Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-Ի. ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, ՈՐԴԵԳՐՈՒՄ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

February 3, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

18-րդ դարու աւարտին մտայղացուած Ֆրանսայի նշանաբանին բառերը` «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» կը յիշեցնեն վերոյիշեալ երեք բառերը` քրէականացում, որդեգրում եւ վաւերացում:

Լամարթինի, Շաթոպրիանի եւ Ռուսոյի նման գրագէտներ, փիլիսոփաներ եւ հանճարներ կրցած են ստեղծել ժողովուրդէն ծնած, տարածուած ու ապա գրանցուած այդ հռչակաւոր նշանաբանը:

Յունուար 23, 2012-ին ալ խումբ մը ծերակուտականներ ի վերջոյ մտայղացումը ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան գծով, այդ իւրայատուկ նշանաբանին հետքերով կատարել ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրումն ու վաւերացումը:

Որոշումին ետին կանգնող ներկայ օրերու թեր քուէարկած այդ 127 ծերակուտականները (ընդդէմ 86-ի)` հանճարները, համեմատած երեք դարեր առաջ ապրած այդ հանճարներուն, այդչափ ալ հռչակաւոր անձնաւորութիւններ չեն:

Հաւանաբար ապագան ցոյց կրնայ տալ թէ անոնցմէ քանի մը տիպարներ կրնան պատմութիւն կոչուած լայնատարած ու անծայրածիր ովկիանոսին մէջ անխախտելի գիծ մը… հետք մը ձգած ըլլալ:

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, դեկտեմբեր 2011-ի վերջին օրերուն, երբ նոյնինքն Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան քրէականացման այդ օրէնքը, բազմաթիւ դէտեր հաստատեցին, թէ կատարուածը խորամանկութիւն մըն էր նախագահ Սարքոզիի եւ իր ընտրական (յառաջիկայ նախագահական) մարմնին կողմէ եւ թէ քանի մը շաբաթ ետք, ծերակոյտի հաւաքին, կրնար պատկերը փոխուիլ եւ այսպէս թէ՛ հայերը եւ թէ՛ թուրքերը երախտապարտ պիտի ըլլային` հրամցուած կարկանդակէն մասնիկ մը համտեսելով:

Սակայն… Չէ՜, այդպէս չպատահեցաւ, եւ հարցը մանրամասնօրէն քննուեցաւ եւ քուէարկութիւնը ցոյց կու տայ, թէ շօշափելի տարբերութեամբ բանաձեւը վաւերացուեցաւ: Ծերակուտականները… ձախ թէ աջ, ընկերվարական թէ պահպանողական, կենսոլորտի բարեկամ թէ բնութեան կենսական պահանջներուն հանդէպ անտարբեր ժողովականներ, հարցը քննեցին ամենայն խորութեամբ եւ լրջութեամբ:

Անոնք ընդհանրացուցած էին Ցեղասպանութիւնը, որուն անդրանիկ փորձարկուողը եղած էինք մենք` հայորդիներս, եւ` ցայսօր, որովհետեւ արդարութեան ձայնը չէ հասած կը շարունակուի այլ ցամաքամասերու մէջ` այլ ազգութիւններ բնաջնջելով:

Ֆրանսացի ծերակուտականներու առանց բառերը ծամծմելու եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ ու յամառութեամբ շեշտեցին, թէ ո՛չ մէկ թշնամութիւն կը ցուցաբերուի Թուրքիոյ եւ թուրքերուն հանդէպ, այլ պարզ ու մեկին` ահաւոր ու զարհուրելի դէպք մըն է, որ պատահած էր 1915-ին եւ մնացած էր անպատիժ:

Ճերմակ ծուխը կը բարձրանա՜յ… կը մնայ նախագահ Սարքոզիի պաշտօնական ստորագրութիւնը:

Նախորդը

«ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆ ԿՈՂՄԷՆ ԵԿԱԾ ՀԱՅԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՄԸ ԸՐԻՆ»

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԶԱՐԹՕՆՔԸ». ՀԱՅ ԴԱՏԸ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ԻՐ ՃԻՇԴ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.