Եթէ Թուվալու Ճանչնայ Ղարաբաղի Անկախութիւնը… «Թուրքիա Ետ Պիտի Ուզէ՞ Ֆութպոլի Գնդակները»
Թուրքիոյ մէջ քանի՞ հոգի լսած է Թուվալու անուն պետութեան մը անունը, կղզիներու փոքրիկ, շատ փոքրիկ պետութիւն մը, որ կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Աւստրալիայէ քիչ մը հեռու: Վատիկանի կամ Մոնաքոյի նման, աշխարհի քանի մը շատ փոքրիկ պետութիւններէն մէկն է Թուվալու, որուն անունը, սակայն շաբաթ օր թուրք հանրային կարծիքին համար բարձր հնչեց Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած լուրի մը կապակցութեամբ: «Հիւրրիյէթ»-ն էր,...
