ԹՈՒՐՔԻԱ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐ ՈՒՆԻ
Էրտողանի կառավարութիւնը զայրոյթով կ՛եռեւեփի Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունած այն օրինագիծին պատճառով, որ խիստ պատիժ կը սահմանէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն հանդէպ: Յառաջիկայ ամիսներուն երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերը ի՛նչ ուղղութիւն ալ ստանան, մէկ բան յստակ է: Քաղաքական եւ ռազմական կապերը Թուրքիոյ կողմէ անորոշ ժամանակով այժմ առկախուած են: Տակաւին միջոց կայ հարցերու վատացումին համար, եթէ Ֆրանսայի ծերակոյտը վաւերացնէ Ցեղասպանութեան օրինագիծը: Ամէն պարագայի, այսօրուան...
