ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԲԱՐԱԿ ՍԱՌՈՅՑԻ ՎՐԱՅ
Յաջողութիւնը բազմաթիւ հայրեր ունի, սակայն ձախողութիւնը որբ է: Շարք մը թուրք գործիչներ հրապարակ ելան, երբ Ֆրանսայի օրէնսդիրները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ յղեցին: Օրինագիծին մարտահրաւէր կարդացող խնդրագիրը ստորագրած ծերակուտականներու բարձր թիւը զարմացուց բազմաթիւ անձեր` ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ֆրանսայի մէջ: Մինչդեռ իսկական անակնկալը եկաւ Ազգային ժողովէն, որուն աւելի քան 60 անդամներ միացան օրինագիծին մարտահրաւէր կարդացող ծերակուտականներուն: Կը թուի, թէ...
