Հայ Դատ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱՓՈԽ ՀԱՅԵՐՈՒ ԹԻՒԸ. ԱՌԱՍՊԵԼ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը բաւական ուշ հասկցաւ, որ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլուն իրականութեան մէջ ոչ միայն հակահայ քարոզչութիւն է որ կ՛իրականացնէ, այլ նաեւ` հակաթրքական: Այդ իսկ պատճառով զայն զրկեցին Թուրքիոյ պատմութեան հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնէն: Հարց պիտի տրուի, թէ ի՛նչն էր հակաթրքական Հալաճօղլուի յայտարարութիւններուն մէջ: Հալաճօղլուն չէր ընդուներ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն կը պնդէր, որ 700-750 հազար հայ աքսորուած է, որոնց մեծ մասը մահացած է...

ԽՈՐԱՄԱՆԿ ԹԱԿԱՐԴԸ. ԵՐԲ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻՆ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ… ՀԱՅՈՒ ԴԷՄՔՈՎ

Նախ մամլոյ աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրին լուրը, ապա Թուրքիոյ վարիչները հաստատեցին, թէ հայկական ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մը` Տարօն Աճեմօղլու իր երկրին դեսպանը նշանակուած է Ֆրանսայի մօտ: «Ասպարէզ»ի համապատասխան լրատուութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ հայազգի այլ քաղաքացի մը` Լէօ Սուրէն Հալէպլի, մարտ 3-ին, իր կարգին պետական բարձր պաշտօնի կոչուած է` Եւրոպական Միութեան հարցերու Ընդհանուր քարտուղարութեան մէջ` ստանալով Թուրքիոյ Պետական խորհուրդին հաւանութիւնը:...

ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐԸ

Պատմութեան ընթացքում առնուազն երեք անգամ Թուրքիան փորձել եւ մինչ օրս փորձում է իրականացնել ցեղասպանական գործողութիւններ` Ղարաբաղի հայ բնակչութեան լիակատար բնաջնջման կամ բռնագաղթի ուղղութեամբ: Հայաստանին նախապայմաններ առաջադրելու Թուրքիայի ներկայիս դիրքորոշումը, ներառեալ` Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման հարցում ճնշումներ գործադրելու քաղաքականութիւնը եւ Հայաստանից ցանկալի զիջումներ ստանալու ձգտումը, պատմական համատեքստի տեսանկիւնից շատ արդիական է թւում, եւ յղումները պատմական փաստերին, այս տեսանկիւնից, օգնում են լոյս սփռել...

ԱՊՕՐԻՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ԵՒ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐՆԵՐ

16 մարտ 1921-ին ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագիրը միակը չէ` իր հարցական կարգավիճակով եւ դրութեամբ: Արդարեւ, դեկտեմբեր 1920-էն հոկտեմբեր 1921... տաս ամիսներու ընթացքին երեք պայմանագիրներ ստորագրուեցան: Առաջինը` Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը (3 դեկտեմբեր, 1920-ին), երկրորդը` վերոյիշեալ թուականին կայացած Մոսկուայի պայմանագիրը եւ, վերջապէս, Կարսի պայմանագիրը` 13 հոկտեմբեր, 1921-ին: Դժբախտաբար երեք փաստաթուղթերն ալ կը կրեն պայմանագիր անուանակոչումը, այնուամենայնիւ, անոնցմէ ոչ մէկը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած` կարելի...

ԿԻՍԱՔԱՅԼԵՐ

«Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի վատոգի սպանութեան յաջորդող օրերուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, հայ մամիկ մը բարձրացուցած էր պաստառ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր` «1.500.000+1», որ իմ կարծիքով, ուղղակի պատգամ մըն էր այն բոլոր թուրք ազնիւ մարդոց, որոնք ընդվզած էին հայ լրագրողին դէմ գործուած անարգ ոճիրէն եւ հրապարակ դուրս եկած էին արտայայտելու իրենց զայրոյթը: Հայ մամիկին...

ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՀԱԿԱՀԱՅ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին Քանատա այցելութեան դէմ ուղղուած ազրպէյճանական բողոքի աղմուկը չուշացաւ: Արդարեւ, անցնող օրերուն, Քանատայի ազրպէյճանական համայնքը ԼՂՀ նախարարին Քանատա պաշտօնական այցը դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ` յարձակման թիրախ դարձնելով քանատացի այն պետական պաշտօնատարները, որոնց հետ հանդիպում ունեցած էր հայ նախարարը: Աւելի՛ն. ազրպէյճանական կողմը, իր հակաքարոզչութիւնը աւելի խթանելու համար, համացանցին վրայ կազմակերպած է ստորագրահաւաք մը` ուղղուած Օթթաուայի իշխանութիւններուն,...

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Նախ եւ առաջ նայեցէք սա ետեւը նստող փայտէ դէմքերով մարդոց, որոնք փաթթուած են իրենց վերարկուներուն եւ վզնոցներուն: Անոնք պետութիւնը ներկայացնող աւագանին են` կուսակալ, երեսփոխան, նահանգային հրամանատար եւ քաղաքապետ, որոնք հրելով-հրմշտկելով գացեր գրաւեր են իրենց համար նշանակուած տեղերը: Բարեբախտաբար այս անգամ իրենց յատկացուած տեղը չհաւնելով` ձգող գացող չէ եղեր... Վայրը` Պայպուրթ (Բաբերդ,- Գ.Կ.), իսկ հանդիսութեան առիթը քաղաքին` թշնամիէն ազատագրուելուն 93-րդ տարեդարձն...

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

28 յունուարին Շուէտի համարկումի նախարարը` Ազատական-ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Էրիք Ուլենհաք, Սթոքհոլմի սինակոկին մէջ Ողջակիզման զոհերու  յիշատակութեան իր ելոյթին մէջ յիշած էր Հիթլերի խօսքերը եւ օգտագործած էր «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը: Այդ մասին կը հաղորդուէր Շուէտի  կառավարութեան կայքին վրայ: Նախարարը ըսած էր. «Ատոլֆ Հիթլերին կը վերագրեն «Ո՞վ կը յիշէ հայերուն…»  արտայայտութիւնը: Ան նկատի ունէր Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է Առաջին աշխարհամարտի...

ՍԱՍՈՒՆՑԻ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԴԻՄԵՆ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ

Պիթլիսէն (Բաղէշ), Վանէն, Պաթմանէն, Մուշէն եւ Սղերդէն արտաքսուած կամ հալածանքներու ենթարկուելու գնով, տակաւին այդ շրջաններուն մէջ գոյատեւող հայերու խնդիրներով հետաքրքրուող Սասունցի հայերու միութիւնը տարիներ շարունակ կը պայքարի, որ վագըֆ (հիմնադրամ) ստեղծէ: Թէեւ այդ նպատակով տակաւին 2 տարի առաջ համապատասխան մարմիններուն դիմած էր միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճին` 5 հիմնադիր անդամներու հետ, սակայն Պոլսոյ վարչական 5-րդ դատարանը պատճառաբանելով, թէ թրքական քրէական օրէնսգիրքի...

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ԴԱՐՁԵԱԼ ԵԿԱՒ ՄԵՐ ԱՊՐԻԼ 24-Ը

Ամէն տարի կու գայ, դժբախտաբար: Ըստ «Սապահ» թերթին տուած տեղեկութեանց, Ազգային ապահովութեան խորհուրդը շատ կարեւոր «որոշումներ» ընդուներ է դեկտեմբերի մէջ կայացած իր ժողովին: Առաջին, սփիւռքի եւ մանաւանդ Ամերիկայի հայերուն հետ հանդիպումները աւելի յաճախակի պիտի դարձուին, անոնց հրաւէրներուն ընթացք պիտի տրուին: Անշուշտ որ պզտիկ հարցեր կրնան ծագիլ: Ջղագրգիռ դարձած սփիւռքը կրնայ նոյնիսկ բնաւ հրաւէր չղրկել մեր դիւանագէտներուն: Այս կացութեան մէջ շատ...

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄ ԵՒ ԴԵԼՖԻՆԱՐԻՈՒՄ

Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակը 11 փետրուար  2011-ին անցաւ պատմութեան: Հրապարակ, որ իր անուանակոչումը այլեւս լիովին կ՛արդարացնէ, որովհետեւ ժողովրդային յեղափոխութեան պոռթկումի վայրը հանդիսացաւ, տեղի չտուաւ իշխանակարգի աւազակախումբերու արիւնոտ սադրանքներուն եւ անսասան մնաց «իրհալ» - հեռացիր նպատակին, մինչեւ որ Մուպարաք հեռացաւ: Նոր հանգրուան մը կը սկսի Եգիպտոսի ժողովուրդին համար: Դժուար, անորոշ, անակնկալներով լեցուն ամբողջ մարտահրաւէր մը` իրականացնելու ազատ, ժողովրդավար եւ մանաւանդ ընկերային գետնի...

ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՍԿՍԱ՞Ծ Է ԱՐԴԵՕՔ (ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ, ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԷՆՔԵՐՈՎ)

Տեղ մը կարդացած կամ տեղէ մը լսած եմ հետեւեալը. օր մը Այնշթայնին հարցուցած են, թէ ի՞նչ կը մտածէ, Երրորդ համաշխարհային պատերազմին ի՞նչ զէնքեր պիտի գործածուին: Գիտնականը պատասխանած է. «Երրորդին` չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ չորրորդին մարդիկ իրարու դէմ քարերով եւ փայտերով պիտի կռուին»: Նայեցէք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Թունուզի, Եգիպտոսի, անկէ առաջ Յունաստանի (ուր տակաւին կը շարունակուի), Իրլանտայի, Ֆրանսայի, Իսլանտայի,...

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արաբական աշխարհը արդէն մէկուկէս ամիս աննախադէպ ժողովրդական խռովութիւնների թատերաբեմ է: Ի տարբերութիւն արաբների, հայերը դեռ մի որոշ ժամանակ պէտք է սպասեն իրենց ներկան տնօրինելու համար: Եմենից մինչեւ Յորդանան, պաղեստինեան ինքնավարութիւնից մինչեւ Սուտան բողոքների աննախադէպ ալիք է բարձրացել ազատ ընտրութիւնների անցկացման, մարդու իրաւունքների յարգման եւ ընկերային արդարութեան պահանջներով: Հնօրեայ Կարթագենի երկիր Թունուզից սկսուելով` յեղափոխական յուզումները տարածուեցին, ճանապարհին տապալելով Թունուզի եւ Եգիպտոսի...

Page 53 of 53 1 … 52 53

Արխիւներ