Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԶԱՐԹՕՆՔԸ». ՀԱՅ ԴԱՏԸ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ԻՐ ՃԻՇԴ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ

February 3, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Թուրքիոյ հայոց զարթօնքը»… Այսպէս խորագրուած էր ֆրանսական մեծ օրաթերթ «Լը Մոնտ»-ի 22 դեկտեմբեր 2011-ի համարին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը` ստորագրուած Կիյոմ Փերիէի կողմէ, թերթի մասնաւոր թղթակից, որ գտնուած է Տերսիմ:

Կիյոմ Փերիէ կը նկարագրէ գետ մը, ներկայ անուանումով` Մունզուր, որուն ջուրերը կը փշրուին ժայռերուն վրայ, յառաջացնելով փրփուրի հսկայ փունջեր: Այս խարակներուն վրայէն «այրեր եւ կիներ նետուած են գետին մէջ, – կը պատմէ աղ-պղպեղ պեխով վաթսունամեայ Էնվեր Տեւլեթլի: – Ոմանք իրենք կը նետուէին գետը` խուսափելու համար թուրք զինուորներէն, եւ այս վայրին մէջ գետը արիւնով կարմրած էր: Վանք գիւղի բնակիչները հոս ջարդուած են, 1915-ին»:

Քանի մը անգամ կարդացի Կիյոմ Փերիէի տողերը: Անհուն յուզում կար նկարագրութեան մէջ: Կը խօսի Տերսիմի շրջանի գետի «առասպելական ուժ»-ին մասին, «Թուրքիոյ արեւելքը, որ եղած է գերեզմանը Օսմանեան կայսրութեան հազարաւոր հայերուն, Ի. դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերուն»:

Կիյոմ Փերիէ պատմութենէն կ՛անցնի ներկային, որ շարունակուող Հայկական հարցն է, անլոյծ:

«Բարձունքներէն, Տերսիմ պզտիկ քաղաքը կը թուի ծուլանալ ձորի մը խորքը: Բլուրին վրայ կան քանի մը տուներ, նախկին հայկական թաղամասի վայրը, որ ցեղասպանութենէն ետք վերանուանուած է Քալան (մնացածը): Էնվեր Տեւլեթլի ցոյց կու տայ փոքրիկ գերեզմանատան մը մէջ շիրիմներու շարք մը` ցրուած խոտերու մէջ: «Հոն Պօղոսն է, մեծ հօրս եղբայրը…»:  Հայկական ծագումով Էնվեր Տեւլեթլի կը պատմէ, որ 1915-ի ջարդերէն ետք վերապրողները իսլամացուած են: Հօրեղբայր Աբրահամը դարձած է Իպրահիմ… Իր ինքնութեան արձանագրութեան պաշտօնաթուղթին վրայ, զոր կը հանէ թղթապանակէ մը, Էնվերը կը կոչուի Տեւլեթլի, որ թրքերէնով կը նշանակէ` պետական, ազգանուն մը, որ տրուած է ընտանիքին 1950-ական տարիներուն: Կրօն քառակուսիին մէջ գրուած է իսլամ բառը: Բայց քանի մը ամիսէ ի վեր Էնվեր ինքզինք կոչել կու տայ Ասատուր, հայերէն անուն մը»:

Յօդուածը կը շարունակուի: Ասատուր երբ Պոլիս երթայ, եկեղեցի կ՛երթայ: Իր տասը  եղբայրները եւ քոյրերը կը հետեւին իր օրինակին: Մարդիկ դատ բացած են իրեն դէմ, քանի որ «հայ եմ» կ՛ըսէ:

Լրագրողը կ՛ըսէ նաեւ, որ շրջանին մէջ, 1915-էն առաջ 157 հայկական աղօթավայրեր եղած են:

Ուրիշ մը` Մուսթաֆա, «կը պատկանի լռութեան սերունդին», բայց «որոշած է պայքարիլ վերստանալու համար իր նախնիին` Պետրոսին դաշտերը, որոնք պետութեան կողմէ բռնագրաւուած են: Գիւղին ծայրը գտնուող խնձորի պարտէզները լքուած են… 1915-էն ի վեր»: Լրագրողը կը մէջբերէ հայ Մուսթաֆան. «Մինչդեռ ամէն ոք գիտէ, որ այդ դաշտերը կը պատկանին Պետրոսի»…

Վկայութիւնները կը շարունակուին:

87 տարեկան Հիւսէյն զաւակն է Համբարձում Պոյաճեանի: «Մայրը` Շողակաթ, հրաշքով փրկուած է ջարդերէ, ուրիշ գիւղի մը մէջ»: Ան պատմած է. «Կիները եւ մանուկները կը շարէին զանոնք սպաննելու համար, յետոյ գործը կը վերջացնէին դանակով: Ինքզինք մեռած ձեւացուցած է, բայց ամբողջ կեանքի ընթացքին դանակի հետքեր կային թեւին եւ ուսին»:

«Հազուադէպ են այն ընտանիքները, ուր հայ մեծ մայր մը կամ հօրաքոյր-մօրաքոյր չըլլայ: Այր մարդիկ ջարդուած են»…

Այս լրագրողին յօդուածը ինքնին հատորներու կշիռ ունի, երբ Ցեղասպանութեան փաստ կը փնտռուի:

Այս վերայայտնուողները Հայկական հարցին այսօրուան եւ վաղուան հետապնդման իսկական պատուանդաններն են, անոնք են, որ միջազգային օրէնքին առջեւ անմիջականօրէն իրաւատէր են: Հայ պետութիւնը եւ սփիւռքը քարոզչականէն եւ բարոյական մխիթարութեան հանգրուանէն կրնան անցնիլ իսկական քաղաքական դաշտ, լռութեան գեհէնէն դուրս բերելով այս հայերը: Հայկական հարցի միջազգայնացման նոր հանգրուանը անոնցմով պիտի ըլլայ, քանի որ անոնք իսկական վկաներն են հողի տիրացման համար գործուած ցեղասպանութեան եւ անոր հունին մէջ տեղի ունեցած հայրենահանման:

Ինչ որ Հայ դատ կը կոչենք տասնամեակներէ ի վեր, այս վերայայտնուող հայերով կը դրուի իրաւունքի պահանջի ճիշդ ուղիին վրայ:

Անհրաժեշտ են մտածուած վերատեսութիւններ:

Հարցը մի՞թէ համահայկական խորհրդաժողով մը չ՛արժեր, այս անգամ` ազգային բովանդակալից եւ ապագայակերտ օրակարգով մը:

 

 

Նախորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-Ի. ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, ՈՐԴԵԳՐՈՒՄ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.