Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ

January 31, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական ծերակոյտին կողմէ պատժելիութեան օրինագիծի քննարկման հակազդեցութիւններու դիմաց հայկական կողմը, մտաւորական դասը պատասխանեց եւ, պէտք է ըսել, շատ յաճախ` դիպուկ եւ համոզիչ կերպով` մասնաւորապէս համացանցի եւ տպագիր մամուլի էջերուն մէջ, պատասխանի իրաւունք եւ վիճարկում բաժիններուն մէջ: Երեւոյթը ընդգծելի է այնքանով, որ նման ծանրակշիռ նիւթի դիմաց, որ ներգրաւեց ֆրանսական քաղաքական մտաւորական եւ տնտեսական դասը իր զանազան հոսանքներով, կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու որդեգրած դաստիարակչական մարտավարութիւնը օրինակելի էր: CCAF, Հայկական դիտարան եւ անկէ առաջ` Փաթրիք Տեւեճեան եւ Արա Թորանեան պատժելիութեան օրինագծին հակառակորդներուն բոլոր առարկութիւններուն հակադարձող տեղին պատասխաններ առաջադրեցին, որոնք կարեւոր են երկու առումով` մէկ կողմէն նիւթին զանազան նրբութիւններուն իրազեկ դարձնելու եւ երկրորդ` մասնակցելու ֆրանսական հասարակարգի այժմէական քաղաքական հրատապ նիւթերու վերլուծումներուն եւ վիճարկումներուն:

Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հայ դատը շատ յաճախ կը մնար նեղ հայկական շրջանակները հետաքրքրող թեմա: Սակայն այսօր, շնորհիւ նաեւ թրքական պետութեան զօրաւոր հակազդեցութեան, նիւթը ընդհանրական դարձաւ, միջազգայնացաւ ներգրաւելով` Ֆրանսան, Թուրքիան, Հայաստանը, Իսրայէլը, Եւրոպական Միութիւնը…

Ֆրանսայի մտաւորական դասուն մէջ յատկանշական է ծագումով հրեայ մտաւորականներու, խմբագիրներու եւ քաղաքական գործիչներու ներգրաւումը, շահագրգռուածութիւնը եւ ներդրումը: Անոնք են, որ կը գրաւեն գաղափարական դաշտը: Զարգացուցած են ցեղասպանութեան դատապարտման զանազան մարտավարութիւններ, գիտական ուսումնասիրական միջազգային հաստատութիւններ, գեղարուեստական գրականութիւն եւ այլ գործեր, քարոզչական մեքենայ: Անոնց մէջ կան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրինագիծի կողմնակիցներ ու հակառակորդներ: Ինչպէս որ ֆրանսական պետական քաղաքական դասու առաջնահերթ մտահոգութիւններէն է Իսրայէլի պետական շահերու եւ ապահովութեան երաշխաւորութիւնը, նոյնպէս եւ բնականաբար, հրեայ մտաւորական դասու հեռանկարները, վերլուծումները եւ դիրքորոշումները կը քննեն պատժելիութեան օրինագիծին ընդունման հետեւանքները Իսրայէլի անմիջական շահերուն նկատմամբ: Շատ յաճախ կը պայմանաւորուին այդ շահերով:

Այն օրէն, երբ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի  դիւանագիտական յարաբերութիւնները վատթարացան, Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձաւ սպառնալիք, միջոց` Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու, շեղելու զայն իր հակահրեայ դիրքորոշումներէն: Սակայն, անկասկած, Թուրքիոյ ազգային շահերը, տնտեսական շահերը արաբական եւ իսլամական աշխարհը վերգրաւելու եւ շրջանային ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու առումով, կը գերակշռեն Իսրայէլի հետ դաշինքէն քաղած անոր քաղաքական շահերուն:

Այս հաշիւներու լոյսին տակ է, որ կարելի է յստակ ընթերցում մը ունենալ Ֆրանսայի մէջ «Նուվել Օպսերվաթէօր»-ի խմբագիր Ժան Տանիէլի կամ Ալեքսանտր Ատլերի եւ այլոց ծայրայեղ թրքամէտ եւ ժխտողական դիրքորոշումները եւ ուրիշներու` օրինագիծին կողմնակցութիւնը:

Ամէն պարագայի, «Պատմութեան եւ կարծիքի ազատութեան» հոսանքի հետեւորդներուն գաղափարական պատնէշը պատժելիութեան օրինագիծին հակառակելու իր ուժականութիւնը կորսնցուց շնորհիւ հայ վերլուծաբաններու վիճարկումի մասնակցութեան, անոնց ներդրումին: Թէեւ կան տակաւին մտաւորականներ, որոնք այդ դրօշը կը ծածանեն, սակայն, այս թեզին դիմաց, ինչպէս վերը նշեցինք, հայկական կողմը ազդեցիկ ու համոզիչ առարկութիւններ առաջադրեց, որոնք տկարացուցին Փիեռ Նորայի կողմնակիցները, որոնք դեռ երկու ամիս առաջ ամէնէն ազդու մտաւորական ճակատը կը կազմէին: Սակայն անոնց ետին յայտնուեցաւ հակառակողներու ուրիշ ցանց մը, որուն անդամները ուղղակի կը ժխտեն թրքական պետութեան ցեղասպանական միտումը եւ այս գաղափարը ուղղակի կ՛առնչեն Իսրայէլի կողմէ Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ մշակելու անհրաժեշտութեան, անոնց անշրջանցելիութեան, անխուսափելիութեան: Թուրքիան շրջանի մէջ Իսրայէլի մահմետական միակ բարեկամ երկիրը համարելով, անոր կորուստով` արաբական աշխարհի կողմէ շրջապատուած Իսրայէլի համար գոյատեւումի դժուարին պայմաններ կը նախատեսեն:

Բնականաբար նախագահ Սարքոզի եւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը ոչ մէկ պարագայի կրնան զիջիլ Իսրայէլի շահերը պաշտպանող դիրքեր: Անոնք ունին նաեւ տեղական ընտրական հաշիւներ: Սակայն անոնց այդ հաշիւները չեն կրնար հակասել պետական գերակայ հաշիւներու: Ուրեմն, Թուրքիոյ հանդէպ Ֆրանսայի բռնած դիրքը կը բխի Ֆրանսայի միջազգային եւ շրջանային գերակայ շահերէն, որոնց մէջ անխուսափելի է այս օրերուս Իրանի եւ Սուրիոյ թղթածրարը, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են Իսրայէլի ապահովութեան երաշխաւորման:

Այս բոլորով հանդերձ, նորէն ալ պէտք է ըսել, որ նոյնիսկ ծերակոյտին կողմէ ընդունուելէն ետք, օրինագիծը կրնայ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ հարցադրումի ենթարկուիլ, ինչպէս կը զգուշացնէ Ռոպեր Պատենթեր, եւ որուն համար հայ սահմանադրագէտ իրաւաբաններ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանին:

Նախորդը

ԵՐԲ ՀԱՄԸՆԿՆՈՒՄ ԵՆ ՇԱՀԵՐԸ. ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐԻՆ ԿԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

Յաջորդը

ՓԱԹՐԻՔ ՏԵՒԵՃԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ՄԻԼԼԻՅԷԹ»-ԻՆ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.