Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ` «ԻՆՉՔԵՐ»…

January 31, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դատարանին տուած որոշումէն սորվեցանք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր ո՛չ թէ գաղտնի կազմակերպութեան մը, այլ քանի մը ստահակներու կողմէ: Հրանդ հարիւր տոկոսով իրաւացի էր, երբ կ՛ըսէր. «Եթէ հարց տրուի, որ հայերուն լքած ինչքերը որո՞նց բաժնուեցան, կամ ինչեր եւ ովքեր ի՞նչ եղան, ասիկա շատ մեծ ցնցում պիտի յառաջացնէ, որովհետեւ երկրին պարտադրուած պատմութիւն մը փուլ պիտի գայ. «Եթէ այս պատմութիւնը մեզի սխալ ձեւով փոխանցուած է, ապա տարբեր բաներ ալ սխալ ձեւով փոխանցուած են» մտածումը պիտի տարածուի հանրութեան մօտ, եւ Թուրքիոյ մէջ հիմնական փոխակերպում մը տեղի պիտի ունենայ»:

(Չըլլա՛յ, որ զիս ալ սպաննէք):

Այո՛, այս մէկն ալ մեր երկրին «յայտնի, բայց չգիտցուած» իրականութիւններէն մէկն է: Շատեր խոզի պէս գիտեն, ո՛չ ոք գիտէ…

1915 թուականին, ինչպէս որ կ՛ուզէք անուանել, Անատոլուի մէջ «հայկական կոտորած» մը տեղի ունեցած է, եւ հարստութիւնը` «ձեռք փոխած»:

Երբ հարստութիւն կ՛ըսենք, այսօրուան պայմանները նկատի մի՛ ունենաք, բնականաբար. այդ օրուան հարստութիւնը հողեր, տուներ, խանութներ եւ դրամ էր… եթէ նոյնիսկ ճարտարարուեստ չէր, փոքր ապրանքներ արտադրելու կազմածներ, ատաղձագործի աշխատանոցներ, ժամագործութիւն, կարի պիտոյքներ եւ այլն էին: (Դաշնամուրները իրենց գործին չծառայելու պատճառով զանոնք այրած էին):

Ծանօթ պատմութիւն է` «ձեր մեծ հօր պարտէզէն գտած կարասը», որ լեցուն էր ոսկիով…

Այս ինչքերու վրայ ձեռք դնողները հետագային պիտի դառնային մեր անկախութեան պայքարին «մղիչ ուժը» հանդիսացող «երեւելիներու» դասակարգը:

Մուսթաֆա Քեմալ փաշան հետեւեալ ձեւով դիմած էր անոնց. «Էֆենտինե՛ր, պարտաւոր էք ինծի նեցուկ կանգնելու, որովհետեւ եթէ Դաշնակիցները այստեղերը հասնին եւ հաշիւ պահանջեն հայկական ինչքերուն մասին, բոլորդ «կոթը կ՛ուտէք» (թարգմանուած բառացիօրէն, Գ. Կ.):

Իսկապէս ալ, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին որդեգրած առաջին օրէնքներէն մին հետեւեալն էր` «Արտօնութիւն պիտի չտրուի Դաշնակից ուժերու պատկանող սպաներուն, որ տեղահանութեան վերաբերեալ քննութիւններ կատարեն Անատոլուի մէջ»…

Երեւելի դասակարգը, որպէսզի կարենար պաշտպանել իր գոյութիւնը, ձեռք երկարեց վարչամեքենային: Ակամայ այս գործակցութիւնը տեւեց 25 տարի, մինչեւ 1945: Այս թուականին, երեւելիներուն համար վարչամեքենան սկսած էր դառնալ խոչընդոտ մը (եւ իրենք ալ բաւարար չափով զօրացած էին առանձին ոտքի կենալու համար). «Բա՛ւ է այլեւս, խօսքը ժողովուրդին է» ըսին եւ հիմնեցին իրենց կուսակցութիւնը:

Այսօրուան վախին պատճառը այս հաշուեցուցակին 95 տարի անց մեր առջեւ դրուիլն է:

Հայեր դրամ պիտի պահանջեն, ա՛յս է վախին բուն պատճառը:

Հայրենիք, ազգ, ազատագրութեան պայքարի գրականութիւն` այս բոլորը ա՛յս մտահոգութեան պատեանն են:

Անունիս պէս վստահ եմ, որ եթէ աշխարհի հայ հաւաքականութիւնները կարենան յանձնառութիւն մը տալ, թէ` «հատուցում պիտի չպահանջեն», Թուրքիան կ՛ընդունի այս կոտորածը:

Չեմ գիտեր, որ երբեւիցէ կը տեսնե՞մ այդ օրը. չե՛մ ալ կարծեր:

Այս նիւթին շուրջ ասկէ աւելին պիտի չգրեմ, որովհետեւ ո՛չ թէ փողոցին մէջտեղը, այլ անկողինիս մէջ մեռնիլ կ՛ուզեմ:

Կը վախնա՞մ. այո՛, կը վախնամ: Ո՛չ թէ մահէն, այլ` «էշ նահատակ» երթալէն:

Իմ յուղարկաւորութեանս հարիւր հազար մարդ չի մասնակցիր: Ինքզինք իբր թէ ժողովրդավար համարող ո՛չ մէկ մտաւորական անպէտք արիւնիս տէր կը կանգնի, այդպէս կը լքէ գետինը:

ԷՆԿԻՆ ԱՐՏԸՉ

«Սապահ»
20/1/12

Հայացուց
Գ. Կ.

Նախորդը

ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻԱ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ. ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՈՂԱՐԿԵԼ ՈՒԺԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.