իսկ կը սիրահարի գեղուհի Աննայի: Քիչ անց գիւղացի տղան եւ փարիզցի աղջիկը կը հասնին անկողին: Այո, Թ. Ճորճ չի սիրեր ժամանակ վատնել: Բայց Աննա (ի հարկէ) կապուած է ուրիշի մը` «Ասոշիէյթըտ փրես»-ի անվեհեր լրագրող Քրիսթոֆըրին (3):  Մրցանակային արագութեամբ կ’ամբողջացայ սիրային եռանկիւն մը: Այդ եռանկիւնը իր օգտաշատութիւնը փաստած է բազմաթիւ յաջող ժապաւէններու մէջ, որոնց խորապատկերը պատերազմն է.- «Կան ուիտ տը ուինտ» (1939), «Քազապլանքա» (1942), «Տաքթըր Ժիվակօ» (1965), «Փըրլ Հարպըր» (2001) եւ կամ աղէտը, ինչպէս` «Թայթանիք» (1997) եւ «Լաւ ին տը Թայմ աֆ Քոլըրա» (2007)…: Նկատել, որ պատերազմն ու աղէտը բեմադրիչին բազմաթիւ առիթներ կրնան ստեղծել եռանկիւնի գլուխները միացնելու եւ բաժնելու համար: Առիթ կը ստեղծեն նաեւ հերոսներէն դերակատարներէն ոեւէ մէկը յանկարծ,  ողբերգականօրէն բեմէն վերացնելու: Ինչո՞ւ չօգտագործել բազմիցս փորձուած այս «հանճարեղ» կաղապարը…

Միքայէլ կը բարեկամանայ նաեւ ազդեցիկ փաշայի մը զաւկին հետ, որ ուսանող դարձած է խուսափելու համար զինուորագրութենէ: Իմա` ռազմատենչ չէ: «Կը զինուորագրուի», սակայն, Միքայէլ: Հերոսը (ի հարկէ) կը յաջողի փախչիլ մահուան ճամբարէն, կը վերադառնայ հօրենական գիւղ եւ անտառին մէջ գաղտագողի կը յղիացնէ իր օրինաւոր կինը: Օսմանցիք կը սպաննեն ամբողջ ընտանիքը: Միքայէլ եւ Աննա փախստականներու խումբի մը հետ լեռ կը բարձրանան եւ կռիւ կը մղեն օսմանցիներու դէմ: Քրիստափոր եւ Աննա կ՛օգնեն, որ փախստականները հասնին ծովափ, ուր ֆրանսական նաւեր կը սպասեն: Աննա իր սէրը կը խոստովանի: Պահ մը ետք զիրենք փոխադրող նաւակը կ’ընկղմի եւ կը խեղդուի… ո՛չ, չկռահեցիք, կը խեղդուի Թայթանիքի… ներողութիւն, «Խոստում»-ի աղջի՛կը: Միքայէլ իր միակ զարմիկին հետ կը հասնի փրկութեան լաստ` Ամերիկա:

b5_101116

Ծանօթ.- Օսմանցին ժողովուրդ մըն էր, որ այս շրջաններու մէջ կ’ապրէր թրքական հանրապետութեան հռչակումէն առաջ: Օսմանցիք կը ծնէին կարմիր ֆէսերով եւ լայն սեւ պեխերով:

Արհեստագիտական.– Ժապաւէնը նկարուած է լայն պաստառի թուայնային (տիճիթըլ) գեր-յստակ ոսպնեակով: Այս կը ստեղծէ անիրական (վըրչուըլ), սթիւտիօ-պատկեր: Կարգ մը տեսարաններու շողշողուն գոյները նոյնպէս չեն նպաստեր պատմական մթնոլորտ ներշնչելու: Ընդհանուր առմամբ թուայնային հզօր միջոցներու համբակ գործադրումը նմանած է «արջի ողջագուրում»-ի:

Լալկան երաժշտութիւնը իր կարգին կը խրտչեցնէ արեւմտեան հանդիսատեսը: Հայաստանեան աղբիւրներ նշած էին, թէ այդ կը պատկանի Սերժ Թանքեանին: Ժապաւէնի անձագիրը, սակայն, կու տայ Կապրիէլ Եարէտի անունը: Անհաւանական կը նկատեմ, որ զայրացկոտ ռոք երաժիշտ մը յօրինած ըլլայ լալկան մեղեդիներ:

Հապճեպ մոնթաժը կը ձգէ բարոյական շինծու առակախօսութեան տպաւորութիւն: Հայ կալանաւոր մը կ’ըսէ թէ ինք հտպիտ մըն էր, որ ուրախութիւն կու տար մանուկներուն: Կալանաւորը կը սպաննուի վերջին բառը հազիւ դուրս եկած էր բերնէն: Զաւեշտական պիտի չըլլա՞յ եթէ ցոյց տանք մարդ մը, որ կը ծխէ, ապա որպէս քաղցկեղի զոհ անմիջապէս անշունչ կ’իյնայ դագաղի մը մէջ: Ի՞նչ նպատակի կրնայ ծառայել նման միամիտ պատճառականութիւն:

b7_101116

Խաղարկութիւնը աւելի քան ընդունելի է: Հոլիվուտեան ճարտարարուեստը մեծապէս կը յենի «աստղերու» համակարգին վրայ: Մինչդեռ բազմաթիւ հեղինակային բեմադրիչներ կ’օգտագործեն ոչ արհեստավարժ եւ ոչ գեղատեսիլ դերասաններ: Տագնապահար մանկամարդուհի մարմնաւորող գեղուհի Շարլոթ Լը Պոնի արտասուքները պարզապէս անդիմադրելի են: Օսքըր Այզաք (Միքայէլ) առանց ճիգի կարողացած է որդեգրել հայկական շեշտը: Կարողացած է նաեւ ցուցաբերել պայքարող ոգի: Չէ կարողացած, սակայն, բաւարար խանդ ցուցաբերել Շարլոթի հանդէպ: Ո՛չ, ո՛չ, ի հարկէ Թերի Ճորճ չէ մոռցած հայ դերասանները: Անժելա Սարաֆեան եւ Նազենի Յովհաննիսեան ունին երկրորդական դերեր:

Կռանող Մահիճը.– Յունական առասպելնեու մէջ կը տեսնուի Փրոքրուսթես (կռանող) անունով աւազակ մը, որ իր զոհերը կը սպաննէր անոնց հասակը  «յարմարեցնելով» յատուկ պատրաստուած երկաթեայ մահիճի մը: Թերրի Ճորճի «մահիճը» եղած է հոլիվուտեան այն տեսութիւնը թէ.- «Բոլոր մեծ ժապաւէնները ասքեր են անհատներու մասին (4): Բարի, պահ մը ընդունինք այդ տեսակէտը: Հարցը այն է, որ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը դէպի անհատական հարցերու ուղղելով բեմադրիչը երկրորդ փլան կը մղէ խորապատկերը: «Թայթանիք»-ի բներգը ծովագնացութեան ապահովութիւնը չէր, այլ դասակարգային ոտնձգութեան համար տնօրինուած դաժան պատիժը: «Խոստումը», սակայն, կը յաւակնի լոյս սփռել պատմական ոճիրի մը վրայ: «Թերրի Ճորճ յոյժ կարեւոր նիւթ մը թաղած է խցկուած պատմութեան մը տակ», «Թորոնթօ ռիվիու»-ի էջերու վրայ կ’ըսէ Մ. Ն.-ու գլխաւոր քննադատը (5):  Միթէ այս սրտցաւ խօսքերը ազրպէյճանական թէ՞զ կը պաշտպանեն: Նման կարծիքներ արտայայտած են բոլոր օտար արհեստավարժ շարժապատկերի քննադատները: Միթէ բոլո՞րը գործակալներ են:

b8_101116

Ժապաւէնի հիմնական թուլութիւնները հոլիվուտեան տգիտութիւնն ու ծանծաղամտութիւնն են: Զարգացած բեմադրիչներ գիտեն, որ արհաւիրքը անասելի է, կարելի չէ պատկերել,  պէտք չէ «մօտաւորապէս» նմանակել: Ֆէսաւոր գազաններու կատարած խժդժութիւնները պարզապէս համոզիչ չեն, աւելի՛ն, հանդիսատեսի մօտ կը յառաջացնեն ոչ թէ սոսկում, այլ քմծիծաղ:

Հաշուեփակ.- Թերրի Ճորճ ամպիոններու վրայ բարոյական «բարձր ձի» է հեծած, որովհետեւ իր ժապաւէնը կ’ակնարկէ ցեղասպանութեան: Պարզ է, սակայն, որ այդ արարքով ինք անձնապէս ոչինչ վտանգած է: Յանձն առած է առանց ռիսքի գործարք մը: Նախ այն, որ արտադրութեան ծախսերը իրեն տրամադրուած էին արծաթէ ափսէի վրայ:  Ապա այն,  որ Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ օրակարգի վրայ է տասնամեակներէ ի վեր: Թուրքիոյ մէջ հրապարակաւ իսկ ցուցադրուած են Էկոյեանի «Արարատ»-ի եւ Ֆաթիհ Աքընի «Հատում»-ի նման ժապաւէններ: Թաքսիմ հրապարակի վրայ թուրքեր ապրիլ 24 նշած են: Թ. Ճորճ  «ուշացած մարգարէ» մըն է, կրնայ ցած գալ իր բարձր ձիէն:

b9_101116

Թուրքիոյ քաղաքական ուժերը պատուիրած են բազմաթիւ քարոզչական ժապաւէններ: Այդ ժապաւէններէն ոմանք, ինչպէս «Վերջին նամակը»,  ցուցադրուած են Լիբանանի մէջ: Այս նիւթին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (6): Ի դէպ այդ գործերը այնքան ձախաւեր են, որ քննադատներու կողմէ ծանակուած են նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ: «Կարաւան 1915» իսլամական ներդրում է այդ ձախաւեր շարքին: Թուրք քննադատներէն ոչ մէկը սոսկում զգացած է ի տես քէչափաթաթախ որբուկին եւ անոր մահացած տատիկի քաջառողջ դիակին: Անոնք խորհուրդ տուած են նիւթական միջոցները գործածել աւելի խելամիտ կերպով:

Հարիւրամեակի առիթով հրապարակ ելան բազմաթիւ պատեհապաշտ, անորակ ժապաւԷններ եւ արուեստի այլ գործեր: Հայ լրատուական միջոցները պարտի՞ն անսակարկ ջատագովել բոլորը:

(Շար. 2 եւ վերջ)

——————————————-

1.- Տարուան եղանակներու նման կրկնուող պատմութեան «շրջանային տեսութեան» (Cyclical theory) առաջին արձանագրութիւնը կը պատկանի «պատմահայր» Հերոդոտոսի, 5-րդ դար, ն. ք. :

2.- Tobias Burns, The Hollywood Reporter, 9/13/2016

3.- Ընտրութիւնը աւելի քան զարմանալի է, որովհետեւ «Ասոշիէյթըտ փրէս» «չէզոք» կեցուածք որդեգրած է Օսմանեան պետութեան արարքները որպէս ցեղասպանութիւն որակելու հարցին մէջ:

4.- «Փան Արմինիըն», 8 սեպտեմբեր  2016:

5.- Tim Grierson,  «The Promise»: Toronto Review, 12 Sep., 2016:

6.- «Թրքական շարժապատկերը Սան Սթեֆանոյէն մինչեւ Ֆեթհուլլա Կիւլէն», «Ազդակ» բացառիկ,  Նոր տարի 2016:

 

Նախորդը

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԶ. Հատորին Շնորհահանդէսը Գիւմրիի Մէջ

Յաջորդը

Սրբազանին Հետ Հայախօս Ու Հայազգի Դպրոցներու Կարօտով (Վերամուտի Եւ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?